Զարթի՛ր–ի մասնայատուկ թիւ մը պիտի ներկայացնենք Սեպտեմբերին
1 Գրեթէ ամէն ոք թռչուններու գեղգեղանքը եւ արեւնամուտի տեսարանը կը գնահատէ։ Սակայն շատեր չեն ընդունիր թէ ասոնք սիրալիր երկնաւոր Հօր մը ստեղծագործութիւնն են։ Զարթի՛ր–ի մասնայատուկ թիւ մը բաշխելով, Եհովայի արարչութեան վկայելու յատուկ պատեհութիւնը պիտի ունենանք։ (Եսայ. 40։28. 43։10) Սեպտեմբերի թիւը ամբողջութեամբ յատկացուած է՝ «Ստեղծիչ մը կա՞յ» նիւթին։
2 Թաղամասին մէջ. Եթէ կարելի է, կարգադրէ որ ամէն Շաբաթ ժողովքին հետ տունէ տուն ծառայութեան մասնակցիս։ Անշուշտ կրնաս մասնայատուկ պարբերաթերթը շաբթուան ընթացքին ալ ներկայացնել։ Այս Զարթի՛ր–ը յատկապէս պէտք է հետաքրքրէ ուսուցիչները եւ ուրիշներ, որոնք կրթական մարզին մէջ կ’աշխատին։ Հետեւաբար ժողովքի թաղամասին մէջ գտնուող այսպիսի անհատներու այցելելու մասնայատուկ կարգադրութիւններ կարելի է ընել։
3 Եթէ անհատը հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ, իրեն հարցում մը ուղղէ, որուն յաջորդ այցելութեան պիտի պատասխանես։ Օրինակ, կրնաս հարցնել թէ սիրալիր Ստեղծիչ մը ինչո՛ւ այսքան տառապանք կը թոյլատրէ։ Ապա, վերայցելութեան կրնաս Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գրքին առաջին գլուխին կամ 11–րդ գլուխին մասին խօսիլ։ Կամ՝ թերեւս երկրի նկատմամբ Ստեղծիչին նպատակին մասին հարցում մը ուղղես, ապա վերայցելութեան ընթացքին 3–րդ գլուխը նկատի առնես։
4 Դպրոցը. Եթէ դպրոց յաճախող մըն ես, ինչո՞ւ մասնայատուկ Զարթի՛ր–ը ուսուցիչներուդ եւ դասընկերներուդ չներկայացնես իբրեւ նուէր։ Պարբերաթերթը գրասեղանիդ վրայ դնելով, թերեւս ոմանք մղես որ մեր հաւատալիքներուն մասին հարցումներ ուղղեն։ Հաւանաբար առիթներ ունենաս անոր բովանդակած կարգ մը տեղեկութիւնները գործածելու՝ դասարանային զրոյցներու ընթացքին հաւատքդ պաշտպանելու կամ տեղեկագրութիւններ պատրաստելու համար։ Քեզի օգնելու համար, այս Զարթի՛ր–ը կը բովանդակէ «Պատանիները կը հարցնեն» յօդուած մը, «Ստեղծագործութեան հանդէպ հաւատքս ի՞նչպէս կրնամ պաշտպանել» խորագրով։
5 Եհովա իր ստեղծագործութեան համար պատիւի ու փառքի արժանի է։ (Յայտ. 4։10) Կրնանք մեր Ստեղծիչը պատուել եւ ուրիշներուն օգնել որ նոյնը ընեն, խանդավառօրէն Զարթի՛ր–ի Սեպտեմբեր թիւը ներկայացնելով։