Աշակերտելու վրայ կեդրոնացիր
1. Մարդիկ փրկուելու համար ի՞նչ բանի կարիքը ունին։
1 2014–ի ծառայութեան տարեկան տեղեկագրութիւնը ցոյց կու տայ Աստուծոյ ժողովուրդին նախանձախնդրութիւնն ու վճռականութիւնը՝ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու նկատմամբ (Մատ. 24։14)։ Որեւէ ժամանակէ աւելի Աստուածաշունչին պատգամը մարդոց կը հասցնենք տունէ տուն ծառայութեան միջոցաւ, թերթիկներ եւ հրաւիրագիրներ բաշխելու արշաւներով եւ հանրային վկայութեամբ։ Բայց որպէսզի մարդիկ փրկուին, պէտք է անոնց օգնենք որ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով՝ Յիսուսի աշակերտները ըլլան (Ա. Տիմ. 2։4)։
2. Մենք մեզի ո՞ր հարցումները ուղղելը պիտի օգնէ, որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն առաջարկելու պատրաստ ըլլանք։
2 Պատրաստ եղիր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն առաջարկելու։ Երբ անհատ մը հետաքրքրուի, կը ջանա՞ս անոր հեռաձայնի թիւը ուզել եւ ապա շուտով հեռաձայնել Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն սկսելու նպատակով։ Վերջին անգամ ե՞րբ էր որ փորձեցիր առաջին հանդիպումին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն ցուցադրել։ Վերջերս ե՞րբ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն առաջարկեցիր քեզմէ կանոնաւորաբար պարբերաթերթ առնողներուն։ Գործակիցներուդ, դպրոցակիցներուդ, դրացիներուդ, ազգականներուդ եւ ծանօթներու ցոյց տուա՞ծ ես այս տեսաերիզները. Ինչո՞ւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը ինչպէ՞ս կ’ըլլայ։ Հրատարակութիւններու սայլակ գործածելու ատեն, կը ջանա՞ս ուսումնասիրութեան հրատարակութիւն զատող անհատներուն տեղեկացնել թէ կրնան Աստուածաշունչի ձրի ուսումնասիրութիւն ունենալ։
3. Ճշմարտութիւնը յաջողութեամբ սորվեցնելու համար, մեզմէ ի՞նչ պահանջուած է։
3 Եհովան եւ Յիսուս մեզի կ’օգնեն։ Յիսուս «աշակերտեցէք» պատուէրը սկսաւ «գացէ՛ք» բառով. այսպէս ան ցոյց տուաւ որ պէտք է ջանք թափենք եւ նախաձեռնութիւնը առնենք։ Բայց ան մեզ չձգեց առանց օգնութեան, այլ խոստացաւ որ մեզի հետ պիտի ըլլայ (Մատ. 28։19, 20)։ Ասկէ զատ, Եհովան մեզի տուած է իր սուրբ հոգին եւ պէտք եղած գործիքներն ու մարզումը՝ ճշմարտութիւնը մարդոց սորվեցնելու համար (Զաք. 4։6. Բ. Կոր. 4։7)։ Կրնանք աղօթքով Եհովայէն խնդրել որ մեզի տայ ‘կամենալու եւ ընելու’ փափաքը, այս կարեւոր գործին մասնակցելու համար (Փլպ. 2։13)։
4. Ինչո՞ւ պէտք է աշակերտելու վրայ կեդրոնանանք։
4 Բարի լուրը քարոզելը մեզ շատ կ’ուրախացնէ։ Բայց ա՛լ աւելի կ’ուրախանանք, երբ անհատի մը ճշմարտութիւնը կը սորվեցնենք եւ իրեն կ’օգնենք որ ‘դէպի կեանք տանող ճամբան’ քալելու մէջ մեզի միանայ (Մատ. 7։14. Ա. Թես. 2։19, 20)։ Աւելի կարեւորը, աշակերտելու վրայ կեդրոնանալով կը հաճեցնենք Եհովան, որ «չ’ուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն» (Բ. Պետ. 3։9)։