Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ17 Դեկտեմբեր էջ 8
  • Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Թաղամասին մէջ բոլորին վկայել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Թաղամասին մէջ բոլորին վկայել
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2017)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Օտարախօս անհատի մը վկայել
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2015)
  • Կազմակերպուած ենք բոլորին քարոզելու
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2021)
  • Բազմալեզու թաղամասի մէջ քարոզելու համար համագործակցիլ
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2018)
  • Երբ տանտէր մը օտար լեզու մը կը խօսի
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2008)
Տես աւելին
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2017)
ժտ17 Դեկտեմբեր էջ 8
Նամիպիոյ մէջ քոյր մը տարեց կնոջ մը հետ

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Թաղամասին մէջ բոլորին վկայել

ԻՆՉՈ՛Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է։ Զաքարիան մարգարէացաւ, որ բոլոր լեզուներէն մարդիկ բարի լուրին ականջ պիտի տան (Զաք. 8։23)։ Բայց ո՞վ պիտի սորվեցնէ անոնց (Հռով. 10։13-15)։ Մենք թէ՛ առանձնաշնորհում եւ թէ պատասխանատուութիւն ունինք, որ բարի լուրը վկայենք մեր թաղամասի բոլոր մարդոց (od էջ 84 պարբ. 10-11)։

ԻՆՉՊԷ՛Ս ԲՈԼՈՐԻՆ ՎԿԱՅԵԼ։

  • Նախապատրաստուէ։ Օտարախօս մարդոց կը հանդիպի՞ս։ Կրնաս JW Language էփ–ի օգնութեամբ պարզ ներկայացում մը սորվիլ։ Կամ կրնաս հեռախօսիկդ գործածելով անհատի մը ցոյց տալ, թէ ինչպէ՛ս կրնայ jw.org կայքին վրայ իր լեզուով աւելի տեղեկութիւններ գտնել։

  • Ուշադիր եղիր։ Եթէ տունէ տուն կը ծառայես, վկայելու որեւէ առիթ մի՛ փախցներ։ Այսինքն, խօսէ անցորդներուն կամ ինքնաշարժներու մէջ եղողներուն հետ։ Եթէ հանրային ծառայութեան կը մասնակցիս, կեդրոնացած մնա՛ նպատակակէտիդ վրայ, որն է՝ վկայութիւն տալ։

  • Ժրաջան եղիր։ Նորէն գնա այն մարդոց քով, որոնք տունը չգտար։ Ջանք թափէ որ ամէն մէկ տունէն գոնէ անձի մը հետ խօսիս. թերեւս փորձես նորէն հանդիպիլ օրուան ուրիշ մէկ ժամուն կամ շաբթուան մէջ ուրիշ օր մը։ Թերեւս տանտէրներ կան, որոնց նամակ պէտք է գրես, հեռաձայնով պէտք է խօսիս կամ հանրապէս վկայես։

  • Հետաքրքրութիւնը մշակէ։ Հետաքրքրուած անհատին քով շուտ գնա՛։ Եթէ ան տարբեր լեզու կը խօսի, փորձէ գտնել հրատարակիչ մը, որ կրնայ իրեն օգնել իր լեզուով։ Պէտք է շարունակես այցելել անհատին մինչեւ որ իր լեզուն խօսող հրատարակիչներ իրեն այցելեն (od էջ 94 պարբ. 39-40)։

ԴԻՏԷ ԿԸ ՔԱՐՈԶԵՆՔ ՄԻՆՉԵՒ «ԵՐԿՐԻՆ ԾԱՅՐԵՐԸ» ՎԻՏԷՈՆ ԵՒ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ։

  • Խումբ մը կը ծրագրէ յատուկ կերպով վկայել Նամիպիոյ մէջ

    Եղբայրներն ու քոյրերը ինչպէ՞ս պատրաստուեցան հեռաւոր թաղամասի մէջ մարդոց վկայելու (Ա. Կոր. 9։22, 23)։

  • Ինքնաշարժներ կ’ուղղուին դէպի չնշանակուած վայրեր

    Անոնք ի՞նչ արգելքներու հետ գլուխ պէտք էր ելլէին։

  • Նամիպիոյ մէջ պզտիկներ jw.org կայքի վիտէօները կը դիտեն

    Անոնք ի՞նչ օրհնութիւններ վայելեցին։

  • Ի՞նչ ջանքեր կրնաս թափել, որ թաղամասիդ մէջ աւելի մարդոց վկայես։

Ծառայութեան տեսուչը պէտք է վստահ ըլլայ, որ ժողովքին ամբողջ թաղամասը կանոնաւորաբար կը ծածկուի։ Կարգ մը երէցներու մարմիններ ամսուան մէջ մասնաւոր օրեր կը յատկացնեն քարոզելու, որ հրատարակիչները կարենան լման օր մը ծառայել այն թաղամասերուն մէջ, որոնք միշտ չեն ծածկուիր։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել