Գովասանքը կը Թարմացնէ
1 Անկողին չմտած աղջնակը հեկեկալով ըսաւ. «Այսօր բարի չկեցա՞յ»։ Այս հարցումը անակնկալի բերաւ մայրը։ Նկատելով հանդերձ թէ այդ օրը իր աղջնակը որքա՜ն ջանք թափած էր բարի կենալու համար, ան անտեսած էր գովասանքի խօսք մը իսկ ըսել։ Այդ աղջնակին արցունքները մեզի պէտք է յիշեցնեն թէ բոլորս,– երիտասարդ թէ տարեց,– գովասանքի կարիքը ունինք։ Մեր շուրջը գտնուողները կը թարմացնե՞նք, իրենց ըրած լաւ բաներուն համար մեր գնահատութիւնը յայտնելով։—Առ. 25։11
2 Հաւատակից Քրիստոնեաները բազմաթիւ լաւ պատճառներ կու տան մեզի որ զիրենք գովենք։ Երէցները, օգնական ծառաները եւ ռահվիրաները ծանր կ’աշխատին իրենց պատասխանատուութիւնները կատարելու համար։ (Ա. Տիմ. 4։10. 5։17) Աստուածավախ ծնողներ իրենց լաւագոյնը կ’ընեն իրենց զաւակները Եհովայի ուղիներուն մէջ մեծցնելու համար։ (Եփ. 6։4) Քրիստոնեայ դեռատիներ ծանր պայքար կը մղեն ‘աշխարհի հոգիին’ դէմ դնելու համար։ (Ա. Կորն. 2։12. Եփ. 2։1-3) Ուրիշներ հաւատարմօրէն Եհովայի կը ծառայեն, ի հեճուկս յառաջացած տարիքին, առողջապահական խնդիրներուն, կամ այլ փորձութիւններու։ (Բ. Կորն. 12։7) Բոլոր այս անհատները գովասանքի արժանի են։ Անոնց գովելի ջանքերուն կը գիտակցի՞նք։
3 Անհատական ու Մասնայատուկ. Բոլորս կ’ուրախանանք երբ բեմէն գովասանքի խօսքեր լսենք։ Սակայն գովասանքը ա՛լ աւելի թարմացուցիչ է, երբ անձնապէս մեզի ուղղուի։ Օրինակ, Հռովմէացիներուն ուղղուած նամակին 16–րդ գլուխին մէջ, Պօղոս գնահատութեան մասնայատուկ խօսքեր ըսաւ՝ Փիբէի, Պրիսկէի եւ Ակիւղասի, Տրիփոնէի եւ Տրիփոսէի, Պերսիդէի եւ ուրիշներու մասին։ (Հռովմ. 16։1-4, 12) Անոր խօսքերը որքա՜ն թարմացուցած ըլլալու էին այդ հաւատարիմները։ Այսպիսի գովասանք մը մեր եղբայրներն ու քոյրերը կը հաւաստիացնէ թէ իրենց պէտք ունինք եւ մեզ իրարու կը մօտեցնէ։ Վերջերս անձամբ մէկը գովա՞ծ էք։—Եփ. 4։29
4 Սրտանց. Իրապէս թարմացուցիչ ըլլալու համար, գովասանքը անկեղծ պէտք է ըլլայ։ Մարդիկ կրնան զգալ թէ մեր խօսածը սրտա՞նց է թէ ոչ «շողոքորթութիւն» է։ (Առ. 28։23) Մինչ մեր անձը կը մարզենք ուրիշներու մէջ լաւ բաներ նկատելու, մեր սիրտը պիտի մղուի զիրենք գովելու։ Թող որ անկեղծօրէն գովելու մէջ առատաձեռն ըլլանք, գիտնալով որ «ճիշդ ժամուն ըսուած խօսքը որչա՜փ գեղեցիկ է»։—Առ. 15։23