Ասիկա Նախապէս Լսած Չե՞նք
1 Անշո՛ւշտ լսած ենք։ Եհովա իր ժողովուրդին օգտին համար շատ բաներ կը կրկնէ իր Խօսքին մէջ։ Յիսուս Թագաւորութեան զանազան երեսակներուն մասին իր ուսուցումները յաճախ կը կրկնէր։ Իր առաքեալները շարունակաբար հոգեւոր նիւթեր վերաքաղ կ’ընէին, ճշմարտութեան մէջ ամրօրէն հաստատուած անհատներու հետ։—Հռովմ. 15։15. Բ. Պետ. 1։12, 13. 3։1, 2
2 Մեր օրերուն, Եհովայի կազմակերպութիւնը կարգադրութիւն ըրած է որ կարեւոր նիւթեր յաճախ կրկնուին ժողովքային հանդիպումներուն։ Կարգ մը գրականութիւններ կրկին սերտուած են։ Այո՛, նախապէս մեր լսած բաները դարձեալ լսելը կարեւոր է։
3 Կրկնութիւնը Կենսական Կարիք մը կը Լեցնէ. Եհովայի վերյիշեցումները մեր հասկացողութիւնը կը խորացնեն, մեր հայեցակէտը կ’ընդլայնեն, եւ հոգեւորապէս շիտակ ընթացքի մէջ մնալու մեր վճռակամութիւնը կը զօրացնեն։ (Սաղմ. 119։129) Աստուծոյ չափանիշները եւ սկզբունքները վերաքաղ ընելը հայելիին նայելու կը նմանի։ Անիկա կ’օգնէ որ մենք մեզ զննենք ու ‘լսող եւ մոռցող’ անհատ մը ըլլալու հակումին արգելք կ’ըլլայ։—Յակ. 1։22-25
4 Եթէ ճշմարտութիւնը շարունակ մենք մեզի չյիշեցնենք, ուրիշ բաներ մեր սրտին պիտի ազդեն։ Աստուծոյ վերյիշեցումները մեզ կը զօրացնեն որ Սատանայի աշխարհի ապականիչ ազդեցութիւններուն դէմ դնենք։ (Սաղմ. 119։2, 3, 99, 133. Փիլ. 3։1) Աստուծոյ նպատակներուն կատարման նկատմամբ մեր ստացած կանոնաւոր վերյիշեցումները «շարունակ արթուն մնալու» կը մղեն մեզ։ (Մար. 13։32-37, ՆԱ) Սուրբ գրային ճշմարտութիւններու կրկնութիւնը մեզի կ’օգնէ, որ յաւիտենական կեանքի ճամբուն մէջ մնանք։—Սաղմ. 119։144
5 Ի՛նչպէս Անձնապէս Օգտուիլ. Պէտք է ‘մեր սիրտը Աստուծոյ վկայութիւններուն յօժարեցնենք’։ (Սաղմ. 119։36) Երբ ժողովքային հանդիպումի մը մէջ ծանօթ նիւթ մը նկատի պիտի առնուի, պէտք է նախապատրաստուինք, յիշուած համարները բանանք, եւ մտածենք թէ այդ տեղեկութիւնը ի՛նչպէս կրնանք կիրարկել։ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի գրաւոր վերաքաղի պատրաստութիւնը զանց չընենք, խորհելով թէ կարիք չկայ։ (Ղուկ. 8։18) Երբեք պիտի չուզէինք անուշադիր ըլլալ, պարզապէս անոր համար որ մեր ժողովներուն մէջ հիմնական ճշմարտութիւնները յաճախ կը կրկնուին։—Եբր. 5։11
6 Թող որ սաղմոսերգուին կեցուածքը բաժնենք, որ ըսաւ. «Քու վկայութիւններուդ ճամբովը ուրախացայ, որպէս թէ ամէն կերպ հարստութիւնով»։ (Սաղմ. 119։14) Այո, այս արժէքաւոր բաները նախապէս լսած էինք, եւ հաւանաբար կրկին պիտի լսենք, քանի որ Եհովա գիտէ թէ մենք զանոնք լսելու կարիքը ունինք։