Ինչո՞ւ Շարունակենք Քարոզել
1 Թագաւորութեան քարոզչութիւնը երկա՞ր ատենէ ի վեր կը կատարուի ձեր համայնքին մէջ։ (Մատթ. 24։14) Եթէ այո, թերեւս խորհիք թէ ժողովքին թաղամասը բաւարար չափով ծածկուած է։ Այժմ երբ կը քարոզէք, թերեւս ձեր հանդիպած մարդոց մեծամասնութիւնը Թագաւորութեան պատգամին հանդէպ անտարբեր է։ Այսուհանդերձ, նկատի առէք թէ Յիսուսի ճշմարիտ աշակերտներուն նկատմամբ ի՛նչ կ’ըսուի, Եսայիի Մարգարէութիւնը Հատոր Բ.–ի մէջ, էջ 141. «Կարգ մը վայրերու մէջ, անոնց քարոզչութեան արդիւնքները կրնան աննշան թուիլ, համեմատած այն հսկայական աշխատանքին ու ջանքին հետ։ Այսուհանդերձ, անոնք համբերութեամբ կը տոկան»։ Սակայն, ինչո՞ւ շարունակենք քարոզել։
2 Յիշեցէք Երեմիան. Քարոզչութեան մէջ մեր հաւատարմօրէն յարատեւելը, կախեալ պէտք չէ ըլլայ մարդոց մտիկ ընելէն կամ չընելէն։ Երեմիա 40 տարի նո՛յն թաղամասին մէջ քարոզեց, թէեւ քիչեր մտիկ ըրին իրեն եւ շատեր իր պատգամին հակառակեցան։ Երեմիան ինչո՞ւ յարատեւեց։ Քանի որ ան կ’ընէր գործ մը որ Աստուած իրեն պատուիրած էր որ ընէ, իսկ ապագային պատահելիք բաներուն մասին տեղեակ ըլլալը զինք մղեց որ խիզախօրէն շարունակէ խօսիլ։—Երեմ. 1։17. 20։9
3 Մեր պարագան ալ նոյնն է։ Յիսուս «պատուիրեց մեզի, որ ժողովուրդին քարոզենք ու վկայութիւն տանք, թէ անիկա է Աստուծմէ սահմանուած՝ կենդանիներուն ու մեռելներուն Դատաւորը»։ (Գործք 10։42) Մեր կրած պատգամը զայն լսողներուն համար կենաց ու մահու խնդիր է։ Մարդիկ պիտի դատուին բարի լուրին հանդէպ իրենց ընդառաջումին հիման վրայ։ Պարագան այսպէս ըլլալով, մեր պատասխանատուութիւնն է ընել ա՛յնպէս ինչպէս մեզի պատուէր տրուած է։ Նոյնիսկ երբ մարդիկ մերժեն մտիկ ընել, ասիկա մեզի պատեհութիւն կու տայ որ անոնց հանդէպ մեր սիրոյն եւ Եհովայի հանդէպ մեր նուիրումին խորութիւնը ցոյց տանք, յարատեւելով այն բանին մէջ որ պէտք է ընենք։ Սակայն, տակաւին աւելին կայ։
4 Մենք կ’Օգտուինք. Թաղամասին մէջ ի՛նչ որ ալ ըլլայ ընդառաջումը, Աստուծոյ կամքը ընելը մեզի կու տայ ներքին խաղաղութիւն, գոհունակութիւն եւ ուրախութիւն, զորս ուրիշ որեւէ կերպով կարելի չէ գտնել։ (Սաղմ. 40։8) Մեր կեանքը իսկական իմաստ ու նպատակ կը ստանայ։ Ծառայութեան մէջ ո՛րքան աւելի մասնակցութիւն բերենք, ա՛յնքան աւելի մեր սիրտն ու միտքը պիտի կեդրոնանան Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ ապրելու յոյսին եւ ուրախութեան վրայ։ Սուրբ գրային այս խոստումներուն վրայ մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնելը, մեր հոգեւորականութիւնը կը բարելաւէ եւ Եհովայի հետ մեր յարաբերութիւնը կը զօրացնէ։
5 Նոյնիսկ երբ մեր քարոզչական գործունէութեան մէջ անմիջական արդիւնքներ չենք տեսներ, թերեւս ճշմարտութեան սերմ մը ցանուի անհատի մը սրտին մէջ, որ կրնայ ծլիլ Եհովայի յարմար ժամանակին։ (Յովհ. 6։44. Ա. Կորն. 3։6) Մեզմէ մէկը չի գիտեր թէ տակաւին քանիներ Թագաւորութեան մասին պիտի սորվին Եհովայի ժողովուրդին ջանքերով, ըլլայ՝ տեղականօրէն կամ համայն աշխարհի մէջ։
6 Որեւէ ժամանակէ աւելի, պէտք է Յիսուսի հրահանգին անսանք. «Զգո՛յշ կեցէք, արթո՛ւն մնացէք եւ աղօթք ըրէք, վասն զի չէք գիտեր ատենը ե՞րբ է։ Եւ ինչ որ կ’ըսեմ ձեզի՝ ամենուն կ’ըսեմ. ‘Արթո՛ւն կեցէք’»։ (Մար. 13։33, 37) Ուրեմն, թող որ բոլորս ալ շարունակենք Թագաւորութեան բարի լուրը ծանուցանել, Եհովայի սիրտը ուրախացնելով, մինչ իր մեծ ու սուրբ անունը սրբացնելու մէջ մեր բաժինը կը բերենք։