ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Բազմալեզու թաղամասի մէջ քարոզելու համար համագործակցիլ
Մարդիկ ընդհանրապէս Թագաւորութեան պատգամին աւելի՛ կ’ընդառաջեն, երբ ատիկա իրենց լեզուով լսեն։ Թերեւս ասոր համար է որ Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին, Եհովան կարգադրութիւն ըրաւ, որ «երկնքի տակ եղած բոլոր ազգերէն ժողվուած» աստուածավախ հրեաները բարի լուրը լսեն ‘իրենց լեզուով’, հակառակ անոր որ հաւանաբար կը խօսէի՛ն եբրայերէն կամ յունարէն լեզուն (Գործք 2։5, 8)։ Ներկայիս բազմալեզու շրջաններու մէջ, ժողովքներ՝ որոնք տարբեր լեզուներով ժողովներ կ’ունենան, կրնան միեւնոյն ատեն նոյն թաղամասերը բաժնեկցիլ։ Այս ժողովքներուն հրատարակիչները ինչպէ՞ս կրնան համագործակցիլ, որ բոլորին վկայութիւն տան, բայց միեւնոյն ատեն ուշադիր ըլլան, որ թաղամասը յաճախակի կերպով կամ նոյն ժամանակ չծածկեն, ինչ որ կրնայ պատճառ դառնալ որ տանտէրերը նեղանան։
Խորհրդակցէ (Առ. 15։22)։ Ծառայութեան տեսուչները պէտք է որ իրարու հետ խորհրդակցին եւ բարի լուրը քարոզելու կերպ մը գտնեն, որ բոլոր ժողովքներուն համար յարմարագոյնը ըլլայ։ Եթէ թաղամասերը սահմանափակ են, ուրիշ լեզուներով քարոզող ժողովքները հաւանաբար նախընտրեն, որ ժողովքդ չայցելէ այն անհատներուն, որոնք կը խօսին իրենց լեզուով։ Բայց եթէ այդ ժողովքները չեն կրնար իրենց ամբողջ թաղամասը կանոնաւորաբար ծածկել՝ տարածքը շատ մեծ ըլլալուն պատճառաւ, թերեւս նախընտրեն, որ թաղամասին բոլոր տուները ծածկես, բայց իրենց տեղեկացնես, երբ իրենց լեզուն խօսող անհատ մը հետաքրքրութիւն ցոյց տայ (od էջ 93 պարբ. 37)։ Կամ թերեւս խնդրեն, որ ժողովքդ իրենց օգնէ, որ գտնեն մարդիկ, որոնք իրենց լեզուն կը խօսին եւ որոնց հասցէները կարելի է փոխանցել իրենց ժողովքին (թծ 7/12 էջ 5, շրջանակ)։ Յիշէ, որ կարգ մը պարագաներու, կրնայ ըլլալ որ նոյն տան մէջ մէկէ աւելի լեզուներ կը խօսուին։ Թաղամասը ծածկելու կարգադրութիւնները պէտք է յարգեն երկրին դրած օրէնքները՝ քաղաքացիներուն անձնական տեղեկութիւնները գործածելու նկատմամբ։
Համագործակցէ (Եփ. 4։16)։ Ուշադրութեամբ հետեւէ որեւէ ուղղութեան որ ծառայութեան տեսուչդ քեզի կու տայ։ Թերեւս կը սերտես անհատի մը հետ, որ քու ժողովքիդ լեզուն չխօսիր։ Այս պարագային, աշակերտը հաւանաբար աւելի արագ յառաջդիմէ, եթէ կարգադրութիւն ընես, որ իր լեզուն խօսող մօտակայ ժողովքէ կամ խումբէ մը անհատ մը իրեն հետ սերտէ։
Պատրաստուէ (Առ. 15։28. 16։1)։ Եթէ թաղամասիդ մէջ տանտէր մը օտարախօս է, ջանք ըրէ որ բարի լուրը քարոզես իրեն։ Առաջուընէ պատրաստուէ՝ կանխաւ մտածելով, թէ շրջանիդ մէջ մարդիկ ի՛նչ լեզուներ կը խօսին եւ այդ լեզուներով Աստուածաշունչի թարգմանութիւններ ու վիտէօներ բեռնելով հեռախօսիկիդ կամ թապլեթ–իդ մէջ։ Կրնաս նաեւ JW Language app–ը գործածել՝ որ սորվիս ինչպէ՛ս կարգ մը լեզուներով բարեւել։