Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 10/99 էջ 7
  • Պիտի Փոխադրուի՞ք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Պիտի Փոխադրուի՞ք
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ինչպէ՞ս կրնաս նոր ժողովքի մը վարժուիլ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
  • Թող ժողովքը շինուի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
  • Թող ժողովքը Եհովան փառաբանէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
  • Ինչպէ՞ս կրնաս վարժուիլ նոր ժողովքիդ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
թծ 10/99 էջ 7

Պիտի Փոխադրուի՞ք

Երբ վերոյիշեալ հարցումին պատասխանը դրական է, շատ բաներ կան զորս դուք եւ ուրիշներ նախաձեռնութիւնը պէտք է առնէք ընելու համար։ Վարը ուրուագծուած հիմնական քայլերուն հետեւելով, շուտով ձեր նոր ժողովքին մէջ պիտի հաստատուիք։

(1) Անգամ մը որ գիտնաք թէ ո՛ւր պիտի փոխադրուիք, ձեր ներկայ ժողովքին քարտուղարը թերեւս կարենայ ձեր նոր ժողովքին Թագաւորութեան Սրահին հասցէն ձեռք ձգել։ Երբ այդ շրջանը հասնիք, անմիջապէս սրահին վայրը գտէք եւ ժողովքին ժողովներուն ժամերը իմացէք։ Եթէ Թագաւորութեան Սրահը մէկէ աւելի ժողովքներ կը գործածեն, երէցներուն հարցուցէք թէ դուք ո՞ր ժողովքին թաղամասին մէջ կ’իյնաք։ Առանց տնտնալու ժողովներուն ներկայ գտնուեցէք եւ տեղական երէցներուն հետ ծանօթացէք։

(2) Ներկայ ժողովքին ու նոր ժողովքին քարտուղարները պիտի համագործակցին, որպէսզի ձեր ու ձեր ընտանիքին Ժողովքի Հրատարակիչի Արձանագրութեան քարտերը փոխանցեն։ Նոր ժողովքի երէցներուն ձեզ ծանօթացնող նամակ մըն ալ պիտի ղրկուի։ (Տես՝ Փետրուար 1991–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին Հարցումի Տուփը։) Այնտեղի Ժողովքի Ծառայութեան Յանձնախումբը գրքի ուսումնասիրութեան վարիչը տեղեակ պիտի պահէ ձեր ժամանումին նկատմամբ, որպէսզի ան ալ իր կարգին կարենայ ձեզի հետ կապի մէջ մտնել եւ օգնել որ գրքի ուսումնասիրութեան ձեր նոր խումբին վայրը գիտնաք։—Հռովմ. 15։7

(3) Ձեր նոր ժողովքին բոլոր հրատարակիչներն ալ իրենց հաճելի մասնակցութիւնը կը բերեն, որ է ձեզի հետ ծանօթանալ ու զգացնել որ բարի եկած էք։ (Համեմատել՝ Գ. Յովհաննու 8) Անշուշտ, ասիկա կը նշանակէ որ ժողովներուն ներկայ պէտք է ըլլաք, որպէսզի կարենաք եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ փոխադարձաբար քաջալերուիլ եւ կերտուիլ։

(4) Պէտք չէ սպասէք որ փոխադրութեան վերաբերեալ բոլոր հարցերը լրանան ու ե՛տքը դաշտի ծառայութեան մասնակցիք ձեր նոր ժողովքին հետ։ Երբ Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնէք, ուրիշ հարցերուն հոգ պիտի տարուի եւ ձեր նոր շրջապատին մէջ շատ հանգիստ պիտի զգաք։ (Մատթ. 6։33) Երբ ձեր նոր տան մէջ հաստատուիք, հաւանաբար փափաքիք ժողովքի անդամներէն ոմանք հրաւիրել որ ձեզի այցելեն եւ ձեզի հետ աւելի մօտէն ծանօթանան։—Հռովմ. 12։13բ։

Փոխադրուիլը մեծ ծրագիր մըն է։ Սակայն, երբ իւրաքանչիւր անհատ յանձնարարուած բաները կատարէ, հոգեւորապէս պիտի չտուժէ։ Բոլորն ալ լաւ կերպով պիտի տպաւորուին մեր քրիստոնէական սիրալիր եղբայրակցութենէն։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել