Տեսաֆիլմեր գործածէ, երբ կը սորվեցնես
Երբ Եհովան կարեւոր տեղեկութիւններ կը հաղորդէր Աբրահամին եւ Երեմիային, ան ոչ միայն կը խօսէր, այլեւ՝ ցոյց կու տար (Ծն. 15։5. Եր. 18։1-6)։ Կրնանք մեր աշակերտներուն օգնել աստուածաշնչական ճշմարտութիւնները ըմբռնելու եւ գնահատելու, օգտագործելով օժանդակ պիտոյքներ, ինչպէս՝ մեր տեսաֆիլմերը։ Հետեւեալը գաղափարներ են, թէ ե՛րբ կարելի է տեսաֆիլմերէն ոմանք ցուցադրել։ Ի մտի ունեցիր, թէ ասոնք պարզապէս առաջարկներ են, որովհետեւ իւրաքանչիւր աշակերտի պարագան միւսէն կը տարբերի։
Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը
◻ Գլուխ 1. 17–րդ պարբերութենէն ետք, դիտել՝ Ստեղծագործութեան սքանչելիքները Աստուծոյ փառքը կը յայտնեն
◻ Գլուխ 2. վերջաւորութեան, դիտել՝ Մարդկութեան ամենահին եւ այժմէական գիրքը
◻ Գլուխ 9. 14–րդ պարբերութենէն ետք, դիտել՝ Եհովայի վկաները կազմակերպուած են՝ բարի լուրը քարոզելու
◻ Գլուխ 14. վերջաւորութեան, դիտել՝ Աստուածաշունչի զօրութիւնը ձեր կեանքին մէջ
◻ Գլուխ 15. 10–րդ պարբերութենէն ետք, դիտել՝ Մեր եղբայրութիւնը
«Աստուծոյ սէրը» գիրքը
◻ Գլուխ 3. 15–րդ պարբերութենէն ետք, դիտել՝ Պատանիները կը հարցնեն. ինչպէ՞ս իսկական ընկերներ կրնամ ունենալ
◻ Գլուխ 4. վերջաւորութեան, դիտել՝ Եհովայի հեղինակութիւնը յարգէ
◻ Գլուխ 7. 12–րդ պարբերութենէն ետք, դիտել՝ Բժշկութիւնը կը դիմագրաւէ արիւն չգործածելու մարտահրաւէրը
◻ Գլուխ 9. 6–րդ պարբերութենէն ետք, դիտել՝ Ազդարարական օրինակներ՝ մեր օրերուն համար
◻ Գլուխ 17. վերջաւորութեան, դիտել՝ ‘Հաւատքո՛վ քալէ, եւ ո՛չ թէ երեւոյթով’
Կա՞ն ուրիշ տեսաֆիլմեր, որոնք դիտելով, աշակերտներէդ մէկը կրնայ օգտուիլ։ Օրինակ, հակառակութիւն դիմագրաւող աշակերտները կրնան քաջալերուիլ՝ դիտելով հետեւեալը. Հաւատարիմ՝ փորձութիւններու ներքեւ. Եհովայի վկաները Խորհրդային Միութեան մէջ կամ Եհովայի վկաները նացիներու յարձակման դիմաց հաստատ կը մնան։ Պատանիներ կրնան օգտուիլ հետեւեալէն. Աստուած պատուող նպատակակէտերու հետամո՛ւտ եղիր եւ Պատանիները կը հարցնեն. կեանքս ի՞նչ կերպով գործածեմ։ Նոթեր առ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ եւ «Աստուծոյ սէրը» գիրքերու անձնական օրինակներուդ մէջ, որպէսզի յիշես, թէ ե՛րբ կարելի է աշակերտիդ հետ տեսաֆիլմ մը դիտել կամ իրեն փոխ տալ որ ինք դիտէ։ Մինչ նոր տեսաֆիլմեր լոյս կը տեսնեն, մտածէ թէ ինչպէ՛ս կրնաս զանոնք օգտագործել՝ Աստուածաշունչի աշակերտներուդ սրտին հասնելու համար (Ղուկ. 24։32)։