Ի՛նչպէս պարբերաթերթերը առաջարկել
ԴԻՏԱՐԱՆ 1 մայիս
«Ոմանք կը հաւատան թէ ճակատագիրը կ’որոշէ մեր ապագան, մինչ ուրիշներ համոզուած են թէ մե՛նք կ’ընտրենք մեր կեանքի ընթացքը։ Դուն ի՞նչ կը խորհիս։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ սա հետաքրքրական խօսքը։ [Կարդա՛ Ժողովող 9։11–ը։] Այս յօդուածը նկատի կ’առնէ Աստուածաշունչին պատասխանը սա հարցումին՝ ‘Մեր կեանքը նախասահմանուա՞ծ է’»։ Էջ 14–ի վրայ գտնուող յօդուածը ներկայացուր։
ԴԻՏԱՐԱՆ 1 յունիս
«Քու կարծիքովդ, ի՞նչ բան կը դժուարացնէ որ անհատ մը Աստուծոյ հաւատայ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Հետեւեալ համարին համաձայն, հաւատքը կարեւոր է։ [Կարդա՛ Եբրայեցիս 11։6–ը։] Այս պարբերաթերթը կը քննարկէ չորս քայլեր, զորս կրնանք առնել մեր հաւատքը զօրացնելու համար»։