Համարձակ բայց՝ խաղաղասէր
1 Մեր քարոզած անհատներէն շատեր անկեղծօրէն կը նշեն հաւատալիքներ, որոնք Աստուածաշունչի ճշմարտութեան հետ ներդաշնակ չեն։ Թէեւ համարձակօրէն պէտք է քարոզենք, բայց նաեւ կ’ուզենք ‘ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունենալ’ եւ անտեղիօրէն զանոնք նեղացնելէ խուսափիլ։ (Հռովմ. 12։18. Գործք 4։29) Ի՞նչպէս կրնանք համարձակ ու խաղաղասէր ըլլալ, երբ Թագաւորութեան պատգամը կը ներկայացնենք։
2 Հասարակաց գետին գտիր. Խաղաղասէր անհատը վիճաբանութիւններէ կը խուսափի։ Տանտիրոջ ամուր բռնած հաւատալիքները անհարկիօրէն հերքելը կրնայ պատճառ ըլլալ որ մեր պատգամին ականջ չտայ։ Եթէ ան սխալ բան մը ըսէ, թերեւս կրնաս նրբանկատօրէն կէտ մը նշել, որուն շուրջ երկուքդ ալ համաձայն էք։ Շեշտելով ի՛նչ որ երկուքդ ալ կը հաւատաք, կրնաս ժխտական զգացումները հեռացնել ու անոր սրտին խօսիլ։
3 Եթէ տանտիրոջ սխալ տեսակէտը չսրբագրենք, ասիկա կը նշանակէ՞ թէ զիջում կ’ընենք կամ ճշմարտութիւնը կը տկարացնենք։ Ո՛չ։ Որպէս Քրիստոնեայ քարոզիչներ մեր նշանակումը, ո՛չ թէ իւրաքանչիւր սխալ գաղափար հերքել է, այլ՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզել։ (Մատթ. 24։14) Երբ անհատ մը սխալ տեսակէտ մը արտայայտէ, կրնանք զայն պատեհութիւն մը նկատել՝ անոր մտածումին մասին գաղափար կազմելու։—Առ. 16։23
4 Արժանապատուութիւնը պահէ. Երբեմն, երբ սխալ ուսուցումներ կը հերքենք, համարձակ ու քաջ պէտք է ըլլանք։ Սակայն որպէս խաղաղասէր անհատներ, չենք ծաղրեր եւ նսեմացուցիչ խօսքերով չենք նկարագրեր զանոնք, որոնք սխալ գաղափարներու կը հաւատան ու կը սորվեցնեն։ Գերակայութեան հովեր առնելը տանտէրը կը հեռացնէ, բայց խոնարհ ու ազնիւ մօտեցումը՝ ճշմարտութիւնը սիրողին միտքը կը բանայ։ Մեր ունկնդիրներուն ու անոնց հաւատալիքներուն հանդէպ յարգանք ցուցաբերելը, անոնց արժանապատուութիւնը կը պահէ եւ մեր պատգամը ընդունիլը կը դիւրացնէ։
5 Պօղոս առաքեալ իր քարոզած անհատներուն հաւատալիքները նկատի առաւ եւ ջանաց բարի լուրը այնպէս մը ներկայացնել որ անոնց սրտին դպչի։ (Գործք 17։22-31) Ան յօժարակամ «ամենուն հետ ամէն բան» եղաւ, որպէսզի ‘մէկ քանիները ապրեցնէ’։ (Ա. Կորն. 9։22) Կրնանք նոյնը ընել խաղաղասէր ըլլալով, մինչ համարձակօրէն բարի լուրը կը քարոզենք։