Աստուած Փառաբանող Ընտիր Վարք մը Պահպանեցէք
1 Ուր որ ալ ըլլանք, մեր վարքը, հագուելակերպը, եւ յարդարանքը մեր եւ մեր պաշտած Աստուծոյն մասին վկայութիւն կու տան։ Ասիկա մանաւանդ աչքառու կը դառնայ Աստուծոյ ժողովուրդի հսկայ հաւաքոյթներուն ընթացքին, ուր բազմաթիւ անհատներ մեզ կը դիտեն։ Երբ օրինակելի ենք, Եհովայի անունը կը փառաբանուի։ (Ա. Պետ. 2։12) Սակայն, քանի մը հոգիներու անպատշաճ վարուելակերպը կամ անմիտ արարքները Աստուծոյ անուան եւ իր ժողովուրդին վրայ կրնան նախատինք բերել։ (Ժող. 9։18բ) Երբ ի մտի ունենանք, որ օտարները մեր վարքով կրնան մեր կազմակերպութիւնը եւ մեր պաշտած Աստուածը դատել, այդ պարագային շատ աւելի ուշադիր կ’ըլլանք որ ‘ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ընենք’։—Ա. Կորն. 10։31
2 Օրինակելի Վարք՝ Պանդոկներու Մէջ. Ընդհանրապէս, պանդոկի անձնակազմը շատ կը տպաւորուի Եհովայի Վկաներու կարգապահութեամբ, բարի վարքով եւ մաքրութեամբ։ Երբ իր պանդոկին մէջ իջեւանած Վկայ ընտանիքներու մասին կը խօսէր, տնօրէն մը ըսաւ. «Եհովայի Վկաներու երախաներուն նման երախաներ տեսած չե՛մ։ Անոնք տիկիններու ու պարոններու նման հագուած են. քաղաքավար եւ բարեկիրթ են, եւ լաւ նիստուկաց ունին. եւ որեւէ խնդիր չեն պատճառած։ Իրապէս ձեր երախաներուն համար գովասանքի արժանի էք։ Ձեր երախաներով ուրախ եղանք»։ Այսպիսի ակնարկումներ շատ անգամ եղած են, քանի որ մեզի հետ գործ ունեցողները նկատած են Եհովայի ժողովուրդին մէջ գոյութիւն ունեցող սէրն ու յարգանքը։
3 Միւս կողմէ, կարգ մը պանդոկներու անձնակազմին կողմէ եղած դիտողութիւններ ցոյց կու տան թէ տակաւին ոմանք խնդիրներ կը յարուցանեն՝ անհոգ վարք ունենալով կամ իջեւանի յարմարութիւնները չարաչար գործածելով։ Ասիկա խնդիրներ կը յարուցանէ եւ քննադատութեան պատճառ կու տայ, որ պէտք չէ ըլլայ։ Կարգ մը տնօրէններ կը գանգատին թէ երախաներ եւ պատանիներ աղմկալից եւ անկարգ են, եւ անոնց վրայ ծնողական հսկողութիւն չկայ, երբ անոնք աւազանը կամ զբօսանքի ուրիշ սարքեր կը գործածեն։
4 Սովորաբար, պանդոկները օրէնքներ ունին եւ հիւրերէն կ’ակնկալուի որ անոնց հետեւին։ Կարգ մը եղբայրներ այս օրէնքները բեկանած են, իրենց սենեակներուն մէջ չափազանց աղմուկ հանելով եւ ճաշ եփելով։ Պանդոկի տնօրէններ մեզի կ’ըսեն թէ երբ ճաշ եփելը արտօնուած չէ, անիկա իրենց ստացուածքը չարաշահել կը նշանակէ։ Սենեակները ոչ միայն բառացիօրէն վնասուած են, այլեւ մնացած հոտերը անկարելի դարձուցած են որ յառաջիկայ օրերուն կամ շաբաթներուն սենեակները վարձուին։ Սենեակին մէջ ճաշ պէտք չէ եփուի, բացի երբ յատկապէս անիկա արտօնուած է։
