Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 1/00 էջ 1
  • Դո՛ւք Հոն Պիտի Ըլլա՞ք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Դո՛ւք Հոն Պիտի Ըլլա՞ք
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Եհովայի Վկաներու՝ «Ազատումը մօտ է» բնաբանով 2006–ի նահանգային համաժողով
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
  • 1998–ի «Աստուծոյ Ընդունելի Ապրելակերպը» Բնաբանով Նահանգային եւ Միջազգային Համաժողովներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
  • Ներկայ Պիտի Ըլլա՞ք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
  • Սրբազան Բաները կը Գնահատէ՞ք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
թծ 1/00 էջ 1

Դո՛ւք Հոն Պիտի Ըլլա՞ք

1 Երկար տարիներէ Վկայ եղող եղբայր մը անգամ մը ըսաւ. «Եթէ համաժողովի առաջին օրը ներկայ չգտնուիք, շա՜տ բան կորսնցուցած կ’ըլլաք»։ Ան ինչո՞ւ այդպէս խորհեցաւ։ Քանի որ առաջին օրը, Եհովայի կազմակերպութեան մեզի համար պատրաստած հոգեւոր ճոխ խնճոյքին սկիզբն է։ (Եսայ. 25։6) Սկիզբէն մեր հոն ներկայ գտնուիլը ցոյց կու տայ թէ սաղմոսերգուին զգացումները կը բաժնենք. «Կ’ուրախանայի երբ ինծի կ’ըսէին. ‘Տէրոջը տունը երթանք’»։—Սաղմ. 122։1

2 Սակայն անցեալ տարի, «Աստուծոյ Մարգարէական Խօսքը» Նահանգային Համաժողովներէն ոմանց ընթացքին, Ուրբաթ օրուան ներկաներու թիւը, Շաբաթ ու Կիրակի օրերուն հետ բաղդատած՝ յատկանշականօրէն նուազ էր։ Ասիկա կը նշանակէ թէ մեր եղբայրներէն մեծ խումբ մը համաժողովէն մասեր կորսնցուց, որոնք մարգարէական խօսքին մասին կենսական տեղեկութիւններ ներկայացուցին։ Անոնք նաեւ հաւատակիցներու հաճելի ընկերակցութիւնը կորսնցուցին։

3 Թոյլ Մի՛ Տաք որ Աշխարհիկ Գործը Միջամտէ. Ոմանք Ուրբաթ օր ներկայ չգտնուեցան, թերեւս մտահոգուելով որ իրենց գործը կը վտանգեն։ Սակայն, Վկաներէն շատեր անդրադարձած են որ իրենց գործատէրերը պատրաստ են իրենց հետ այս հարցին նկատմամբ համագործակցելու, եթէ բաւական առաջուընէ արձակուրդ խնդրեն։ Գործատէր մը ա՛յնքան տպաւորուեցաւ բոլոր ժողովներուն եւ համաժողովներուն ներկայ գտնուելու ռահվիրայ քրոջ մը հաստատ վճռակամութենէն, որ ամբողջ օր մը անոր հետ համաժողովի ներկայ եղաւ։

4 Պէտք չէ եզրակացնէք որ ձեր գործատէրը ձեզի արձակուրդ տալու տրամադրուած չէ, ո՛չ ալ խորհեցէք թէ համաժողովէն մէկ օր բացակայիլը խնդիր մը չէ։ Խոր համոզումով, պատրաստութիւն տեսէք ձեր գործատիրոջ փափկանկատութեամբ ցոյց տալու Սուրբ Գրութիւններէն, թէ համաժողովի ներկայ գտնուիլը ինչո՛ւ մեր պաշտամունքին կարեւոր մէկ երեսակն է։ (Եբր. 10։24, 25) Ապա ձեր լման վստահութիւնը Եհովայի խոստումներուն վրայ դրէք, գիտնալով որ ձեր նիւթական կարիքներուն գոհացում պիտի տրուի, եթէ հոգեւոր կարիքները ձեր կեանքին մէջ առաջնակարգ տեղը պահէք։—Մատթ. 6։33. Եբր. 13։5, 6

5 Բանալի ազդակը՝ «աւելի կարեւոր բաները» գնահատելն է։ (Փիլ. 1։10, 11, ՆԱ. Սաղմ. 27։4) Ասիկա կը մղէ մեզ որ ծրագիրներ ընենք, Եհովայի հայթայթած այս կենսական կարգադրութենէն լիովին օգտուելու համար։ Հիմա իսկ սկսեցէք հաստատ ծրագիրներ ընել եւ վճռեցէք որ երեք օրերուն ալ հոն ներկայ պիտի ըլլա՛ք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել