Պարբերաթերթերուն Մասին Ի՛նչ Ըսենք
Oct. 22
«Նկատա՞ծ էք թէ հետզհետէ աւելի շատ կը լսենք թէ մանրէներ յաջողութեամբ կը դիմադրեն բժշկական դարմանումներուն։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը կը քննարկէ ասոր պատճառները եւ ցոյց կու տայ թէ ի՛նչ կրնանք ընել մեր անձերը պաշտպանելու համար։ Անիկա նաեւ նկատի կ’առնէ Աստուածաշունչի խոստումը նոր աշխարհի մը մասին, ուր ո՛չ մէկը հիւանդ պիտի ըլլայ»։ Կարդացէք Եսայեայ 33։24–ը։
Դիտարան Նոյեմբեր 1
«Մեր դիմակալած որոշումներէն շատեր հեռահաս ազդեցութիւններ ունին մեր կեանքին վրայ։ Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել որ անխոհեմ որոշումներ կայացնելէ խուսափինք։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։ Ապա կարդացէք Առակաց 3։6–ը։] Դիտարան–ի այս թիւը Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած հինգ ուղեգծեր կը ներկայացնէ, որոնք կրնան մեզի օգնել իմաստուն որոշումներ կայացնելու»։
Nov. 8
«Քարիւղէ պատրաստուած արտադրութիւնները, մեր կեանքի գրեթէ բոլոր երեսակներուն վրայ ազդեցութիւն ունին։ Բնաւ հարց տուա՞ծ էք թէ առանց անոնց կեանքը ի՛նչպէս պիտի ըլլար։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը նկատի կ’առնէ թէ քարիւղը ի՛նչպէս սկսաւ աչքառու դեր մը խաղալ արդի ընկերութեան մէջ։ Անիկա նաեւ կը բացատրէ թէ ինչո՛ւ պէտք չէ վախնանք որ օրին մէկը քարիւղը կրնայ սպառիլ»։