Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ21 Յուլիս էջ 3
  • Կարեկցէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Կարեկցէ
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2021)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուած քեզի հետ կը զգա՞յ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2018
  • Ուրիշներուն կարեկցէ
    Զարթի՛ր 2020
  • Հարցումներ հարցուր
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2021)
  • Անհատին սրտին հասիր
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2021)
Տես աւելին
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2021)
ժտ21 Յուլիս էջ 3

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ | ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԴ ԱՒԵԼՑՈՒՐ

Կարեկցէ

Կարեկցութիւնը այն կարողութիւնն է, որ մէկը հասկնայ ուրիշներուն մտածելակերպը, զգացումները, պէտքերը եւ արժեւորած բաները։ Դիմացինները շուտով կրնան ըմբռնել, որ մենք իրենց հետ կը զգանք։ Կարեկցելու համար նաեւ պէտք է սրտանց ուզենք օգնել։ Երբ ծառայութեան մէջ մարդոց կը կարեկցինք, ընդօրինակած կ’ըլլանք Եհովան, եւ ասիկա կը ձգէ որ մարդիկ ուզեն զինք ճանչնալ (Փլպ. 2։4)։

Կարեկից ըլլալը պարզապէս մեթոտ մը չէ որ սորվեցնելու ատեն կը գործածենք։ Մեր կարեկցութիւնը յայտնի կ’ըլլայ մեր մտիկ ըրած ու խօսած կերպով, վարմունքով, շարժուձեւերով եւ դէմքի արտայայտութիւններով։ Կարեկցութեամբ վարուելու համար պէտք է անկեղծօրէն հետաքրքրուինք դիմացի անհատով։ Պէտք է ուշադրութիւն ընենք որ ան ի՛նչ բաներով հետաքրքրուած է, ի՛նչ բաներու կը հաւատայ եւ ի՛նչ պայմաններու մէջ կ’ապրի։ Պէտք չէ զինք ստիպենք որ փոխուի մինչ գործնական կերպերով կ’օգնենք իրեն։ Երբ դիմացինը ընդունի մեր տուած օգնութիւնը, ծառայութեան մէջ մեր ուրախութիւնը կ’աւելնայ։

ԴԻՏԷ ԱՇԱԿԵՐՏԵԼՈՒ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄՏԵՍԵՑԷՔ. ՁԵՐ ՀՄՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԲԱՐԵԼԱՒԵՑԷՔ. ԿԱՐԵԿՑԵՑԷՔ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • «Աշակերտելու ուրախութիւնը համտեսեցէք. Ձեր հմտութիւնները բարելաւեցէք. Կարեկցեցէք» վիտէոյէն տեսարան մը. սրճարանի մը մէջ, Ճէյտ կը բացատրէ որ ինչո՛ւ այդ օրը չի կրնար սերտել։

    Նիդան ինչպէ՞ս Ճէյտին կարեկցեցաւ երբ ան ուշացաւ։

  • «Աշակերտելու ուրախութիւնը համտեսեցէք. Ձեր հմտութիւնները բարելաւեցէք. Կարեկցեցէք» վիտէոյէն տեսարան մը. Նիդան կարեկցութեամբ մտիկ կ’ընէ։

    Նիդան ինչպէ՞ս Ճէյտին կարեկցեցաւ, երբ ան ըսաւ որ չի կրնար սերտել, քանի որ շատ սթրես ունի։

  • «Աշակերտելու ուրախութիւնը համտեսեցէք. Ձեր հմտութիւնները բարելաւեցէք. Կարեկցեցէք» վիտէոյէն տեսարան մը. Նիդան Ճէյտին կ’օգնէ որ իր տակնուվրայ եղած սենեակը կոկէ։

    Երբ մարդոց կարեկցինք, անոնք պիտի ուզեն Եհովան ճանչնալ

    Նիդան ինչպէ՞ս Ճէյտին կարեկցեցաւ, երբ ան ըսաւ որ շատ կազմակերպուած չէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել