Նախապէս Ծրագրեցէ՛ք
1 Եհովայի կազմակերպութիւնը աստուածպետական գործունէութիւններու կանոնաւոր յայտագիր մը կը հայթայթէ, որոնք ծրագրուած են մեր հոգեւոր կարիքները գոհացնելու համար։ Գնահատութիւնը մեզ կը մղէ որ լիովին օգտուինք այս բոլոր կարգադրութիւններէն, որոնք են՝ ճամբորդող տեսուչներու այցելութիւնները, համաժողովները եւ մասնայատուկ ուրիշ գործունէութիւններ, որոնք տեղւոյն կարիքին համար կը ծրագրուին։ (Մատթ. 5։3, ՆԱ) Սակայն, ոմանք հոգեւոր այս բազմաթիւ հայթայթումներէն չեն օգտուիր, քանի որ ուրիշ ծրագիրներ ըրած կ’ըլլան։ Ասոր առաջքը առնելու համար ի՞նչ կրնանք ընել։ Ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ որ աստուածպետական չեղող գործունէութիւններ չեն խճողեր «աւելի կարեւոր բաները»։—Փիլ. 1։10, ՆԱ։
2 Իմաստութեամբ Ծրագրելը Կենսական Է. Առակաց 21։5–ը կը յորդորէ. «Աշխատասէր մարդուն ծրագիրները իրաւամբ առատութիւն կը բերեն, բայց ամէն արտորացող՝ միայն կարօտութիւն կը բերէ»։ Հոգեւոր «առատութիւն» ձեռք ձգելու համար, պէտք է կանխաւ ծրագրելու մէջ ջանադիր ըլլանք, ի մտի ունենալով յայտագրուած աստուածպետական գործունէութիւնները։ Մեր անհատական գործունէութիւնները պէտք է ծրագրենք այնպիսի ժամու մը որ անոնք արգելք չհանդիսանան հոգեւոր օրհնութիւններ քաղելու համար պատրաստ ըլլալու։ Եթէ հապճեպով ծրագրենք այն բաները որոնք մենք անհատապէս կը փափաքինք ընել, առանց հաշուի առնելու մօտալուտ աստուածպետական գործունէութիւնները, շատ հաւանական է որ հոգեւոր ‘կարօտութենէ’ տառապինք։
3 Մի՛ Բացակայիք. Բոլորս ալ ապագայի համար ծրագիրներ կ’ընենք, արձակուրդներու, առեւտրական ճամբորդութիւններու, ազգականներու այցելութեան երթալու, ու նման բաներու համար։ Խօսք տալէ կամ վերջնականապէս ծրագրելէ առաջ, գալիք հոգեւոր գործունէութիւններու յայտագիրը աչքէ անցուցէք։ Եթէ տեսնէք թէ ձեր բացակայելիք ժամանակաշրջանին շրջանային տեսուչը պիտի գայ, կամ համաժողով մը ծրագրուած է, անկեղծօրէն ջանացէք ձեր ծրագիրները վերաճշդել, որպէսզի կարենաք անոնց մասնակցիլ։ Գալիք կարեւոր առիթներու շուրջ, բաւական առաջուընէ տեղեակ կ’ըլլանք։ Ձեր ժողովքին երէցները կրնան ձեզի ըսել ձեր ժողովքին համար եղած ծրագիրները։
4 Նախատեսող ըլլալով եւ աւելի կարեւոր բաները նախապէս ծրագրելով, «արդարութեան պտուղներով լեցուած [պիտի ըլլանք] . . . Աստուծոյ փառքին ու գովեստին համար»։—Փիլ. 1։11