Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 4/02 էջ 1
  • Խանդավառ Ընդառաջում մը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Խանդավառ Ընդառաջում մը
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Լուրջ նկատողութեան արժանի տեսաերիզ մը
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
  • Պատանիները կը հարցնեն. ինչպէ՞ս իսկական ընկերներ կրնամ ունենալ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
  • Կրնա՛ս Եհովայի բարեկամը ըլլալ
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Ընկերներդ իմաստութեամբ զատէ
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
թծ 4/02 էջ 1

Խանդավառ Ընդառաջում մը

1 Ամէնուրեք Քրիստոնեայ ընտանիքներ իրենց խանդավառ երախտագիտութիւնը արտայայտեցին՝ Պատանիները կը Հարցնեն. Ի՞նչպէս Իսկական Ընկերներ Կրնամ Ունենալ խորագրով պատկերիզին հանդէպ։ Միացեալ Նահանգներու մէջ հայր մը ըսաւ թէ զայն դիտելէ ետք իր տղաքը պահ մը լուռ կեցան. պատկերիզին մէջի բոլոր անցուդարձերը իրենց կը վերաբերէին։ Մալաուիէն տեղեկագրութիւն մը կ’ըսէ թէ հոն գտնուող երիտասարդ եղբայրներն ու քոյրերն ալ զայն այժմէական նկատեցին, քանի որ իրենց դասընկերներուն կողմէ նոյն ճնշումներուն կ’ենթարկուին դպրոցին մէջ։ Գերմանիոյ մէջ եղբայր մը պատկերիզին մասին ըսաւ. «Զայն կը նկատեմ իմ աղօթքներուս պատասխանը»։ Երիտասարդուհի մը ըսաւ. «Շնորհակալ եմ որ ինծի յիշեցուցիք թէ Եհովա ինծմով հետաքրքրուած է»։ Նոր Զելանտայէն երէց մը տեղեկագրեց. «Անիկա մեր պատանիներէն մէկուն օգնեց կեանքի ճամբուն վերադառնալու»։ Ամուսնացած կին մը զայն դիտեց եւ ըսաւ. «Որքա՜ն կը փափաքիմ որ ճշմարտութեան մէջ եղող իւրաքանչիւր երիտասարդ այս պատկերիզը դիտէ եւ մղուի ճշմարտութիւնը իւրացնելու»։ Ո՛վ ընտանիքներ, ինչո՞ւ զայն դարձեալ չդիտէք։ Յետոյ, միասնաբար նկատի առէք հետեւեալ հարցումները։

2 Նախաբան. Ո՞վ է ճշմարիտ բարեկամը։—Առ. 18։24

3 Բարեկամութեան Խոչընդոտներ. Ի՞նչպէս կրնաք յաղթահարել մերժուած ըլլալու զգացումը։ (Փիլ. 2։4) Ինչո՞ւ ձեր անձնաւորութիւնը բարելաւելու յօժար պէտք է ըլլաք եւ ո՛վ կրնայ ձեզի օգնել ասիկա ընելու։ Ի՞նչ բան պատեհութիւններ պիտի ստեղծէ աւելի բարեկամներ ունենալու, եւ զանոնք ո՛ւր կարելի է գտնել։—Բ. Կորն. 6։13

4 Աստուծոյ Հետ Բարեկամութիւն. Ի՞նչպէս կրնաք Եհովայի հետ յարաբերութիւն մշակել, եւ ինչո՛ւ կ’արժէ ասիկա ընել։ (Սաղմ. 34։8) Աստուծոյ հետ ձեր բարեկամութիւնը զօրացնող լաւագոյն անհատը ո՞վ կրնայ ըլլալ։

5 Սխալ Տեսակի Բարեկամներ. Որո՞նք չար ընկերակիցներ են։ (Ա. Կորն. 15։33) Չար ընկերները ի՞նչպէս կրնան անհատը հոգեւոր կործանման առաջնորդել։ Դինայի մասին Աստուածաշունչի պատմութիւնը ի՞նչ կը սորվեցնէ ձեզի։—Ծննդ. 34։1, 2, 7, 19

6 Արդի Թատերախաղ մը. Առանձնութիւնը ի՞նչպէս ազդեց Թարայի։ Ան ի՞նչպէս արդարացուց աշխարհային պատանիներու հետ իր ընկերակցութիւնը։ Անոնք ի՞նչ վտանգներու ենթակայ դարձուցին զինք։ Թարայի ծնողքը ինչո՞ւ թերացաւ տեսնել այն վտանգաւոր կացութիւնը, որուն մէջ ան կը գտնուէր, սակայն անոնք ի՞նչ մօտեցումով իրեն օգնեցին որ հոգեւորապէս ապաքինի։ Ռահվիրայ քոյր մը ի՞նչպէս փաստեց թէ Թարայի համար իսկական բարեկամ մըն էր։ Քրիստոնեաներ ինչո՞ւ Առակաց 13։20–ի եւ Երեմեայ 17։9–ի պէտք է ականջ տան։ Թարան ի՞նչ կարեւոր դաս մը սորվեցաւ։

7 Եզրակացութիւն. Այս պատկերիզէն ի՞նչ դասեր սորվեցաք։ Ի՞նչպէս կրնաք զայն գործածել ուրիշներուն օգնելու համար։—Սաղմ. 71։17

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել