Միայն Դրսերեւո՞յթը կը Տեսնէք
1 Մինչ մեր հանրային ծառայութեան կը մասնակցինք, կարգ մը անհատներու նկատմամբ մեր առաջին տպաւորութիւնը կրնայ պատճառ ըլլալ որ վարանինք անոնց բարի լուրը տալու։ Զոր օրինակ, ի՞նչպէս պիտի հակազդէիք եթէ խոժոռ դէմքով մարդ մը կասկածանքով ձեզի նայէր, ամէն անգամ որ ճշմարտութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն ցուցաբերող իր դրացիին այցելէիք։ Ռահվիրայ քոյր մը որ այսպիսի փորձառութիւն մը ունեցաւ, որոշեց այս մարդուն մօտենալ ու իրեն հետ խօսիլ։ Մարդը կոշտութեամբ բարեւը փոխադարձեց։ Սակայն, զարմանալիօրէն ան Աստուածաշունչի պատգամին ականջ տուաւ եւ որոշ խանդավառութեամբ համաձայնեցաւ ուսումնասիրել։ Քանի որ քոյրը դրսերեւոյթին նայելով չդատեց, ասիկա պատեհութեան դուռ բացաւ որ այս մարդը եւ իր կինը ճշմարտութիւնը սորվին։
2 Ուրիշ քոյր մը, որ սկիզբը վախցած էր երկար մազերով երիտասարդի մը դրսերեւոյթէն, յարատեւեց անոր հակիրճօրէն վկայել, ամէն անգամ որ ան այս քրոջ աշխատած խանութը գար։ Քրոջ ջանքերը արդիւնաբեր եղան, եւ այս երիտասարդը ներկայիս մկրտուած Վկայ մըն է։ Ի՞նչ բան արգելք պիտի հանդիսանայ որ հապճեպով չեզրակացնենք որ այսպիսի անհատներ պիտի չընդառաջեն ճշմարտութեան։
3 Յիսուսի Օրինակին Հետեւինք. Յիսուս գիտէր որ իր կեանքը բոլորին համար պիտի տար։ Ուստի, ուրիշներու դրսերեւոյթը զինք ետ չպահեց։ Ան գիտակցեցաւ թէ նոյնիսկ վատահամբաւ անհատներ թերեւս յօժարակամ ըլլային փոխուելու, եթէ անոնց հարկ եղած օգնութիւնը եւ պատշաճ դրդապատճառը տրուէր։ (Մատթ. 9։9-13) Ան փորձեց թէ՛ հարուստներուն եւ թէ աղքատներուն հաւասարապէս օգնել։ (Մատթ. 11։5. Մար. 10։17-22) Թող որ ծառայութեան մէջ մեզի հանդիպած անհատները իրենց դրսերեւոյթէն չդատենք, կուրօրէն անտեսելով անոնց սրտի լաւ վիճակը։ (Մատթ. 7։1. Յովհ. 7։24) Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել Յիսուսի ուշագրաւ օրինակին հետեւելու։
4 Աստուածաշունչի մեր ուսումնասիրութեան ընդմէջէն, սորված ենք որ Աստուծոյ Խօսքը զօրութիւն ունի անհատի մը մտածելակերպը, վարքը եւ անձնաւորութիւնը փոխելու։ (Եփ. 4։22-24. Եբր. 4։12) Հետեւաբար, դրական տեսակէտ մը պէտք է պահենք եւ մնացածը Եհովայի՝ մարդոց սրտերը կարդացողին՝ ձեռքերուն մէջ ձգենք։—Ա. Թագ. 16։7. Գործք 10։34, 35
5 Կը մաղթենք որ բարի լուրը՝ առանց դրսերեւոյթին նայելու ամէն տեսակի մարդոց անաչառօրէն տալը, այս վերջին օրերուն մէջ տեղի ունեցող հունձքի մեծ գործին նպաստէ։—Ա. Տիմ. 2։3, 4