Պարբերաթերթերուն Մասին Ի՛նչ Ըսենք
ԴԻՏԱՐԱՆ Հոկտեմբեր 15
«Աւելի լաւ եւ ուրախ աշխարհ մը մէջտեղ բերելու համար ի՞նչ կը պահանջուի։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Մարդիկ ամէն տեսակ կառավարութիւններ փորձած են, վիճակները բարելաւելու համար։ Սակայն, նկատի առէք այս հարցին շուրջ Աստուծոյ տեսակէտը։ [Կարդացէք Երեմեայ 10։23] Այս յօդուածը՝ ‘Ուրախ Աշխարհի մը Բանալին’ կը յայտնէ, ցոյց տալով թէ ասիկա ի՛նչպէս շուտով տեղի պիտի ունենայ»։
Awake! Oct. 22
«Կը համաձայնի՞ք թէ ներկայիս մարդիկ նախկինէն շատ աւելի ճնշումի ներքեւ կ’ապրին։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը նախագուշակած էր ասիկա։ [Կարդացէք Բ. Տիմոթէոս 3։1] Շատեր կեանքը ա՛յնքան դժուար կը գտնեն որ կը յուսահատին։ Այս պարբերաթերթը իսկական քաջալերութիւն կու տայ։ Անիկա ցոյց կու տայ ի՛նչպէս յուսահատութեան դէմ պայքարիլ եւ կեանքը հաճելի դարձնել»։
ԴԻՏԱՐԱՆ Նոյեմբեր 1
Նեղացուցիչ լուր մը յիշելէ ետք, հարցուցէք. «Մարդիկ ինչո՞ւ այսպիսի չար բաներ կ’ընեն։ Բոլորս ալ գիտենք շիտակը սխալէն զանազանել, բայց մարդիկ տակաւին չար բաներ կ’ընեն։ Ինչո՞ւ։ [Պատասխանէ մը ետք, կարդացէք Յայտնութիւն 12։9] Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ թէ ի՛նչպէս կրնանք մենք մեզ պաշտպանել, մեր խղճմտանքը պահպանելով»։
Awake! Nov. 8
«Հաւանաբար կը համաձայնիք թէ վայրագ ժամանակներու մէջ կ’ապրինք։ [Պատասխանէ մը ետք, կարդացէք Բ. Տիմոթէոս 3։3] Յաճախ ‘դաժան’ արարքներ տեղի կ’ունենան նոյնիսկ ընտանեկան շրջանակէն ներս։ Այս յօդուածը՝ ‘Օգնութիւն՝ Ծեծուած Կիներուն’, յոյսի պատգամ մը կը ներկայացնէ։ Թերեւս կը ճանչնաք մէկը, որուն հետ կրնաք զայն բաժնել»։