5 Իսկական ջանք պէտք է թափուի, տնօրինութեան հետ լիովին համագործակցելու համար։ Վստահաբար, չենք ուզեր Եհովայի ժողովուրդին մասին գէշ տպաւորութիւն ձգել։ Որպէս Քրիստոնեաներ, ամէն ատեն պարկեշտօրէն պէտք է վարուինք։ Պանդոկներէն ճերմակեղէններ կամ ուրիշ «յիշատակներ» պէտք չէ առնենք, քանի որ ասիկա գողութիւն է. ոչ ալ սուտ պէտք է խօսինք երբ վերապահումներ ընելու կամ սենեակը յանձն առնելու ժամանակ մեզի հարցուի թէ սենեակին մէջ քանի՛ հոգի կը ծրագրենք ունենալ։
6 Համաժողովի Ընթացքին Պատշաճ Վարք. Ինչ որ ալ ըլլայ մեր գործածած վայրին բնոյթը, համաժողովի ընթացքին անիկա հսկայ Թագաւորութեան Սրահ մը պէտք է նկատուի։ Պատշաճ կերպով պէտք է հագուինք եւ յարդարուինք, ճիշդ ինչպէս երբ մեր ժողովքին մէջ ժողովներու ներկայ կը գտնուինք։ Թէ՛ համաժողովի նիստերու ընթացքին եւ թէ անկէ ետք, եղբայրներ ու քոյրեր անպարկեշտ կերպով, կամ նորոյթի համաձայն պէտք չէ հագուին, որոնք աշխարհի հոգին կ’արտացոլացնեն եւ մեզ ուրիշներէ զանազանելը կը դժուարացնեն։ Քոյրեր զգոյշ պէտք է ըլլան, որ իրենց փէշերուն եւ հագուստներուն երկարութիւնը ու ոճը պատշաճ ըլլան։ (Ա. Տիմ. 2։9, 10) Երբ համաժողով կը յաճախենք, պանդոկ կը մնանք, ճաշարանի մէջ կը ճաշենք, կամ խանութի մը մէջ գնում կ’ընենք, ամէն ատեն պէտք է ցոլացնենք թէ մենք Աստուծոյ ծառաներն ենք եւ գայթակղութեան պատճառ չենք տար։—Բ. Կորն. 6։3
7 Մկրտութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ առաւօտ, համաժողովի վայրին մէջ։ Դիտարան 1 Ապրիլ 1995, էջ 30–ը (Անգլ.), կը նկարագրէ այդ առիթով մեր ցուցաբերելիք կեցուածքը։ Հոն կը նշէ թէ «մկրտութիւնը պատշաճ լրջութեամբ պէտք է ձեռք առնուի։ Անիկա զգացական պոռթկումի, հաւաքոյթներ կազմակերպելու կամ զուարճութեան ժամանակ մը չէ։ Ո՛չ ալ թախծոտ կամ մելամաղձոտ ըլլալու ժամանակ է»։ Շատ անպատշաճ պիտի ըլլայ որ մկրտուողներ՝ ըլլան տղամարդիկ թէ կիներ՝ նեղ կամ թափանցիկ լողազգեստներ հագնին։ Ուստի, բոլորն ալ պէտք է արտացոլացնեն քրիստոնէական մկրտութեան լրջութիւնը եւ ուրախութիւնը։
8 Պետրոս կը յիշեցնէ մեզի թէ «ի՞նչպիսի մարդիկ ըլլալ կը վայելէ՝ սուրբ վարմունքով ու բարեպաշտութեամբ»։ (Բ. Պետ. 3։11) Կը մաղթենք որ «Աստուծոյ Խօսքը Կատարողներ» բնաբանով Նահանգային Համաժողովի ընթացքին մեր խօսքերն ու արարքները օգնեն պարկեշտ սիրտ ունեցող դիտարկուներուն, որ ճանչնան եւ պաշտեն մեր հոյակապ Աստուածը, որ բոլոր պատիւի եւ փառքի արժանի է։—Ա. Կորն. 14։24, 25