Հաճեցէք Շուտով Այցելել
Որո՞նց շուտով այցելել։ Անոնց որ կ’ուզեն գրականութիւն մը կամ կանոնաւորաբար պարբերաթերթ ստանալ, կամ կը փափաքին որ Վկայ մը իրենց այցելէ իրենց տան մէջ։ Այս խնդրանքները ուրկէ՞ կու գան։ Անհատներէ որոնք նամակով, հեռաձայնով կամ Համացանցի մեր պաշտօնական կայքին միջոցով մասնաճիւղի գրասենեակին հետ շփման մէջ կու գան։ Երբ այսպիսի հետաքրքրութիւն ցուցաբերուի, մասնաճիւղի գրասենեակը տեղական ժողովքին կ’իմացնէ S-70 պատճենով, որ ունի սա խորագիրը՝ «Հաճեցէք Կարգադրել որ Որակելի Հրատարակիչ մը Այս Անհատին Այցելէ»։ Երբ երէցները S-70 պատճենը ստանան, անմիջապէս զայն պէտք է տան հրատարակիչի մը որ ժրաջանօրէն հոգ պիտի տանի ցուցաբերուած հետաքրքրութեան։ Եթէ հրատարակիչը անհատը իր տան մէջ գտնելու դժուարութիւն ունենայ, կրնայ անոր հեռաձայնել կամ խոհեմութեամբ երկտող մը ձգել։ Եթէ ձեզմէ խնդրուի այսպիսի այցելութիւն մը ընել, հաճեցէք ամէն ջանք թափել որպէսզի հետաքրքրուած անհատին հետ շուտով շփման մէջ գաք։