Աստուածաշունչի զօրութիւնը ձեր կեանքին մէջ
Աստուածաշունչը միլիոնաւորներու օգնած է, որ իրենց կեանքը բարելաւեն։ Ի՞նչ են Աստուածաշունչի կարգ մը սկզբունքները, որոնք եթէ կիրարկուին, կրնան մեզի օգնել այժմու խնդիրներուն հետ գլուխ ելլելու։ Անկասկած այս հարցումին պատասխանը գտնելը քեզ պիտի ուրախացնէ, նկատի առնելով Աստուածաշունչը. իրողութեան ու մարգարէութեան գիրք մը խորագրով DVD–ին բովանդակած երեք ներկայացումներուն երկրորդը, որուն վերնագիրն է՝ Աստուածաշունչի զօրութիւնը ձեր կեանքին մէջ։ Այս տեսաերիզը դիտելէ ետք, կրնա՞ս հետեւեալ հարցումներուն պատասխանել։
1) Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս գրական գլուխ–գործոց մը ըլլալէ աւելին է (Եբ. 4։12)։ 2) Եթէ Աստուածաշունչը կրնայ մարդոց օգնել իրենց կեանքը բարելաւելու, ինչո՞ւ մարդկութիւնը բազմաթիւ խնդիրներէ կը տառապի։ 3) Աստուածաշունչին գլխաւոր բնաբանը ի՞նչ է։ 4) Աստուածաշունչի ո՞ր համարները մէջբերուած էին, ամոլներուն օգնելու որ ա) իրենց հաղորդակցութիւնը բարելաւեն, եւ բ) իրենց բարկութիւնը զսպեն։ 5) Ամուսնութեան շուրջ քրիստոնէական տեսակէտը ինչպէ՞ս ընտանեկան կեանքը կը բարելաւէ (Եփ. 5։28, 29)։ 6) Եհովա ինչպէ՞ս կատարեալ օրինակ հանդիսացած է ծնողներուն (Մար. 1։9-11)։ 7) Ծնողներ ինչպէ՞ս կրնան ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը հետաքրքրական դարձնել։ 8) Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան կողքին, Աստուծոյ Խօսքը ծնողները կը մղէ, որ ուրիշ ի՞նչ բան հայթայթեն իրենց զաւակներուն։ 9) Աստուածաշունչի խրատները ինչպէ՞ս կ’օգնեն ընտանիքներու, որ տնտեսական գետնի վրայ չձախողին։ 10) Մաքրութեան, թմրեցուցիչի եւ ալքոլի չափազանց գործածութեան ու ճնշուածութեան վերաբերեալ ո՞ր աստուածաշնչական սկզբունքները, երբ կիրարկուին, պիտի օգնեն առողջապահական խնդիրները նուազեցնելու։ 11) Աստուածաշունչի ո՞ր խոստումները կրնան մեզ կազդուրել (Յոբ 33։25. Սաղ. 145։16)։ 12) Աստուծոյ Խօսքին ուսուցումները ինչպէ՞ս կեանքիդ մէջ փոփոխութիւն մտցուցած են։ 13) Ինչպէ՞ս կրնաս այս տեսաերիզը գործածել ուրիշներուն օգնելու։