Ինչո՛ւ կրկին անգամ կը վերադառնանք
1. Մեր քարոզչութեան նկատմամբ ի՞նչ հարցում կը ծագի։
1 Շատ մը շրջաններու մէջ, մեր թաղամասերը շատ յաճախ կը ծածկենք։ Կը շարունակենք նոյն տունը կրկին անգամ վերադառնալ, թէեւ տանտէրը կրնայ մեզի ըսած ըլլալ թէ ինք հետաքրքրուած չէ։ Ինչո՞ւ կը շարունակենք խօսիլ անհատներու, որոնք անցեալին նպաստաւոր կերպով չեն ընդառաջած։
2. Ծառայութեան մէջ մեր յարատեւութեան գլխաւոր պատճառը ի՞նչ է։
2 Եհովայի ու մարդոց հանդէպ սէր. Ծառայութեան մէջ մեր յարատեւութեան գլխաւոր պատճառը՝ Եհովայի հանդէպ մեր սէրն է։ Մեր սրտերը մեզ կը մղեն որ շարունակենք մեր մեծ Աստուծոյն մասին ուրիշներու խօսիլ։ (Ղուկ. 6։45) Եհովայի հանդէպ մեր սէրը մեզ կը մղէ իր պատուիրաններուն հնազանդելու եւ ուրիշներուն օգնելու որ նոյնը ընեն։ (Առ. 27։11. Ա. Յովհ. 5։3) Այս գործին մէջ յարատեւելը մարդոց ընդառաջումէն կախեալ չէ։ Նոյնիսկ երբ առաջին դարու Քրիստոնեաները կը հալածուէին, անոնք ‘չդադրեցան’ քարոզելէ։ (Գործք 5։42) Երբ մարդիկ մերժեն մեզի մտիկ ընել, վհատելու փոխարէն հաստատ կը մնանք, Եհովայի հանդէպ մեր սիրոյն ու նուիրումին խորութիւնը ապացուցանելով։
3. Մարդոց հանդէպ սէրը ի՞նչպէս մեզի կ’օգնէ որ շարունակենք քարոզել։
3 Նաեւ կը յարատեւենք քանի որ մեր ընկերը կը սիրենք։ (Ղուկ. 10։27) Եհովա չ’ուզեր որ մէ՛կը կորսուի։ (Բ. Պետ. 3։9) Նոյնիսկ յաճախ աշխատցուած թաղամասերու մէջ, տակաւին կը գտնենք անհատներ, որոնք կ’ուզեն Եհովայի ծառայել։ Օրինակ, Կուատըլուբի մէջ, ուր բնակիչներուն ամէն 56–էն մէկը Եհովայի Վկայ է, անցեալ տարի 214 հոգի մկրտուեցաւ։ Յիշատակատօնին ներկայ գտնուեցաւ գրեթէ 20,000 հոգի,– բնակիչներուն ամէն 22–էն մէկը։
4. Թաղամասերու մէջ ի՞նչ փոփոխութիւններ տեղի կ’ունենան։
4 Թաղամասին մէջ փոփոխութիւններ. Մեր թաղամասին բնակիչները յարատեւ կը փոխուին։ Հոն ուր նախապէս ընդառաջում չկար, մեր յաջորդ այցելութեան ընտանիքին տարբեր մէկ անդամը,– թերեւս մէկը որ բնաւ մեր պատգամը չէր լսած,– կրնայ դուռը բանալ եւ մտիկ ընել։ Կամ թերեւս գտնենք նոր բնակողներ, որոնք հետաքրքրուած են։ Զաւակներ, որոնք հակառակող ծնող ունին, կը մեծնան ու տունը կը ձգեն։ Թերեւս այսպիսիներ փափաքին Թագաւորութեան պատգամը լսել։
5. Ի՞նչ բան կրնայ պատճառ ըլլալ որ անհատներ սկսին ականջ տալ։
5 Մարդիկ կը փոխուին։ Ատեն մը Պօղոս առաքեալ ‘հայհոյիչ, հալածող եւ թշնամանող’ մէկն էր։ (Ա. Տիմ. 1։13) Նոյնպէս, ներկայիս Եհովայի ծառայողներէն շատեր, ատեն մը ճշմարտութեամբ հետաքրքրուած չէին։ Ոմանք նոյնիսկ անցեալին բարի լուրին հակառակած էին։ Մինչ աշխարհի վիճակները փոփոխութեան կ’ենթարկուին, կարգ մը հակառակորդներ կամ անտարբեր անհատներ կրնան մտիկ ընել։ Ուրիշներ կը սկսին ականջ տալ անձնական ողբերգութենէ մը ետք, ինչպէս՝ ընտանիքին մէկ անդամին մահը, գործ կորսնցնելը, տնտեսական կամ առողջապահական խնդիր մը։
6. Ինչո՞ւ պէտք է շարունակենք խանդավառութեամբ քարոզել։
6 Իրերու այս դրութիւնը իր վախճանին կը մօտենայ, բայց մեր քարոզչութեան եւ ուսուցումի գործը կ’արագանայ։ (Եսա. 60։22) Հետեւաբար, կը շարունակենք խանդավառութեամբ քարոզել եւ կը ջանանք դրական կեցուածք մը պահպանել։ Թերեւս յաջորդ անհատը որուն հետ պիտի խօսինք՝ մեզի մտիկ ընէ։ Պէտք է շարունակենք խօսիլ։ ‘Այդպէս ընելով՝ մենք մեզ ալ պիտի ապրեցնենք ու զանոնք ալ, որոնք մեզի մտիկ կ’ընեն’։—Ա. Տիմ. 4։16