«Թագաւորութիւնը Նախանձախնդրաբար Ծանուցանողներ» Նահանգային Համաժողովէն Լիովին Օգտուիլ
1 Ոգեւորիչ Յայտագիր մը. Մեր վերջին նահանգային համաժողովին ի՜նչ խթանիչ յայտագիր մը վայելեցինք։ Հասարակաց նպատակի մը համար հաւաքուած էինք. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը նախանձախնդրաբար ծանուցանելու համար աւելի լաւ զինուիլ։ Կը յիշէ՞ք թէ առաջին դասախօսը «ծանուցանել» բառը ի՛նչպէս սահմանեց։ Կը յիշէ՞ք թէ «Անվախ Եղէք՝ Գիտնալով թէ Եհովա Մեզի Հետ Է» դասախօսութիւնը մեզ քաջալերեց ի՛նչ պրպտում ընելու։ Մինչեւ օրս, ի՞նչ կենսագրութիւններ աչքէ անցուցիք։
2 «Մեր Հաւատքին Որակը Փորձուած՝ Զանազան Փորձութիւններով» յօդուածաշարքը երեք գլխաւոր պատճառներ տուաւ թէ Եհովա ինչո՛ւ կը թոյլատրէ հալածանքը։ Կրնա՞ք զանոնք բացատրել։ Մեր քրիստոնէական չէզոքութեան սուրբ գրային հիմը ի՞նչ է։ Մեր չէզոք կեցուածքին ասպարէզ կարդացող բաներուն պատրաստուելու համար, մեզի քաջալերութիւն տրուեցաւ որ ի՞նչ ընենք։ Մեր հաւատարմօրէն փորձութիւններու տոկալը ի՞նչպէս Եհովայի փառաբանութիւն կը բերէ։
3 «Դժուարին Ժամանակներու Մէջ Հաստատ Կենանք» թատերախաղին ո՞ր տեսարանները յատկապէս ձեզ զօրացուցին։ Ի՞նչպէս կրնանք Երեմիայի նման ըլլալ։
4 «Այս Աշխարհի Տեսարանը կը Փոխուի» հանրային դասախօսութիւնը ի՞նչ յատկանշական մօտալուտ փոփոխութիւններ բնութագրեց, որոնք պիտի առաջնորդէին Աստուծոյ ահեղ օրուան։ Մինչ «Որպէս Թագաւորութիւնը Նախանձախնդրաբար Ծանուցանողներ՝ Բարի Գործերու Մէջ Աւելցէք» բնաբանով եզրափակիչ դասախօսութիւնը կ’ունկնդրէիք, ներկայացուած տեղեկութիւնները ի՞նչպէս առնչեցիք ձեր ծառայութեան հետ։
5 Կիրարկելիք Գլխաւոր Կէտեր. Ինչպէս բացատրուեցաւ «Շնորհապարտ Եղէք» դասախօսութեան մէջ, Եհովայի հանդէպ մեր խոր երախտագիտութիւնը ի՞նչպէս կրնանք արտայայտել։ «Բուռն Նախանձախնդրութեամբ Թագաւորութիւնը Ծանուցանողներ» բնաբանով գլխաւոր դասախօսութեան մէջ, որո՞նց նախանձախնդրութիւնը ընդօրինակելու քաջալերութիւն ստացանք։ Ի՞նչպիսի ինքնաքննութիւն մը ընելու կոչ ստացանք։
6 «Միքիայի Մարգարէութիւնը Մեզ կը Զօրացնէ որ Եհովայի Անունով Քալենք» յօդուածաշարքը ի՞նչ երեք պահանջներ աչքառու դարձուց, որոնց գոհացում պէտք է տանք, որպէսզի Եհովայի հաճութիւնը վայելենք։ Անոնք հասանելի՞ են։ (Միք. 6։8) Ըստ «Բարոյապէս Մաքուր Մնացէք՝ Ձեր Սիրտը Պահպանելով» դասախօսութեան, ի՞նչ կերպերով բարոյապէս մաքուր պէտք է մնանք։ «Խաբեբայութենէ Զգուշացէ՛ք» դասախօսութիւնը ի՞նչ մարզերու նկատմամբ մեզ զգուշացուց որ չխաբուինք եւ ուրիշները չխաբենք։
7 «Իրենց Ծառայութիւնը Մեծարող Թագաւորութիւնը Ծանուցանողներ» բնաբանով յօդուածաշարքէն, ո՞ր գործնական կէտերը սկսաք կիրարկել ձեր ծառայութեան մէջ։ «Հոգեւոր Խօսակցութիւնը Շինիչ Է» դասախօսութեան մէջ Փիլիպպեցիս 4։8–ն վերլուծուեցաւ։ Այս համարը մեզի ի՞նչպէս կ’օգնէ որ մեր խօսակցութիւնը հոգեւոր ըլլայ, եւ ասիկա ե՞րբ պէտք է ընենք։
8 «Նեղութեան Ժամանակներուն Լիովին Եհովայի Վստահեցէք» դասախօսութիւնը նկատի առաւ թէ ի՛նչպէս կրնանք գլուխ ելլել ողբերգական միջադէպերու, տնտեսական դժուարութիւններու, վատառողջութեան, ընտանեկան խնդիրներու, եւ յարատեւող տկարութիւններու հետ։ Ի՞նչպէս կրնանք Եհովայի վստահիլ երբ այսպիսի պարագաներ դիմագրաւենք։
9 Հոգեւոր Նոր Գանձեր. Հրճուեցանք ստանալով՝ Միակ Ճշմարիտ Աստուածը Պաշտեցէք խորագրով նոր գիրքը։ Անոր նպատակը բացատրող ծանուցումը ի՞նչպէս ազդեց ձեզի։ Անիկա ինչո՞ւ օգտակար պիտի ըլլայ մեր աշակերտելու գործին մէջ, որպէս ուսումնասիրութեան երկրորդ գիրք։
10 Անկէ ետք ստացանք Եհովայի Մօտեցէք խորագրով գեղեցիկ գիրքը։ Ի՞նչ են անոր կարգ մը մասնայատուկ երեսակները։ Յատկապէս ո՞ր պատկերները սիրեցիք։ Զայն կարդալով Եհովայի աւելի մօտեցա՞ք։ Ուրիշ ո՞վ կրնայ անկէ օգտուիլ։
11 «Թագաւորութիւնը Նախանձախնդրաբար Ծանուցանողներ» Նահանգային Համաժողովը այս դժուարին ժամանակները դիմագրաւելու համար հարկ եղած հոգեւոր քաջալերութիւնը հայթայթեց մեզի։ Այս յատկանշական հոգեւոր հայթայթումէն լիովին օգտուելու համար, ջանանք ըսուած բաները յիշել, մեր ստացած բաները գնահատել եւ մեր սորվածները կիրարկել։ (Բ. Պետ. 3։14) Ասիկա ընելը մեզ պիտի զօրացնէ որ մեր ուղղամտութիւնը պահենք եւ Թագաւորութիւնը նախանձախնդրաբար ծանուցանողներ ըլլանք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին նման, Եհովայի փառքին համար։—Փիլ. 1։9-11