Ուսուցանող օժանդակ պիտոյքներ գործածէ՛
1. Եհովա իր վաղեմի ծառաներուն սորվեցնելու համար ի՞նչպէս օժանդակ պիտոյքներ գործածեց, եւ ասիկա ի՞նչ արդիւնք ունեցաւ։
1 Իր վաղեմի ծառաներուն կարեւոր տեղեկութիւններ հաղորդելու համար, երբեմն Եհովա գործածեց տեսիլքներ ու երազներ։ Պահ մը խորհէ Եհովայի երկնային կառքին վերաբերեալ Եզեկիէլի տեսած տեսիլքին մասին։ (Եզեկ. 1։1-28) Երեւակայէ Դանիէլի զգացումները, երբ աշխարհակալ ուժերու յաջորդականութիւնը նկարագրող մարգարէական երազը ստացաւ։ (Դան. 7։1-15, 28) Իսկ Յովհաննէս առաքեալ ստացաւ «նշաններով» ներկայացուած զգայացունց յայտնութիւնը, որ կապ ունի «տէրունական օր»ուան ընթացքին տեղի ունենալիք բաներուն հետ։ (Յայտ. 1։1, 10) Եհովա անոնց սորվեցուց՝ վառ գոյներ եւ ուժեղ արարքներ գործածելով, եւ ասիկա անոնց միտքին մէջ մնայուն տպաւորութիւն ձգեց։
2. Ի՞նչ օժանդակ պիտոյքներ կրնանք գործածել, Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները ուրիշներու սորվեցնելու համար։
2 Նմանապէս, ուսուցանելու համար կրնանք մեր տեսաերիզները գործածել, որպէսզի մնայուն տպաւորութեամբ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները հաղորդենք ուրիշներու։ Մեր տեսաերիզները այլազան նիւթեր կը ծածկեն եւ վստահութիւն կը կերտեն Աստուածաշունչի, Եհովայի կազմակերպութեան ու քրիստոնէական կենցաղը բարելաւող սկզբունքներուն հանդէպ։ Որպէս օրինակ, նկատի առ թէ ի՛նչպէս հետեւեալ տեսաերիզները կրնանք գործածել ուսուցանելու համար։
3. Աստուածաշունչի աշակերտին ուշադրութիւնը կազմակերպութեան ուղղելու համար ի՞նչ կրնաս գործածել։
3 Ծառայութեան մէջ. Աստուածաշունչի աշակերտի մը խօսա՞ծ ես մեր աշխարհածաւալ քրիստոնէական եղբայրութեան մասին։ Զայն ցոյց տուր՝ գործածելով Մեր եղբայրներու ամբողջ ընկերակցութիւնը տեսաերիզը։ Ան կրնայ զայն առանձին դիտել յաջորդ ուսումնասիրութենէն առաջ, կամ կրնաս նիստը տրամադրել որ զայն միասնաբար դիտէք։ Ապա քննարկէ Յունիս 2002–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին մէջ գտնուած վերաքաղի հարցումները։
4. Պատանի Վկայ մը դպրոցին մէջ ուսուցումի ո՞ր գործիքները կրնայ գործածել։
4 Պատանինե՛ր, կրնաք ձեր ուսուցիչէն խնդրել որ դասարանին ներկայացնէք հետեւեալ վաւերագրական տեսաերիզը՝ Եհովայի Վկաները հաստատ կը մնան Նացի յարձակման դիմաց կամ Հաւատարիմ՝ փորձութիւններու ներքեւ. Եհովայի Վկաները Սովետական Միութեան մէջ։ Առաջարկեցէք քննարկման հարցարան մը պատրաստել, օգտագործելով Յունիս 2001 կամ Փետրուար 2003–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին մէջ գտնուող հարցումները։
5. Ծնողները ի՞նչ կրնան գործածել ընտանեկան ուսումնասիրութեան ընթացքին։
5 Ընտանիքին ու բարեկամներուն հետ. Ծնողնե՛ր, պահ մը խորհեցէք թէ ձեր զաւակները որքա՛ն մեծցան այն օրէն երբ լոյս տեսաւ Պատանիները կը հարցնեն՝ ի՞նչպէս իսկական ընկերներ կրնամ ունենալ տեսաերիզը։ Ինչո՞ւ զայն անգամ մը եւս չդիտէք յաջորդ ընտանեկան ուսումնասիրութեան ընթացքին։ Ապրիլ 2002–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկը վառ ու պարզ քննարկութեան մը համար հարցումներ կը հայթայթէ։
6. Ի՞նչպէս կրնաս բարեկամներուդ հետ շինիչ ժամանակ մը անցընել։
6 Եթէ ժողովքէն կարգ մը բարեկամներ տունդ պիտի հրաւիրես, Եհովայի հեղինակութիւնը յարգենք տեսաերիզը միասնաբար դիտելը կրնայ երեկոն շինիչ դարձնել, մանաւանդ եթէ քաղուած դասերուն մասին խօսակցիք, գործածելով Սեպտեմբեր 2004–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին մէջ գտնուող հարցումները։
7. Մեր տեսաերիզները ի՞նչպէս կրնաս գործածել։
7 Այլ առիթներ. Մեր 20 տեսաերիզները ուրիշ ի՞նչ կերպերով կրնաս գործածել։ Անոնցմէ մէկը կամ երկուքը ներկայացնելը անհատի մը, որուն կանոնաւորաբար կը վերայցելես, կրնա՞յ օգնել որ հոգեւորապէս յառաջդիմէ։ Կրնա՞ս տեսաերիզները ցուցադրել տեղական ծերանոցին կամ անկելանոցին մէջ։ Տեսաերիզները կրնան նպաստել որ Վկայ չեղող ազգականներդ, դրացիներդ եւ գործակիցներդ լաւ տպաւորութիւն ունենան։ Մեր տեսաերիզները դաստիարակիչ, ազդու եւ տպաւորիչ օժանդակ պիտոյքներ են։ Զանոնք գործածէ ուսուցանելու համար։