Բացումներ՝ պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար
May
«Կը խորհի՞ս որ Աստուած մեր արարքներն ու ապագան նախասահմանած է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչի այս համարին համաձայն, Աստուած թոյլ կու տայ որ մարդիկ ընտրեն թէ ի՛նչպէս կ’ուզեն ապրիլ։ [Կարդա՛ Բ. Օրինաց 30։19–ն։] Այս յօդուածը ցոյց կու տայ թէ Աստուածաշունչը այս նիւթին շուրջ ի՛նչ կ’ըսէ»։ Ցոյց տուր էջ 12–ի վրայ գտնուող յօդուածը։
ԴԻՏԱՐԱՆ Յունիս 1
«Այս հարցումին ի՞նչպէս կը պատասխանես։ [Կողքին վրայի հարցումը կարդա՛, ապա թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը յոյսի պատճառ մը կու տայ մեզի։ [Կարդա՛ Մատթէոս 6։9, 10–ը։] Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ թէ ի՛նչպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան միջոցով երկրի վրայ Աստուծոյ կամքը պիտի ըլլայ»։
June
«Կը փափաքիմ որ սա համարին շուրջ քու կարծիքդ տաս։ [Կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 6։10–ը։] Կը խորհի՞ս թէ դրամի եւ նիւթական ստացուածքներու ետեւէն եղողները՝ ասոնց պատճառաւ իրապէս կը տառապին։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ հարստութեան հետամուտ ըլլալուն գէշ հետեւանքները»։