Ժամանակդ իմաստութեա՛մբ գործածէ
1 Եհովան հաճեցնելու փափաքը մեզ կը մղէ որ մեր կեանքը կեդրոնացնենք հոգեւոր գործունէութիւններու վրայ։ Իր Խօսքը մեզի կը պատուիրէ որ շարունակենք ‘առաջ խնդրել թագաւորութիւնը’ եւ ‘աւելի կարեւոր բաները ընտրենք’։ (Մատթ. 6։33. Փիլ. 1։10, ՆԱ) Ի՞նչպէս կրնանք ժամանակը ծախու առնել Թագաւորութեան շահերուն համար եւ նուազ կարեւոր գործունէութիւնները երկրորդական տեղը պահել։—Եփ. 5։15-17
2 Թագաւորութեան գործունէութիւնները առաջի՛ն տեղը դիր. Ժամանակդ յայտագրէ, որպէսզի անհրաժեշտ չեղող բաները զայն չվատնեն։ Ոմանք ամսուան սկիզբը իրենց օրացոյցին վրայ որոշ ժամանակներ կը նշեն դաշտի ծառայութեան համար։ Ապա զգոյշ կ’ըլլան որ ուրիշ բաներ այդ ծրագիրները չխանգարեն։ Նոյն կերպով կարելի է ժամանակը ծախու առնել ժողովներուն, անձնական ուսումնասիրութեան եւ համաժողովներուն համար։ Շատեր օրական յայտագիր մը ըրած են, որ Աստուածաշունչի ընթերցանութեամբ կը սկսի կամ կ’աւարտի։ Իւրաքանչիւր կարեւոր գործունէութեան համար որոշ ժամանակ տրամադրէ, եւ թոյլ մի՛ տար որ այլ բաներ անհարկիօրէն խոչընդոտ հանդիսանան։—Ժող. 3։1. Ա. Կորն. 14։40
3 Աշխարհի գործածութիւնը սահմանափակէ՛. Կարգ մը երկիրներու մէջ, մարզանքը, ժամանցը, զբօսանքը, նախասիրութիւնները եւ այլ զբաղումներ դիւրամատչելի են։ Շատեր շատ ժամանակ կը վատնեն՝ հեռատեսիլ դիտելով կամ համակարգիչ գործածելով։ Սակայն աշխարհի հրամցուցած զբօսանքով եւ նորանոր սարքերով չափազանց զբաղած ըլլալը, անխուսափելիօրէն յուսախաբութեան պիտի առաջնորդէ։ (Ա. Յովհ. 2։15-17) Ուստի Սուրբ Գրութիւնները մեզ կը յորդորեն որ աշխարհը լիովին չգործածենք։ (Ա. Կորն. 7։31) Այս իմաստուն խրատին հետեւելով, կրնաս Եհովայի ցոյց տալ թէ իր պաշտամունքը կեանքիդ մէջ առաջին տեղը կը գրաւէ։—Մատթ. 6։19-21
4 Ներկայ դրութեան ժամանակը վերջանալու վրայ է։ Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնողները երջանիկ պիտի ըլլան եւ Աստուծոյ հաճութիւնը պիտի վայելեն։ (Առ. 8։32-35. Յակ. 1։25) Հետեւաբար մեր թանկագին ժամանակը իմաստութեամբ գործածենք։