Բաժանորդագրութեան Նորոգման Պարզացուած Գործընթաց
Դիտարան–ի ու Զարթի՛ր–ի բաժանորդագրեալները, անոնք ըլլան տպուած պարբերաթերթ թէ՝ ձայներիզ, երկու նշումներ կը ստանան թէ իրենց բաժանորդագրութեան ժամանակը վերջանալու վրայ է։ Առաջինը՝ կանխատպուած ու ծածկագրուած Վերջացող Բաժանորդագրութիւն թղթիկն է, որ բաժանորդագրեալներուն կը բաշխուի ժողովքին միջոցաւ։ Այս պատճենը փոփոխութեան ենթարկուած է եւ այժմ պիտի տպուի մոխրագոյնի զարնող ճերմակ թուղթի վրայ։ Ծածկագիրը կը գործածուի բաժանորդագրութիւնը շուտով նորոգելու համար ինքնագործ սարքով մը։ Ասիկա բաժանորդագրութիւն մը նորոգելու յանձնարարուած պատճենն է։
Երկրորդ նշմարը բաժանորդագրութիւնը նորոգելու պատճենն էր, որ ծրարուած պարբերաթերթին հետ կը ղրկուէր, կամ, ձայներիզի բաժանորդագրութիւններու պարագային, ուղղակի բաժանորդագրեալին կ’ուղարկուէր։ Տպուած պարբերաթերթերուն բաժանորդագրուած անհատները, այլեւս պարբերաթերթին հետ բաժանորդագրութիւնը նորոգելու պատճեն մը պիտի չստանան։ Փոխարէն, ծրարին վրայ պիտի նշուի բաժանորդագրութեան վերջանալը։ Նմանապէս, Դիտարան–ի ու Զարթի՛ր–ի ձայներիզներուն բաժանորդագրեալներուն մեծամասնութիւնը, այլեւս բաժանորդագրութեան վերջանալը ցոյց տուող նշմար մը պիտի չստանայ նամակատան ճամբով։ Փոխարէն, ձայներիզի ծրարին վրայ բաժանորդագրութեան վերջանալը պիտի նշուի։ Սակայն, պիտի շարունակենք նամակատան ճամբով նորոգելու նշմարներ ղրկել այն բաժանորդագրեալներուն, որոնք Պրայլ լեզուն կը գործածեն, կամ կոյրերու համար ձրի ձայներիզներ կը ստանան։
Պարբերաթերթի կամ ձայներիզի ծրարին վրայ տպուած նշումը պիտի ծառայէ որպէս վերյիշեցում թէ բաժանորդագրութիւնը շուտով պիտի վերջանայ։ Եթէ տեսնէք տպուած նշումը, սակայն տակաւին Վերջացող Բաժանորդագրութիւն թղթիկը չէք ստացած, հաճեցէք ձեր ժողովքին մէջ բաժանորդագրութիւններուն հոգ տանող եղբայրը տեղեակ պահել։ Բաժանորդագրութիւններու նորոգումները միշտ ժողովքին միջոցաւ պէտք է ղրկուին։
Դաշտի ծառայութենէն ստացուած բաժանորդագրութիւններուն համար, նշմար մը տալու գլխաւոր միջոցը պիտի ըլլայ՝ ժողովքին միջոցաւ բաշխուած, կանխատպուած Վերջացող Բաժանորդագրութիւն թղթիկը։ Երբ այս պատճենները ժողովքին հասնին, շուտով զանոնք յանձնեցէք այն հրատարակիչներուն, որոնք բաժանորդագրութիւնները ձեռք ձգած էին։ Քանի որ բաժանորդագրեալները այլեւս պարբերաթերթին հետ նորոգելու պատճեն մը պիտի չստանան, անհրաժեշտ է որ այս հետաքրքրուած անհատները քաջալերենք որ իրենց բաժանորդագրութիւնները նորոգեն։—Տես՝ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկը, Հոկտեմբեր 1988, էջ 8, եւ Յունուար 1986, էջ 8։
Այս այժմէական պարբերաթերթերը պիտի շարունակեն հոգեւոր լոյս սփռել այս խաւար աշխարհին մէջ։ Վստահ ենք որ բոլորս ալ այս նոր կարգադրութեան համաձայն պիտի գործենք, որպէսզի Դիտարան–ի ու Զարթի՛ր–ի բոլոր բաժանորդագրեալները ոչ մէկ թիւ կորսնցնեն։