Հարցումի տուփ
◼ Ինչպէ՞ս կրնայ ամէն ոք օգնել, որ սորվելու նպաստող մթնոլորտ մը պահպանուի ժողովքային հանդիպումներուն (Բ. Օր. 31։12)։
Առ ի խոր յարգանք Եհովայի ու ժողովներու կարգադրութեան, բոլորին քաջալերութիւն կը տրուի, որ ժողովներուն կանուխ գան եւ իրմէ սորվելու պատրաստ ըլլան։ Նախընտրելի է սրահին առաջնակարգ աթոռները գրաւել, եւ ետեւի աթոռները ձգել երեխաներ ունեցողներուն ու մերթ ընդ մերթ ուշ եկողներուն։ Ելեկտրոնական սարքերը, ժողովը սկսելէ առաջ պէտք է այնպէս մը յարմարցուին, որ ներկաները չխանգարեն։ Երբ բոլոր ներկաները ժողովին ընթացքին ակնածալից վերաբերմունք ցուցաբերեն, խանգարումներուն թիւը պիտի նուազի եւ բնոյթը աննշան պիտի ըլլայ (Ժող. 5։1. Փլպ. 2։4)։
Երբ նորեկներ սկսին ժողովներու յաճախելու, ժողովքին մէջ անոնց ծանօթ եղող մը կրնայ առաջարկել անոնց հետ նստիլ։ Ասիկա յատկապէս օգտակար պիտի ըլլայ, եթէ մարզուելու կարիք ունեցող երեխաներ կան։ Ընտանիքին համար ժողովներու յաճախելը թերեւս նոր փորձառութիւն մըն է։ Ուստի, հաւանաբար անոնք պիտի գնահատեն ետեւի շարքերը, ուր նուազ խանգարում կրնան պատճառել ուրիշներու, երբ իրենց երեխաներուն կարիքները հոգալու համար հարկ ըլլայ առժամապէս գլխաւոր սրահէն դուրս ելլել (Առ. 22։6, 15)։ Փոքրիկներ ունեցող ընտանիքներ պէտք չէ անջատ սենեակի մը մէջ նստին, ուր երեխաները կրնան ազատ զգալ աղմկելու։ Ընդհանրապէս լաւագոյն կերպն է, որ ծնողքը գլխաւոր սրահէն դուրս զաւակներուն կրթութիւն մատակարարէ կամ անոնց այլ կարիքները հոգայ, ապա անոնց հետ միասին սրահ վերադառնայ։
Հիւրընկալները պաշտամունքի վայրի յարմար եղող մթնոլորտ մը պահպանելու կը ծառայեն։ Անոնք ընտանիքներուն եւ մերթ ընդ մերթ ուշ եկողներուն կ’օգնեն, որ յարմար նստարաններ գտնեն։ Հիւրընկալները փափկանկատութեամբ ու խոհեմութեամբ ուրիշներուն կ’օգնեն, որ հանգստաւէտ տեղ գտնեն առանց անհարկի խանգարում պատճառելու։ Անոնք լաւ դատողութիւն կը գործածեն, երբ անակնկալ խանգարումներ ձեռք կ’առնեն։ Երբ երեխայի մը վարքը սկսի ուրիշները խանգարելու, հիւրընկալները կրնան ազնուօրէն օգնութիւն առաջարկել։
Պաշտամունքի համար ժողովներու ներկայ եղողները կրնան նպաստել մթնոլորտի մը, որ յարմար է սորվելու Եհովայի եւ խաղաղ ու արդար նոր աշխարհ մը բերելու իր նպատակին մասին (Եբ. 10։24, 25)։