Շրջանային Համաժողովի Վերաքաղ
Այս նիւթը պիտի գործածուի Ծառայութեան Ժողովի յայտագրին մէջ, ժողովքը 2006 ծառայութեան տարուան շրջանային համաժողովը ունենալէն քիչ առաջ ու վերջ։ Վերակացու տեսուչը զայն պիտի կարգադրէ, ինչպէս ուրուագծուած է Օգոստոս 2004–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին մէջ, էջ 4։ Վերաքաղի ընթացքին, բոլոր հարցումները պէտք է ուղղուին, ցցուն ընելով թէ ի՛նչպէս կրնանք ներկայացուած տեղեկութիւնները կիրարկել։
ԱՌԱՋԻՆ ՕՐ
1. Նոր անձնաւորութիւնը ի՞նչպէս կը հագնինք, եւ ինչո՞ւ զայն պէտք է պահպանենք։
2. Ոմանք ի՞նչպէս քարոզչութեան մէջ իրենց մասնակցութիւնը աւելցուցած են։
3. Ինչո՞ւ մենք մեզ ուրիշներուն հետ պէտք չէ բաղդատենք։
4. Ընտանիքի անդամները ի՞նչպէս կրնան նոր անձնաւորութիւնը ցուցաբերել ընտանեկան շրջանակէն ներս։
5. Ժողովքին մէջ ի՞նչպէս կրնանք հաւատարմօրէն զօրակցութիւն յայտնել։
6. Դաշտի ծառայութեան մէջ ինչո՞ւ նոր անձնաւորութիւնը պէտք է ցոյց տանք։
7. Պատշաճ խորհրդածութիւնը ի՞նչ կը պարփակէ, եւ անկէ ի՞նչպէս կ’օգտուինք։
8. Ո՞ր յատկութիւնները մեզ կոփելի կը դարձնեն Եհովայի ձեռքերուն մէջ։
ԵՐԿՐՈՐԴ ՕՐ
9. Մեր լեզուն շիտակ կերպով գործածելը որքա՞ն կարեւոր է։
10. Գործընկերներու, դպրոցակիցներու եւ ուրիշներու հետ շինիչ խօսելակերպ գործածելով, ի՞նչ օգուտներ կը քաղենք։
11. Հաւատակիցներուն հետ մեր գործառնութեանց մէջ, ի՞նչպէս կրնանք Եփեսացիս 4։25-32–ի մէջ գտնուող Պօղոսի խրատը կիրարկել։
12. Մեր լեզուին ամենէն պատուական գործածութիւնը ի՞նչ է։
13. Չարին յաղթելու համար, ի՞նչ պէտք է ընենք։
14. Ո՞ր մարզերուն մէջ պէտք է ջանանք աշխարհէն անարատ մնալ։
15. Մեր ներքին մարդը ինչո՞ւ օրէ օր պէտք է նորոգենք, եւ ի՞նչպէս։
16. Այս տարուան շրջանային համաժողովի յայտագրին ո՞ր խրատները կը ծրագրես գործադրել։