Գործիքներ՝ Որոնք կը Սորվեցնեն, կը Խթանեն ու կը Զօրացնեն
1 Մարդոց Աստուածաշունչին ու Եհովայի Վկաներու մասին տեղեկութիւն տալու համար՝ անոնք շա՛տ ազդու են։ Անոնք շատերը մղած են որ ճշմարտութեան համար դիրք բռնեն։ Անոնք Աստուծոյ նուիրուած ծառաներուն հաւատքն ու գնահատութիւն զօրացուցած են։ Ի՞նչերը։ Եհովայի կազմակերպութեան արտադրած պատկերիզները։ Տասն ալ դիտա՞ծ էք։ Ե՞րբ դիտած էք։ Ձեր ծառայութեան մէջ զանոնք կը գործածէ՞ք։ Մեր Եղբայրներու Ամբողջ Ընկերակցութիւնը՝ 11–րդ պատկերիզին լոյս տեսնելը ծանուցանուեցաւ նահանգային համաժողովին։ Զայն ապսպրեցի՞ք։ Ի՞նչպէս կրնաք այս հոյակապ գործիքներէն աւելի մեծ օգուտ մը քաղել։
2 1 Յուլիս 1999 Դիտարան–ի յօդուածը՝ «Ընտանեօք՝ Կանոնաւորաբար Ուսումնասիրեցէք Աստուծոյ Խօսքը», կը յանձնարարէր. «Կրնաք նաեւ ձեր ուսումնասիրութեան ժամանակին մէկ մասը յատկացնել Ընկերութեան դաստիարակիչ պատկերիզները դիտելու, . . . որմէ ետք կրնաք խօսիլ այդ մասին»։ Այդ լաւ խրատին հետ ներդաշնակ ըլլալով, ամէն երկու ամիս տարբեր պատկերիզ մը նկատի պիտի առնուի Ծառայութեան Ժողովին մէջ։ Բոլորդ կը քաջալերենք որ Ծառայութեան Ժողովին մէջ անոր մասին խօսուելէն առաջ տան մէջ դիտէք զայն։
3 Այս ամիս պիտի սկսինք մեր արտադրած առաջին պատկերիզով՝ Եհովայի Վկաներ—Այս Անուան Ետին Գտնուող Կազմակերպութիւնը։ Հետեւեալ հարցումներուն պատասխանելու մտքով զայն դիտեցէք ու մտիկ ըրէք.
◼ Եհովայի Վկաները ի՞նչ բանի համար հանրածանօթ են։
◼ Ամէ՛ն բան որ կը կատարուի Պէթէլի մէջ, ո՞ր համարին հետ կապուած է։
◼ Գրականութիւններուն մէջ սուրբ գրային ի՞նչ տեսարան տեսաք, որոնք բեմադրուած, լուսանկարուած եւ գծագրուած էին։
◼ Մեր գրականութիւններուն պատրաստութեան կերպին մէջ ի՞նչ բան տպաւորիչ գտաք։
◼ 1920–էն մինչեւ 1990, Ընկերութեան տպած գրականութեան քանակը ի՞նչ է։
◼ Աստուծոյ ժողովուրդին մէջէն որո՞նք մասնաւորաբար պէտք է ցանկան Պէթէլի ծառայութեան համար որակելի ըլլալ։—Առ. 20։29
◼ Ի՞նչ կերպերով Պէթէլի ընտանիքը սքանչելի օրինակ կը հանդիսանայ բոլոր Եհովայի Վկաներուն։
◼ Բարի լուրով կարելի եղածին չափ շատ մարդոց հասնելու համար Պէթէլի մէջ կատարուած գործին ո՞ր մասը տպաւորեց ձեզ։
◼ Համաշխարհային գործին ծախսերը ի՞նչպէս կը հոգացուին։
◼ Ո՞ր գործունէութեան կրնանք եռանդունօրէն թիկունք կանգնիլ եւ ի՛նչ հոգիով։—Յովհ. 4։35. Գործք 1։8
◼ Իր անուան ետին եղող կազմակերպութեան հանդէպ ի՞նչ է ձեր զգացումը։
◼ Այս պատկերիզը ի՞նչպէս կրնաք գործածել ծառայութեան մէջ։
Դեկտեմբերին նկատի պիտի առնենք՝ Աստուածաշունչը—Ճշգրիտ Պատմութիւն, Վստահելի Մարգարէութիւն պատկերիզը։