Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 9/00 էջ 3
  • Հարցումի Տուփ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումի Տուփ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Քաջալերել Սուրբ Գիրք Գործածել
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Ունկնդիրներուն Համար Տեղեկատու
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Աչքի Հաղորդակցութիւն
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Հանրային Դասախօսութիւններ Պատրաստել
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
թծ 9/00 էջ 3

Հարցումի Տուփ

◼ Ինչո՞ւ օգտակար է որ ունկնդիրները դասախօսութեան ընթացքին համարներ բանան, երբ դասախօս մը զիրենք հրաւիրէ ասիկա ընելու։

Կարգ մը ազդակներ պիտի որոշեն թէ քանի՛ համար բանալու հրաւէր պիտի տրուի ունկնդիրներուն. նիւթը՝ որ նկատի կ’առնուի, եւ երբ դասախօսութիւն մըն է՝ որ Աստուծոյ Խօսքէն հատուած մը համար առ համար կը քննարկէ։

Կարեւոր է ի մտի ունենալ թէ համարներ բանալու պատճառներէն մէկն է՝ հաստատել թէ ըսուածը Աստուածաշունչէն է։ (Գործք 17։11) Ուրիշ նպատակ մըն է նկատի առնուած նիւթին առնչութեամբ սուրբ գրային փաստերը քննել, որպէսզի բոլորին հաւատքը զօրանայ։ Բանալի համար մը կարդացուելու ատեն, Աստուածաշունչին ըսածը տեսնելը, մտքին մէջ զայն կրկնակի պիտի քանդակէ։ Համարներ բանալու կողքին, նոթեր առնելը եւ ներկայացուած գաղափարներուն հետ քայլ պահելն ալ օգտակար է։

Թէեւ Ընկերութեան կողմէ հայթայթուած ուրուագիծը նիւթ մը զարգացնելու համար բազմաթիւ համարներ կրնայ յիշել, բայց անոնք դասախօսին օգտին համար դրուած են, որպէսզի դասախօսութիւնը պատրաստելու օգնեն։ Անոնք կրնան հիմնական տեղեկութիւններ հայթայթել, եւ օգնել անոր որ ներփակուած սուրբ գրային սկզբունքները լաւ կերպով ըմբռնէ ու հասկնայ նիւթին զարգացումը։ Դասախօսը կ’որոշէ թէ ո՛ր համարները կենսական են դասախօսութեան զարգացման համար, եւ կը հրաւիրէ ունկնդիրները որ հետեւին իրեն, մինչ այս համարները կը կարդացուին եւ կը բացատրուին։ Թիկունք կանգնող ուրիշ համարներ կրնան յիշուիլ եւ յարասուիլ, սակայն, այսպիսի պարագաներուն ունկնդիրները ստիպուած չեն զանոնք բանալու։

Երբ դասախօսը ընտրուած համարներ կը կարդայ, զանոնք ուղղակի Աստուածաշունչէն պէտք է կարդայ, եւ ոչ թէ համակարգիչով պատրաստուած տպուած էջէ մը։ Երբ դասախօսը ունկնդիրներուն հրաւէր տայ որ համարին ընթերցանութեան հետեւին, ան յստակօրէն պիտի նշէ Աստուածաշունչի գիրքը, գլուխը, եւ համարը(ները)։ Համարը կարդացուելէ առաջ, երբ կանգ առնելով հարցում մը հարցնէ, կամ զայն կարդալուն պատճառը ըսէ, առիթ տուած կ’ըլլայ ունկնդիրներուն որ համարը գտնեն։ Համարին տեղը կրկնելն ալ թոյլ պիտի տայ որ ունկնդիրները յիշեն զայն։ Սակայն, յանձնարարելի չէ համարին էջը յիշել, քանի որ ներկաներուն գործածած Աստուածաշունչի հրատարակութեան համաձայն՝ ասիկա կրնայ տարբերիլ։ Աստուածաշունչի համարներ բանալու հրաւէրը ունկնդիրներուն կ’օգնէ որ օգտուին Աստուծոյ Խօսքին զօրութենէն, մինչ անիկա կը բացատրուի դասախօսութեան ընթացքին։—Եբր. 4:12

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել