Շարունակեցէք Օգտուիլ Դիտարան եւ Զարթի՛ր Պարբերաթերթերէն
Այժմ թղթատարական դրութեան միջոցաւ Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերուն բաժանորդագրութիւնը դադրած ըլլալով, ջանք պիտի պահանջուի վստահ ըլլալու համար որ մենք ու մեր քարոզած անհատները մէկ թիւ իսկ չփախցնենք։
Անհատական Օրինակներ. Երբ ձեր անհատական բաժանորդագրութիւնը կը վերջանայ, ձեր ներկայ ապսպրանքը աւելցուցէք պարբերաթերթերուն հոգ տանող եղբօր միջոցաւ։ Ծնողներ պէտք է բաւարար պարբերաթերթեր ապսպրեն, որպէսզի ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ իր անհատական օրինակը ունենայ։ Ձեր անունը ձեր անհատական օրինակին վրայ դնելը պիտի ապահովէ որ զայն անգիտակցաբար դաշտին մէջ չտեղաւորէք։ Երբ պարբերաթերթերու առաքումը հասնի, անոնց հոգ տանող եղբայրները իւրաքանչիւր թիւ անմիջապէս մատչելի պիտի դարձնեն Թագաւորութեան Սրահին մէջ։
Կանոնաւորաբար Պարբերաթերթ Առնողներ. Հրատարակիչները պէտք է ջանան կանոնաւորաբար պարբերաթերթ տանիլ բոլոր այն հետաքրքրուած անհատներուն, որոնք կը փափաքին իւրաքանչիւր թիւ ստանալ։ Պարբերաթերթերը այսպիսիներուն անձամբ տանիլը, ցուցաբերուած հետաքրքրութիւնը մշակելու եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու պատեհութիւններ պիտի հայթայթէ։—Տես՝ Հոկտեմբեր 1998 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը, էջ 8։
Մասնայատուկ Կարիքներ Ունեցողներ. Եթէ անհատ մը անկեղծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ, սակայն կը բնակի չնշանակուած թաղամասի մը մէջ, կարելի է բացառութիւն մը ընել, որպէսզի ան պարբերաթերթերը թղթատարական դրութեան միջոցաւ ստանայ։ Եթէ ժողովքին թաղամասին մէջ բնակող անհատի մը կարելի չէ պարբերաթերթերը կանոնաւորաբար տանիլ, բայց ան անկեղծօրէն հետաքրքրուած է պարբերաթերթերը ստանալով, պարագան նկատի առէք Ժողովքի Ծառայութեան Յանձնախումբին հետ։ Եթէ յանձնախումբը ընդունի, կարելի է հետաքրքրուած անհատին համար բաժանորդագրութիւն մը ընել։ Բաժանորդագրութեան սովորական պատճենները (M-1 եւ M-101) կրնան գործածուիլ այս նպատակին համար։
Կրնանք վստահ ըլլալ թէ Եհովա պիտի շարունակէ օրհնել Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերով Թագաւորութիւնը ծանուցանելու մեր բոլոր ջանքերը։