Մենք ամէ՛ն ատեն Վկաներ ենք
1. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ այն միջադէպէն, երբ Յիսուս հորի մը քով կնոջ մը վկայեց։
1 Յիսուս ժամեր քալելէ ետք, յոգնած եւ ծարաւած էր։ Սամարացիներու մէկ քաղաքին մօտ, մինչ իր աշակերտները գացին ուտելիք գնելու, ան հորի մը քով նստաւ հանգստանալու համար։ Յիսուս Սամարիա չէր եկած քարոզելու. ան պարզապէս այնտեղէն կ’անցնէր, Գալիլիոյ մէջ իր ծառայութիւնը շարունակելու համար։ Այսուհանդերձ, ան պատեհութիւնը օգտագործեց վկայելու կնոջ մը, որ ջուր կը հանէր (Յովհ. 4։5-14)։ Ինչո՞ւ։ Յիսուս երբեք չդադրեցաւ Եհովայի «հաւատարիմ ու ճշմարիտ Վկան» ըլլալէ (Յայտ. 3։14)։ Յիսուսը կ’ընդօրինակենք՝ ամէ՛ն ատեն Եհովայի վկաներ ըլլալով (Ա. Պետ. 2։21)։
2. Ի՞նչպէս կրնանք անպաշտօն կերպով վկայելու համար պատրաստուիլ։
2 Պատրա՛ստ եղիր։ Կրնանք անպաշտօն կերպով վկայելու պատրաստ ըլլալ, մեզի հետ հրատարակութիւններ կրելով։ Հրատարակիչներէն շատեր ձեռքի տակ թերթիկներ կը պահեն եւ զանոնք կը բաշխեն խանութներու մէջ աշխատողներու, վառելանիւթի կայաններու գործաւորներու եւ ուրիշներու, որոնց կը հանդիպին օրուան ընթացքին (Ժող. 11։6)։ Քոյր մը, որ յաճախ կը ճամբորդէ, միշտ իր պայուսակին մէջ կը դնէ պզտիկ Աստուածաշունչ մը եւ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը, եւ կը փորձէ իր քով նստող անհատներուն հետ խօսակցիլ։
3. Ի՞նչպէս կրնանք զրոյց մը սկսիլ։
3 Խօսակցութիւն մը սկսէ։ Երբ անպաշտօն կերպով պիտի վկայենք, հարկ չկայ որ սկիզբը աստուածաշնչական նիւթ մը նշենք։ Յիսուս սամարացի կնոջ հետ իր զրոյցը չսկսաւ՝ ըսելով թէ ինք Մեսիան էր։ Ան պարզապէս ջուր խնդրեց, կնոջ հետաքրքրութիւնը արթնցնելով (Յովհ. 4։7-9)։ Քոյր մը նկատեց թէ նման մօտեցում մը կարելի կը դարձնէ, որ խօսակցութիւն մը սկսի, երբ հարցուի թէ որոշ տօն մը ի՛նչպէս անցուց։ Փոխանակ պատասխանելու թէ չտօնեց, քանի որ Եհովայի վկայ մըն է, ան կ’ըսէ. «Անձնապէս որոշած եմ այդ տօնը չտօնել»։ Հետաքրքիր հարցնողը սովորաբար կ’ըսէ, թէ ի՛նչ է պատճառը, թոյլ տալով որ քոյրը վկայութիւն մը տայ։
4. Մատթէոս 28։18-20–ը ինչո՞ւ քեզ կը խթանէ։
4 Թէեւ Յիսուս իր երկրային նախանձախնդիր ծառայութիւնը աւարտեց, բայց կը շարունակէ քարոզչութեամբ մեծապէս հետաքրքրուիլ (Մատ. 28։18-20)։ Արդ, մեր Տիպարին՝ Յիսուսի նման, մենք Վկաներ ենք. պատրաստ ենք՝ ամէն ատեն մեր հաւատքին մասին հանրային վկայութիւն տալու (Եբ. 10։23)։