Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 8/01 էջ 8
  • Զբօսանքը Իր Տեղը Պահեցէք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Զբօսանքը Իր Տեղը Պահեցէք
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Զբօսանքդ օգտակա՞ր է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Ժամանակդ իմաստութեա՛մբ գործածէ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
  • Թոյլ մի՛ տար, որ որեւէ բան քեզ Եհովայէն հեռացնէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • «Զիս ատոնցմէ աւելի կը սիրե՞ս»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
թծ 8/01 էջ 8

Զբօսանքը Իր Տեղը Պահեցէք

1 Այս դժուարին ժամանակներուն, բոլորս ալ ատենէ ատեն փոփոխութեան պէտք ունինք։ Չափաւոր զբօսանքը պատշաճ է։ Սակայն, հանգիստի, զբօսանքի եւ ընկերային ժամանցներու համար շատ ժամանակ տրամադրելը կրնայ պատճառ ըլլալ որ անհատը հոգեւոր հետապնդումներու համար հետզհետէ աւելի քիչ ժամանակ յատկացնէ։ Զբօսանքը իր տեղը պէտք է պահենք։ (Մատթ. 5։3) Ասիկա ի՞նչպէս կարելի է։ Հետեւելով Եփեսացիս 5։15-17–ի խրատին։

2 Սահմաններ Դրէք. Պօղոս գրեց թէ Քրիստոնեաները իրենց կեանքը իմաստութեամբ ապրելու նկատմամբ ‘զգոյշ’ պէտք է ըլլան։ Հարկաւոր չափով հանգիստի ժամանակ տրամադրելու համար չափաւորութեան ու ժուժկալութեան կարիքը կայ։ Լաւ կ’ըլլայ որ լրջօրէն մտածենք թէ մեր ազատ ժամանակը ի՛նչ կերպով կը գործածենք։ Զբօսանքը պէտք է օգտակար նպատակի ծառայէ, փոխանակ մեզի այն զգացումը տալու՝ թէ մեր ժամանակը վատնած ենք կամ ուժասպառ եղած ենք։ Եթէ գործունէութեան մը մասնակցելէ ետք յուսախաբ, դժգոհ եւ ձեւով մը յանցաւոր զգանք, ասիկա ցոյց կրնայ տալ թէ մեր ժամանակը գործածելու մէջ բարեճշդումներ պէտք է ընենք։

3 Տրամաբանական Եղէք. Պօղոս կեանքին աւելի կարեւոր բաներուն համար ‘ժամանակը ծախու առնելու’ եւ «անմիտ» չըլլալու շուրջ խրատ տուաւ։ Նուիրուած Քրիստոնեաներ պէտք չէ թոյլ տան որ իրենց կեանքը զբօսանքի շուրջ կեդրոնանայ։ Թէեւ հանգիստն ու ժամանցը կրնան մեզ ֆիզիքապէս թարմացնել, սակայն, հոգեւոր ուժանիւթի աղբիւրը Աստուծոյ գործօն ոյժն է։ (Եսայ. 40։29-31) Իր հոգին կը ստանանք աստուածպետական գործունէութիւններու միջոցաւ՝ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով, ժողովներուն ներկայ գտնուելով, դաշտի ծառայութեան մասնակցելով՝ եւ ո՛չ թէ զբօսանքի միջոցաւ։

4 Նախապատուութիւններ Դրէք. Պօղոս Քրիստոնեաներուն պատուիրեց որ ‘իմանան թէ ի՛նչ է Տէրոջը կամքը’։ Յիսուս սորվեցուց թէ մեր գործունէութիւնները Աստուծոյ Թագաւորութեան շուրջ պէտք է կեդրոնանան, մեր կեանքին մէջ անոր նախապատուութիւն տալով։ (Մատթ. 6։33) Շատ կարեւոր է որ նա՛խ ընենք այն բաները, որոնք թոյլ պիտի տան մեզի որ Եհովայի ըրած մեր նուիրումին համաձայն ապրինք։ Անկէ ետք, կարելի է հանգիստի ժամանակը իր տեղը պահել։ Այսպիսով, անիկա օգտակար ազդեցութիւն մը պիտի ունենայ, եւ անկէ ա՛լ աւելի հաճոյք պիտի ստանանք։—Ժող. 5։12

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել