Շրջանային համաժողովի նոր յայտագիր
Այս փտած հին աշխարհին վերջին օրերուն ընթացքին, կենսական է որ մեր հոգեւոր հանդերձները պահենք եւ մեր քրիստոնէական ինքնութիւնը պաշտպանենք։ (Յայտ. 16։15) Հետեւաբար տեղին է որ 2006 ծառայութեան տարուան շրջանային համաժողովի յայտագրին բնաբանն է՝ «Հագէ՛ք նոր անձնաւորութիւնը»։—Կող. 3։10, ՆԱ
Առաջին օր. «Նոր անձնաւորութեան երեսակները ցուցաբերենք» խորագրով առաջին ճառաշարը, ուշագրաւ պիտի դարձնէ թէ նոր անձնաւորութիւնը մշակելը ի՛նչպէս մեզի կ’օգտէ մեր կեանքին բոլոր մարզերուն մէջ։ Նոր անձնաւորութիւնը ի՞նչպէս կը մշակենք։ Ասիկա նկատի պիտի առնուի առաջին օրուան վերջին երկու դասախօսութիւններուն մէջ՝ «Դուն քեզ կրթէ՝ պատշաճօրէն խոկալու համար» եւ «Նոր անձնաւորութիւնը կաղապարող կրթութիւնը»։
Երկրորդ օր. Մեր լեզուն գործածելու կերպին վրայ նոր անձնաւորութեան բանեցուցած ազդեցութիւնը նկատի պիտի առնուի երկրորդ ճառաշարին մէջ՝ «Իմաստուններուն լեզուն մշակենք»։ Հանրային դասախօսութեան բնաբանն է՝ «Չարին կը յաղթե՞ս», եւ պիտի քաջալերէ Սատանայի ռազմավարութիւններուն նկատմամբ արթուն մնալ։ Համաժողովին վերջին երկու դասախօսութիւնները՝ «Քու անձդ անարատ պահէ աշխարհէն» եւ «Մեր ներքին մարդը օրէ օր նորոգենք», մեզի պիտի օգնեն որ Աստուծոյ արդար ճամբաներուն հակասող կեցուածքներն ու վարքը մերժենք եւ Եհովայի պաշտամունքին մէջ հաստատ մնանք։
Անձկագին կը սպասենք այս քաջալերութիւնը ստանալու, որ նոր անձնաւորութիւնը հագնինք ու պահպանենք։