Կրնաս հարստութիւն ձեռք ձգել
1. Կանոնաւոր ռահվիրայութիւնը ինչո՞ւ նկատի պէտք է առնենք։
1 Կը ջանա՞ս կեանքդ աւելի ուրախ եւ գոհունակ դարձնել։ Ուրիշներուն օգնելու մէջ հաճոյք եւ գոհունակութիւն կը գտնե՞ս։ Եհովայի մատուցած ծառայութիւնդ կ’ուզե՞ս աւելցնել։ Եթէ այս հարցումներէն որեւէ մէկուն այո՛ պատասխանես, ուրեմն կանոնաւոր ռահվիրայութիւնը նկատի առնելու ես։ Անշուշտ, ընտանեկան եւ աստուածաշնչական այլ պատասխանատուութիւններ, ինչպէս նաեւ առողջութիւնն ու ֆիզիքական սահմանափակումները, հաշուի պէտք է առնուին։
2. Կանոնաւոր ռահվիրաներուն ձեռք ձգած կարգ մը հոգեւոր հարստութիւնները թուէ։
2 Աստուծմէ ներշնչուած Սողոմոնի գրութիւնները Եհովայի օրհնութիւնը կը կապեն նիւթական հարստութեան հետ։ (Առ. 10։22) Ներկայիս, Եհովայի օրհնութիւնը գլխաւորաբար հոգեւոր հարստութիւն կու տայ։ Կանոնաւոր ռահվիրաները առատօրէն կը վայելեն այսպիսի հարստութիւն։ Օրինակ, անոնք անձնական հետապնդումներէն ‘ժամանակը ծախու կ’առնեն’ եւ ուրիշներուն տալով յաւելեալ ուրախութիւն կը զգան։ (Կող. 4։5. Գործք 20։35) Եհովա անոնց սիրոյ աշխատանքը նկատի կ’առնէ եւ կը գնահատէ։ ‘Երկինքը դիզուած այս գանձերը’ երբեք իրենց արժէքը պիտի չկորսնցնեն։ (Մատ. 6։20. Եբր. 6։10) Ասկէ զատ, մինչ ռահվիրաներ ‘պարզ աչք’ մը կը պահեն եւ Եհովայի կը վստահին որ իրենց անհրաժեշտութիւնները հայթայթէ, իրեն հետ անոնց յարաբերութիւնը աւելի կը զօրանայ։—Մատ. 6։22, 25, 32. Եբր. 13։5, 6
3. Հոգեւոր հարստութիւն հետապնդելուն եւ նիւթական հարստութիւն հետապնդելուն միջեւ ի՞նչ հակադրութիւն կայ։
3 Նիւթական հարստութիւն հետապնդելը յաճախ «շատ յիմարական ու վնասակար ցանկութիւններու» կ’առաջնորդէ։ (Ա. Տիմ. 6։9, 10. Յակ. 5։1-3) Սակայն Եհովայի օրհնութեան պարագան այսպէս չէ։ Իրենց ժամանակին կարեւոր մէկ մասը ծառայութեան մէջ անցընելը, կանոնաւոր ռահվիրաներուն կ’օգնէ հոգեւոր հաւասարակշռութիւն պահպանելու եւ աւելի կարեւոր բաներու վրայ կեդրոնացած մնալու։ (Փիլ. 1։10) Ճարտարագէտ եղբայր մը, ժամանակ վատնող իր ասպարէզը ձգեց ռահվիրայ ըլլալու համար։ Ան ըսաւ. «Անդրադարձայ որ աշխարհիկ գործս ճնշիչ էր։ Սակայն այս չէր պարագան ռահվիրայութեան հետ։ Այժմ կրնամ մարդոց օգնել եւ անոնց ճշմարտութիւնը սորվեցնել։ Ասիկա շա՜տ աւելի իմաստալից եւ հետաքրքրական է»։
4. Կանոնաւոր ռահվիրաները ի՞նչպէս կ’օրհնուին, մինչ ուրիշներուն օրհնութիւններ կը բերեն։
4 Ուրիշներուն օրհնութիւն է. Ներկայիս ամէն ոք «չար ժամանակներ» կը դիմագրաւէ։ (Բ. Տիմ. 3։1) Մարդիկ ամէնուրեք ճարահատ են եւ յոյսի կարիք ունին։ Թագաւորութիւնը ծանուցանողները կ’ուրախանան երբ անձամբ տեսնեն թէ մարդոց յոռետեսութիւնը կրնայ լաւատեսութեան վերածուիլ, մինչ բարի լուրին կ’ընդառաջեն։ Ասիկա ի՜նչ մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ այս փրկարար գործին տարեկան 800 ժամէ աւելի տրամադրող կանոնաւոր ռահվիրաներուն համար։—Ա. Տիմ. 4։16
5, 6. Ի՞նչ բան կարելի պիտի դարձնէ որ կանոնաւոր ռահվիրայ մը ըլլաս։
5 Լրջօրէն մտածա՞ծ ես որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ ծառայել։ Անիկա կը պահանջէ որ նուազ կարեւոր հետապնդումներէ ‘ժամանակը ծախու առնես’։ (Եփ. 5։15, 16) Շատեր ասիկա ըրած են եւ իրենց կեանքը պարզացուցած են։ Ասիկա կարելի դարձուցած է որ իրենց աշխարհիկ գործին ժամերը նուազեցնեն, եւ Թագաւորութեան շահերուն աւելի ժամանակ տրամադրեն։ Կրնա՞ս գործերդ կարգի դնել որպէսզի անոնց միանաս։
6 Գործնական յայտագիր մը պատրաստելու համար Եհովայէ իմաստութիւն խնդրէ։ (Յակ. 1։5) Ասոր փոխարէն ի՞նչ օրհնութիւններ կ’ակնկալես։ Արդարեւ հոգեւոր ճոխ հարստութիւն։ Եհովա նաեւ քեզ պիտի օրհնէ նիւթապէս, անհրաժեշտ եղած բաները հայթայթելով։ (Մատ. 6։33) Անոնք որ Եհովան կը փորձեն այս մարզին մէջ, պիտի ստանան ‘օրհնութիւն, այնքան շատ որ բաւական տեղ չըլլայ’։—Մաղ. 3։10