Հաւատարիմ Տարեցները Յիշեցէք
1 Որբեւայրի եւ տարիքոտ ըլլալով հանդերձ, 84 տարեկան Աննան «տաճարէն չէր զատուեր»։ Անոր հաւատարմութիւնը մղեց Եհովան որ մասնայատուկ օրհնութիւն մը շնորհէ իրեն։ (Ղուկ. 2։36-38) Ներկայիս, բազմաթիւ եղբայրներ ու քոյրեր Աննայի կեցուածքը կը ցուցաբերեն, հակառակ իրենց դիմագրաւած դժուար պարագաներուն։ Երբ այսպիսի հաւատարիմներ ծերութեան պատճառաւ ստիպուին առողջապահական խնդիրներու կամ սահմանափակումներու հետ մաքառիլ, երբեմն կրնան վհատիլ։ Նկատի առնենք կարգ մը գործնական կերպեր, որոնցմով կրնանք զիրենք քաջալերել եւ օգնել որ հոգեւոր լաւ սովորամոլութիւն մը պահպանեն։
2 Ժողովներ եւ Ծառայութիւն. Երբ ուրիշներ սիրալիրօրէն փոխադրամիջոց մը ապահովեն, հաւատարիմ տարեցներէն շատեր կրնան աւելի դիւրաւ քրիստոնէական ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուիլ։ Ասիկա հոգեւորապէս կը կերտէ երկար ժամանակէ ի վեր հաւատարմօրէն Եհովայի ծառայողները, ինչպէս նաեւ ժողովքին օգտակար կ’ըլլայ։ Այս հոյակապ գործին մէջ բաժին բերա՞ծ էք։—Եբր. 13։16
3 Ծառայութեան կանոնաւորաբար մասնակցիլը ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն ուրախութիւն ու գոհունակութիւն կու տայ։ Սակայն տարեցներուն եւ անկարողներուն համար ասիկա ընելը կրնայ մարտահրաւէր մը ըլլալ։ Արդեօք կարելի՞ է որ այս սիրելիներէն մէկը ձեզի ընկերակցի որպէս «գործակից», վկայութեան գործին երեսակներէն մէկուն մէջ։ (Հռովմ. 16։3, 9, 21) Թերեւս կրնաք զինք հրաւիրել որ ձեր հետ հեռաձայնով վկայելու մասնակցի, կամ՝ վերայցելութեան կամ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մը երթայ։ Եթէ տարեց մը տունէն դուրս չի կրնար ելլել, կարելի՞ է Աստուածաշունչի աշակերտի մը ուսումնասիրութիւնը անոր տան մէջ ընել։
4 Ուսումնասիրութիւն եւ Ընկերակցութիւն. Ժամանակ առ ժամանակ, ոմանք տարեց կամ անկարող մը կը հրաւիրեն իրենց ընտանեկան ուսումնասիրութեան ներկայ գտնուելու, նոյնիսկ ուսումնասիրութիւնը անոր տան մէջ ընելով։ Մայր մը իր երկու երախաները տարեց քրոջ մը տունը տարաւ, Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ գրքէն անոնց ուսումնասիրութիւնը ընելու համար, եւ բոլորն ալ քաջալերուեցան այս ընկերակցութենէն։ Այսպիսիներ նաեւ կը գնահատեն երբ ճաշի կամ ընկերային որեւէ այլ առիթի հրաւիրուին։ Եթէ անկարող անհատներ ի վիճակի չեն երկար այցելութիւն մը ընդունելու, թերեւս կրնաք անոնց հեռաձայնել կամ հակիրճ այցելութիւն մը տալ՝ բան մը կարդալու, իրենց հետ աղօթելու, կամ շինիչ փորձառութիւն մը բաժնելու համար։—Հռովմ. 1։11, 12
5 Եհովա հաւատարիմ տարեցները կ’արժեւորէ։ (Եբր. 6։10, 11) Զինք կրնանք ընդօրինակել՝ անոնց հանդէպ մեր գնահատութիւնը արտայայտելով եւ անոնց օգնելով որ հոգեւոր լաւ սովորամոլութիւն մը պահպանեն։