Բարիք Գործեցէք եւ Գովասանք Ստացէք
1 «Անոնք անդորրութիւն մը ունին, զոր ուրիշ ո՛չ մէկ ժողովուրդի մէջ տեսած եմ»։ «Այս խումբը մեր քով ունենալը հաճոյք մըն է»։ Ասոնք անցեալ տարուան նահանգային համաժողովներէն ետք, ականատեսներու կողմէ մեր ստացած բազմաթիւ դրական արտայայտութիւններէն են, որոնք կը շեշտեն որպէս կազմակերպութիւն մեր ունեցած ընտիր համբաւը։ (Առ. 27։2. Ա. Կորն. 4։9) Ի վերջոյ, այսպիսի գովասանք Եհովայի կ’երթայ։ (Մատթ. 5։16) Աստուած փառաբանելու ուրիշ հոյակապ պատեհութիւն մը ունինք մեր առջեւ. այս տարուան «Աստուծոյ Խօսքը Ուսուցանողներ» Նահանգային Համաժողովը։
2 Ամէն տարի, ազնիւ վերյիշեցումներ կը ստանանք, համաժողովի ընթացքին պատշաճ կերպով վարուելու նկատմամբ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ, մինչ այս աշխարհի կեցուածքը, հագուելակերպը եւ վերաբերմունքը կը շարունակեն անկում կրել, մենք կը մերժենք զանոնք ընդօրինակել։ Չենք ուզեր որ մեր ընտիր համբաւը արատաւորուի։ (Եփ. 2։2. 4։17) Թող որ հետեւեալ զգուշացումները ի մտի ունենանք։
3 Բարիք Գործեցէք՝ Պանդոկներու Մէջ. Ճանչցուած ենք որպէս պարկեշտ ժողովուրդ մը։ (Եբր. 13։18) Ուստի, պանդոկի մեր սենեակին մէջ իջեւանող անհատներուն թիւին նկատմամբ ճշմարտութիւնը պէտք է խօսինք։ Եթէ արտօնուած չէ, սենեակին մէջ պէտք չէ ճաշ եփենք։ Տնօրէն մը ըսաւ թէ Եհովայի Վկաներուն վարձու տրուած սենեակներուն սակերը կրնար ցած պահել, քանի որ երբեք չէր ստիպուեր կորսուած անձեռոցներուն տեղ նորը ապահովել։ Ան գիտէ թէ պանդոկին լաւ հոգ պիտի տարուի։ Անկասկած, պանդոկէն «յիշատակներ» պիտի չվերցնենք։ Փոխարէն, եթէ տեղւոյն սովորութիւնն է, պատշաճ ձեռաձիր մը ձգեցէք, մատուցուած ծառայութիւններուն հանդէպ գնահատութիւն ցոյց տալու համար։ Իսկ պանդոկի անձնակազմին հետ միշտ քաղաքավար ու համբերատար եղէք։
4 Դիտողներու վրայ լաւ տպաւորութիւն կը ձգուի, երբ տեսնեն որ մեր դեռատիները քաղաքավար ու հնազանդ կերպով կը վարուին։ (Եփ. 6։1, 2) Ո՛վ ծնողներ, հաճեցէք ձեր զաւակներուն վերահսկել, որպէսզի ուրիշները չխանգարեն, ի ներառեալ երբ լողաւազանը կամ զբօսանքի ուրիշ սարքեր կը գործածեն։ Ամէն ոք պէտք է խուսափի դռները զօրաւոր կերպով գոցելէ կամ աղմուկ հանելէ, մանաւանդ ուշ գիշեր։
5 Կրնանք բարիք գործել, Վկայ չեղող պանդոկի հիւրերուն հանդէպ նկատառու գտնուելով, որոնք մեզի նման պանդոկը կը գործածեն։ Կարգ մը պանդոկներ կը գանգատին թէ համաժողովի պատուիրակները սառիկներուն մէջ գտնուող սառի բոլոր կտորները կ’առնեն, իրենց փոքր սառնարաններուն մէջ լեցնելու համար։ Նմանապէս, անպատշաճ է անվճար ուտելիքները մեր հետ տանիլ կամ անօթները սուրճով լեցնել, հետագայ գործածութեան համար։ Երբեք պէտք չէ խորհինք թէ պանդոկի գործելակերպին նկատմամբ մենք բացառութիւն կը կազմենք։
