Բացումներ՝ պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար
Oct.
«Մեզմէ շատեր սիրելիներ կորսնցուցած են։ Կը խորհի՞ս թէ կրնանք ննջեցեալներուն օգտակար եղող բաներ ընել։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս յօդուածը Աստուածաշունչի պատասխանը կու տայ, ինչպէս նաեւ՝ հետեւեալ մխիթարական խոստումին մասին կը խօսի»։ Կարդա՛ Յովհաննու 5։28, 29–ն։ Ապա ուշադրութեան յանձնէ էջ 10–ի վրայ սկսող յօդուածը։
ԴԻՏԱՐԱՆ Նոյեմբեր 1
«Որովհետեւ Աստուած երկինքն է, ոմանք կ’եզրակացնեն թէ զինք ճանչնալը անկարելի է։ Բնաւ այսպէս խորհա՞ծ ես։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Յովհաննու 17։3–ը։] Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ թէ ի՛նչպէս կրնանք Աստուծոյ մասին գիտութիւն ձեռք ձգել»։
Nov.
«Բնաւ հարց տուա՞ծ ես թէ եթէ սիրալիր, արդար ու զօրաւոր Աստուած մը գոյութիւն ունի, ինչո՛ւ այսքան շատ տառապանք կայ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ թէ այս համարը տառապանքի պատճառին մասին ի՛նչ կ’ըսէ։ [կարդա՛ Ա. Յովհաննու 5։19–ն։] Այս պարբերաթերթը Աստուածաշունչէն կը բացատրէ թէ Աստուած ի՛նչ կ’ընէ տառապանքը ոչնչացնելու համար»։