Ի՛նչպէս պարբերաթերթերը առաջարկել
ԴԻՏԱՐԱՆ 1 յուլիս
«Երեխաներու դաստիարակութեան, սիրոյ եւ անձնական իրագործումներու շուրջ դիւրուսոյց գիրքերը ժողովրդական են։ Անձամբ զանոնք օգտակար գտա՞ծ ես։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Շատեր վստահելի խրատներու սա աղբիւրը կ’անտեսեն։ [Կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։16–ը։] Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ կրնանք Աստուածաշունչին վստահիլ եւ օրինակներ կու տայ անոր բովանդակած գործնական խրատներուն մասին»։
ԴԻՏԱՐԱՆ 1 օգոստոս
«Աստուածաշունչը ունեցողներէն շատեր, զայն հասկնալու դժուարութիւն ունին։ Բնաւ այսպէս զգացա՞ծ ես։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Հետեւեալ համարին համաձայն, Աստուածաշունչին Հեղինակը կ’ուզէ որ իր գրաւոր Խօսքը հասկնանք եւ անկէ օգտուինք։ [Կարդա՛ Սաղմոս 119։130–ը։] Այս պարբերաթերթը երեք թելադրութիւններ կու տայ, որոնք մեզի կ’օգնեն Աստուածաշունչը հասկնալու»։