6 Բարիք Գործեցէք՝ Համաժողովի Վայրին Մէջ. Նկատուած է թէ պատուիրակներէն ոմանք մերժած են հիւրընկալներուն հետ համագործակցիլ, նոյնիսկ անոնց հետ քրիստոնէավայել չեղող կերպով մը խօսելով։ Քանի որ եղբայրներուն տուած ցուցմունքներուն չհետեւեցան եւ չարտօնուած վայրերու մէջ իրենց ինքնաշարժները շարեցին, կարգ մը պատուիրակներու ինքնաշարժները ոստիկանութեան կողմէ գրաւուեցան։ Վստահաբար, «առաջ–ես»ի կեցուածք մը անհատը չի բնորոշեր որպէս բարիք գործող մը, ո՛չ ալ անիկա Եհովա Աստուծոյ փառաբանութիւն կը բերէ։ Ուստի, թող որ սիրալիր, համբերատար եւ համագործակցող ըլլանք։—Գաղ. 5։22, 23, 25
7 Երբ համաժողովի դռները կ.ա. 8։00–ին կը բացուին, կը տեսնուի թէ եղբայրներէն ու քոյրերէն ոմանք կը վազեն, կը հրեն ու կը հրմշտկեն, որպէսզի «լաւագոյն» նստարանները գրաւեն։ Ոմանք ֆիզիքապէս վիրաւորուած են այսպիսի վերաբերմունքի պատճառաւ։ Թէեւ թելադրութիւն տրուած է որ կէսօրուան համար թեթեւ ճաշ մը բերենք մեր հետ, սակայն, պատշաճ չէ կառատան մէջ սեղան մը սարքել եւ մեծ ճաշկերոյթ մը տալ։ Ասիկա սովորաբար մարզական դէպքերու ընթացքին տեղի ունեցող հաւաքոյթներու տպաւորութիւնը կրնայ տալ։
8 Բարիք Գործեցէք՝ Ձեր Հագուելակերպով եւ Յարդարանքով. Անցեալ տարուան նահանգային համաժողովներէն մէկէն ետք, մեծ քաղաքի մը օրաթերթին խմբագիրը գրեց. «Ամէն բանէ աւելի, ամենէն աչքառու բանը՝ Վկաներուն վարմունքն էր։ Ի՜նչ թարմացուցիչ էր տեսնել որ այսքան շատ անհատներ պատուով ու յարգանքով կը վարուէին։ Իրենց լաւագոյն հագուստները հագած, ցեղային եւ էթնիք զանազան ենթահողեր ներկայացնող հարիւրաւոր ընտանիքներ, առանց աղմուկ հանելու հանդիսարան մտան։ Անոնց վարմունքը, այդ հանդիսարանը խուժող ամբոխներու վարմունքէն շատ տարբեր էր։ Իրականութեան մէջ, ընդհանուր առմամբ Վկաները մեծապէս կը տարբերին ուրիշ բազմութիւններէ։ Շատ սովորական եղած է հանրութեան մէջ անճոռնի վերաբերմունք տեսնելը։ . . . Արդարեւ, Վկաներու բազմութիւնը թարմացուցիչ է»։ Երբեք թոյլ չտանք որ մեր հագուելակերպը ու յարդարանքը, կամ՝ մեր վարմունքը, ձեւով մը խանգարէ համաժողովին հոգեւոր մթնոլորտը։—Փիլ. 1։10. Ա. Տիմ. 2։9, 10
9 Բարիք Գործեցէք՝ Մկրտութեան Ատեն. Մկրտութեան թեկնածուները պիտի ուզեն այս առիթին հանդէպ չափազանց յարգալից ըլլալ։ Պատշաճ լողազգեստ հագնիլը, այս առիթին սրբութեան հանդէպ գնահատութիւն ցոյց պիտի տայ։ Շատ օգտակար պիտի ըլլայ, եթէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան վարիչներ, համաժողովի ներկայ գտնուելէն առաջ, իրենց աշակերտներուն հետ վերաքաղ ընեն՝ «Հարցումներ Ընթերցողներէն» յօդուածը, Դիտարան 1 Ապրիլ 1995–ին մէջ (Անգլերէն)։
10 Մեր վարք ու բարքը եւ բարեպաշտ վարմունքը կը վկայեն մեր քրիստոնէական հաւատալիքներուն մասին, եւ պարկեշտ սիրտ ունեցող անհատներուն կը դիւրացնեն ճշմարտութիւնը ճանչնալը։ Հետեւաբար, թող որ շարունակենք ‘բարիք գործել’ եւ գովաբանուիլ, մինչ ներկայ կը գտնուինք «Աստուծոյ Խօսքը Ուսուցանողներ» Նահանգային Համաժողովին։—Հռովմ. 13։3