Շրջանային համաժողովի նոր յայտագիր
Ի՞նչպէս կարելի է ճշմարիտ պաշտամունքին կատաղիօրէն հակառակողներուն դէմ հաստատուն կայնիլ։ Ի՞նչպէս կրնանք մեզ յարատեւաբար ետ ամբարիշտ աշխարհ քաշել փորձող ուժերը նուաճել։ 2009–ի ծառայութեան տարուան շրջանային համաժողովի յայտագիրը այս կենսական հարցումներուն պիտի պատասխանէ։ Բնաբանն է՝ «Շարունակէ բարիով յաղթել չարին» (Հռով. 12։21)։ Ահաւասիկ յայտագրին կարգ մը կէտերը։
Նահանգային տեսուչը պիտի ներկայացնէ հետեւեալ դասախօսութիւնները. «Ամրապնդուած՝ չարին բարիով յաղթելու», «Չափազանց ինքնավստահութենէ զգուշացի՛ր», «Շուտով՝ ամէն չարութեան վերջ պիտի դրուի» եւ «Մեր հաւատքը զօրացնել՝ աշխարհին յաղթելու»։ Իսկ շրջանային տեսուչին դասախօսութիւններն են. «Հի՛մա է ժամանակը արթուն մնալու», հիմնուած՝ Հռովմայեցիս 13։11-13–ի վրայ, եւ «Նեղութեան օրը մի՛ թուլնար», հիմնուած՝ Առակաց 24։10–ի վրայ։ Ակնկալութեամբ կը սպասենք ունկնդրել նաեւ շրջանային տեսուչին սա նիւթը՝ «Շրջանային կարիքներուն ուշադրութիւն ընծայել»։ Հետաքրքրական այլ նիւթ մը պիտի ըլլայ՝ «Կրնա՞ս այս ‘սպասաւորութեան մէջ ըլլալ’՝ ռահվիրայութեան ձեռնարկելով»։ Առաջին ելոյթաշարին բնաբանն է՝ «Բանսարկուին նենգամիտ արարքներուն դէմ հաստատուն կայնէ»։ Անիկա մեզի պիտի օգնէ արուեստագիտութեան, ժամանցի եւ ուսման մարզերուն մէջ Բանսարկուին խորամանկ հնարքները բնորոշելու եւ մերժելու։ «Զօրացի՛ր այս չար օրուան մէջ դէմ դնելու համար» խորագրով երկրորդ ելոյթաշարը մեզի ցոյց պիտի տայ թէ ի՛նչպէս կրնանք Եփեսացիս 6։10-18–ի ներշնչուած խրատը աւելի լիովին կիրարկել։
Չարութեան աղբիւրին յաղթելը եւ Թագաւորութեան պատգամը քարոզելը յարակից են (Յայտ. 12։17)։ Զարմանալի չէ որ Սատանան անխոնջօրէն Եհովայի վկաներուն վրայ կը յարձակի (Եսա. 43։10, 12)։ Սակայն Բանսարկուն բոլորովին պիտի ձախողի, քանի որ վճռած ենք շարունակել ‘բարիով յաղթել չարին’։ Այս շրջանային համաժողովին չորս նիստերէն լիովին օգտուելու համար հաստատ կարգադրութիւններ ըրէ։