Ներկայացումի նմոյշներ
Հոկտեմբեր ամսուան առաջին շաբաթ օրը՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար
«Տարբեր ազգերու եւ կրօնքներու մէջ, մարդիկ ամէն օր կ’աղօթեն։ Ձեր կարծիքով՝ Աստուած բոլո՞ր աղօթքները կը լսէ ու կը պատասխանէ»։ Թոյլ տուր որ պատասխանէ. ապա 1 հոկտեմբեր Դիտարան–էն օրինակ մը տուր իրեն, էջ 30–ի առաջին ենթավերնագրին նիւթը եւ առնուազն նշուած համարներէն մէկը միասնաբար նկատի առէք։ Պարբերաթերթը առաջարկէ եւ յաջորդ հարցումը քննարկելու համար վերայցելութիւն մը հաստատէ։
Դիտարան 1 հոկտեմբեր
Դիտարան–ին կողքը ցուցուր եւ ըսէ. «Այս հարցումին ինչպէ՞ս պիտի պատասխանէիք։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առէք թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ։ [Կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 5։19։] Այս համարին համաձայն, աշխարհին վրայ իշխողը «չար»ն է, այսինքն՝ Սատանան։ Բայց ասկէ ուրիշ հարցումներ կը ծագին։ Սատանան ուրկէ՞ եկաւ։ Արդեօք ան իսկական անձնաւորութի՞ւն մըն է։ Աստուած ո՞րքան ժամանակ անոր թոյլ պիտի տայ որ իշխէ։ Այս պարբերաթերթը Աստուածաշունչի պատասխանները կը ներկայացնէ»։