Պարբերաթերթերուն Մասին Ի՛նչ Ըսենք
Awake! Feb. 22
«Կը խորհի՞ք թէ Աստուծոյ նպատակն էր որ մարդիկ, ի ներառեալ երախաներ, թերի սննդառութենէ տառապին։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Նկատի առէք Աստուածաշունչին մէջ գտնուող այս մխիթարական պատգամը։ [Կարդացէք՝ Սաղմոս 72։16] Զարթի՛ր–ի այս թիւը նկատի կ’առնէ թերի սննդառութեան պատճառները, եւ աւելի կարեւորը, անոր վերջ մը դնելու Աստուծոյ խոստումը»։
Դիտարան Մարտ 1
«Կ’ուզենք այս հետաքրքրական համարին մասին ձեր կարծիքը առնել։ [Կարդացէք՝ Մատթէոս 5։10] Անհատ մը ի՞նչպէս կրնայ ուրախ ըլլալ, երբ կը հալածուի։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթին առաջին երկու յօդուածները կը խօսին անհատներու մասին, որոնք իրենց ուրախութիւնը պահպանեցին հակառակ իրենց կրած տառապանքին։ Անոնց փորձառութիւնները կարդալը հետաքրքրական պիտի գտնէք»։
Awake! Mar. 8
«Չէ՞ք համաձայնիր որ հակառակ կեանքի դժուարութիւններուն, տակաւին շնորհապարտ ըլլալու պատճառներ ունինք։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Շնորհակալ ըլլալու պատճառներէն մէկը մեր ստեղծուած կերպն է։ [Կարդացէք՝ Սաղմոս 139։14] Որքա՜ն երախտապարտ կրնանք ըլլալ որ կեանքը արժեւորելու անհրաժեշտ եղող զգայարանքները ունինք, ինչպէս Զարթի՛ր–ի այս թիւը կը բացատրէ»։