2000–ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոց
1 Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցը Եհովայի ժողովուրդին համար ճոխ օրհնութիւն մը եղած է։ Վերջին 50 տարիներու ընթացքին, անիկա միլիոնաւորներու օգնած է որ իրենց հմտութիւնները զարգացնեն, որպէս հանրային դասախօսներ ու Աստուածաշունչի ճշմարտութեանց ուսուցիչներ։ (Սաղմ. 145։10-12. Մատթ. 28։19, 20) Կրնա՞ք տեսնել թէ դպրոցը ի՛նչպէս օգնած է ձեզի։ Անիկա տակաւին կրնայ օգնել ձեզի 2000–ի ընթացքին, ե՛թէ անոր մէջ լիարժէք մասնակցութիւն բերէք ու տրուած խրատները կիրարկէք։
2 Նշանակումներու մասին հրահանգները եւ գործածուելիք գրականութիւնները նշուած են՝ 2000–ի դպրոցի յայտագրի առաջին էջին վրայ։ Իւրաքանչիւր բաժինին համար նկատի առնուած են՝ որոշուած ժամանակը, նիւթին աղբիւրը, նիւթին ներկայացուելիք կերպը եւ ուրիշ մանրամասնութիւններ։ Հաճեցէք ժամանակ տրամադրել, հրահանգները ուշադրութեամբ կարդալու եւ զանոնք գործադրելու համար։
3 Աստուածաշունչի Շաբաթական Ընթերցանութիւն. Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցանութեան համար երկու տարբեր յայտագիրներ կան, որոնք դպրոցի յայտագրին մէջ յիշուած են։ Առաջինը, ընթերցանութեան սովորական յայտագիրն է, որ Աստուածաշունչէն մօտաւորապէս հինգ էջ կը ծածկէ։ Աստուածաշունչի աչքառու կէտերը այս ընթերցանութեան վրայ հիմնուած են։ Ընթերցանութեան միւս յայտագիրը յաւելեալ յայտագիր մըն է եւ առաջինէն երկու անգամ աւելի երկար է։ Այս յայտագրին հետեւելով, պիտի կարենաք երեք տարիէն Աստուածաշունչը ամբողջութեամբ կարդալ։ Հասկնալի է որ ոմանք թերեւս յաւելեալ յայտագրին նշածէն աւելին փափաքին կարդալ, իսկ ուրիշներ անոր հետ չկարենան քայլ պահել։ Փոխանակ դուք ձեզ ուրիշներու հետ բաղդատելու, ձեր իրագործումով ուրախացէք։ (Գաղ. 6։4) Կարեւորը Աստուծոյ Խօսքը ամէն օր կարդալն է։—Սաղմ. 1։1-3
4 Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ արձանագրուելու համար, դպրոցի տեսուչին հետ պէտք է խօսիք։ Հաճեցէք ձեր նշանակումները լուրջի առնել եւ զանոնք անհարկիօրէն չեղեալ չնկատել։ Դպրոցը գնահատեցէք որպէս Եհովայի մէկ կարգադրութիւնը։ Լաւ պատրաստուեցէք, նշանակուած նիւթին լիովին քաջածանօթ եղէք եւ սրտանց արտայայտուեցէք. այս կերպով, այս անզուգական դպրոցէն լիովին պիտի օգտուիք։