Տեսէ՛ք Աստուածաշունչին Զօրութիւնը
Ի՞նչպէս։ Աստուածաշունչի Զօրութիւնը Ձեր Կեանքին Մէջ պատկերիզը դիտելով։ Անիկա Աստուածաշունչը՝ Իրողութեան ու Մարգարէութեան Գիրք մը խորագրով պատկերիզներու շարքին երրորդ հատորն է։
Կը փափաքի՞ք յաջող ամուսնութիւն մը ունենալ։ Դժուար կացութիւններէն դուրս ելլելու համար օգնութեան կարիքը ունի՞ք։ Դեռատիներ ի՞նչպէս կրնան մեծնալ ու պատասխանատու չափահասներ դառնալ։ Այս պատկերիզը ցոյց կու տայ որ Աստուածաշունչը կրնայ օգնել։ Մտիկ ըրէք անհատներու, որոնք կը պատմեն թէ Աստուածաշունչը ի՛նչպէս զօրութիւն բանեցուցած է իրենց կեանքին վրայ, որպէսզի լաւը ընեն։ Մտիկ ըրէք անոնց, մինչ կը բացատրեն թէ անոր սկզբունքները ի՛նչպէս օգնած են իրենց, որ արդի կեանքի խնդիրները լուծեն։
Այս պատկերիզը արժէքաւոր գործիք մըն է, անիկա նոր հետաքրքրուած անհատներուն կ’օգնէ որ Աստուծոյ Խօսքը իրենց կեանքին մէջ որպէս ուղեցոյց գործածելուն օգուտները տեսնեն։ Ընկերութիւնը որոշ քանակութեամբ ունի Աստուածաշունչի Զօրութիւնը Ձեր Կեանքին Մէջ պատկերիզէն։ Կրնաք ժողովքի գրականութեան ծառային միջոցաւ օրինակ մը ապսպրել։