Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ16 Նոյեմբեր էջ 5
  • «Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն» գիրքը ինչպէ՛ս գործածել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն» գիրքը ինչպէ՛ս գործածել
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2016)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Մեծ Ուսուցիչը ընդօրինակէ՝ երբ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը կը գործածես
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
  • Օգնէ ուրիշներուն որ Աստուածաշունչի ուսուցումներուն հնազանդին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
  • Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան գլխաւոր գիրքն է
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
  • Հարցումի Տուփ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2008)
Տես աւելին
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2016)
ժտ16 Նոյեմբեր էջ 5

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն գիրքը ինչպէ՛ս գործածել

Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն

Ճիշդ է որ Ի՞նչ կրնանք սորվիլ գիրքը տակաւին մատչելի չէ արեւմտահայերէն լեզուով, բայց յոյսով ենք որ անիկա մօտ ապագային լոյս տեսնէ։ Ի՞նչ կրնանք սորվիլ գիրքը եւ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը իրարու նման են։ Ուսուցանելու մեր գործիքներու տուփէն այս երկու գործիքներն ալ նոյն ճշմարտութիւններուն մասին կը խօսին՝ նոյն շարքաւորումով։ Բայց Ի՞նչ կրնանք սորվիլ գիրքը աւելի պարզ բառեր եւ տրամաբանութիւն կը գործածէ։ Անիկա պատրաստուած է անոնց համար, որոնք դժուարութիւն ունին Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը հասկնալու։ Յաւելուածի փոխարէն, այս գիրքը ունի «Բացատրութիւններ» անունով բաժին մը, ուր պարզօրէն կը բացատրուին կարգ մը արտայայտութիւններ եւ գաղափարներ, որոնք գլուխին մէջ կը գտնուին։ Գլուխներուն մէջ բացման հարցումներ կամ վերաքաղի տուփ չկայ։ Փոխարէն, անոնց վերջաւորութեան կը գտնուին աստուածաշնչական ճշմարտութիւններ, որոնք նիւթին մէջ կ’անցնին։ Ինչպէս որ է պարագան Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքին, նոյնպէս Ի՞նչ կրնանք սորվիլ գիրքը կարելի է որեւէ ատեն ներկայացնել, նոյնիսկ եթէ այդ ամսուան ընթացքին պիտի չբաշխուի։ Ինչպէ՞ս կրնանք այս գրքին աչքառու մասերը գործածել, երբ ուսումնասիրութիւն կը վարենք։

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ։ Ուսումնասիրութիւն վարելու մեր սովորական մեթոտն է Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գրքէն պարբերութիւնը կարդալ եւ ապա հարցումը ուղղել։ Բայց սեպենք որ աշակերտը լեզուն լաւ չի գիտեր կամ այդ լեզուով լաւ չի կարդար։ Այդ պարագային, կրնաս գործածել Ի՞նչ կրնանք սորվիլ գիրքը։ Կրնաս գլուխին վերջը գտնուող «Ճշմարտութիւններ» բաժինը գործածել որպէս ուսումնասիրութեան նիւթ եւ աշակերտը քաջալերել, որ գլուխը առանձին կարդայ։ Ուսումնասիրութեան մը ընթացքին, իւրաքանչիւր աստուածաշնչական ճշմարտութիւն կրնայ նկատի առնուիլ մօտ 15 վայրկեանուան մէջ։ Քանի՛ որ «Ճշմարտութիւններ» բաժինին մէջ գլուխին նշած մանրամասնութիւնները չկան, ուսուցիչը պէտք է նիւթը լաւ պատրաստէ, աշակերտին կարիքները ի մտի ունենալով։ Եթէ ուսուցիչը ուսումնասիրութիւնը կը վարէ գլուխին պարբերութիւնները գործածելով, կրնայ «Ճշմարտութիւններ» բաժինը գործածել վերաքաղ ընելու համար։

ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ։ «Բացատրութիւններ» բաժինին մէջ արտայայտութիւնները եւ գաղափարները դրուած են այն նոյն շարքաւորումով, որ գլուխի մը մէջ կ’անցնին։ Ուսուցիչը ինք կ’որոշէ թէ արդեօք Ի՞նչ կրնանք սորվիլ գրքին «Բացատրութիւններ» բաժինը ուսումնասիրութեան ընթացքին պիտի քննարկէ կամ ոչ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել