Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դհ18 թիւ 3 էջ 8-9
  • Աստուած քեզի հետ կը զգա՞յ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուած քեզի հետ կը զգա՞յ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2018
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ՄԱՐԴ ԱՐԱՐԱԾԸ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԵՐՊԷՆ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՈՐՎԻՆՔ
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱՐԵԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
  • ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵԶ ԿԸ ՆԿԱՏԷ, ԿԸ ՀԱՍԿՆԱՅ ԵՒ ՄԵԶԻ ՀԵՏ ԿԸ ԶԳԱՅ
  • Կարեկցէ
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2021)
  • Ուրիշներուն կարեկցէ
    Զարթի՛ր 2020
  • Ան մեր վիշտը կը հասկնայ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
  • Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Թագաւորութեան մասին ինքնավստահութեամբ խօսիլ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2014)
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2018
դհ18 թիւ 3 էջ 8-9
Աղջնակ մը կը մխիթարէ ուրիշ աղջնակ մը, որ իր ծունկը վիրաւորած է. կին մը կը մխիթարէ ուրիշ կին մը, որ կու լայ

Աստուած քեզի հետ կը զգա՞յ

ՄԱՐԴ ԱՐԱՐԱԾԸ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԵՐՊԷՆ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՈՐՎԻՆՔ

Կարեկցիլ կը նշանակէ «մէկու մը հետ զգալ կամ մէկու մը պարագաները հասկնալ՝ մենք մեզ անո՛ր պարագային մէջ երեւակայելով»։ Մտային առողջութեան մասնագէտ՝ բժիշկ Ռիք Հէնսըն, կ’ըսէ որ «կարեկցութիւնը մեր արիւնին մէջն է»։

ՊԱՀ ՄԸ ՄՏԱԾԷ։ Ինչո՞ւ միայն մարդ արարածը ծնած է կարեկցելու կարողութեամբ։ Աստուածաշունչը կը բացատրէ, որ Աստուած մարդը ստեղծեց իր պատկերով (Ծննդոց 1։26)։ Ուրիշ խօսքով, մարդ արարածը կարողութիւնը ունի Աստուծոյ անձնաւորութեան գիծերը եւ յատկութիւնները որոշ չափով ցուցաբերելու։ Անոր համար երբ հոգատար մարդիկ մղուին ուրիշներուն օգնելու, իրականութեան մէջ անոնք ընդօրինակած կ’ըլլան իրենց կարեկից Ստեղծիչը՝ Եհովա Աստուած (Առակաց 14։31)։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱՐԵԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Աստուած մեզի հետ կը զգայ եւ կ’ատէ տեսնել որ կը չարչարուինք։ Անցեալին, երբ իսրայէլ ազգը խիստ ծանր ստրկութեան տակ էր Եգիպտոսի մէջ եւ ետքը 40 դժուար տարիներ անցուց անապատին մէջ, Աստուածաշունչը Աստուծոյ մասին կ’ըսէ. «Անոնց բոլոր նեղութիւններուն ատենը նեղութիւն քաշեց» (Եսայի 63։9)։ Նկատեցի՞ր որ հոս չ’ըսեր, որ Աստուած պարզապէս տեղեակ էր որ անոնք նեղութիւն կը քաշէին։ Հապա կ’ըսէ որ ան անոնց ցաւը զգաց։ ‘Ձեզի դպչողը իմ աչքիս բիբին կը դպչի’, կ’ըսէ Աստուած (Զաքարիա 2։8)։ Ուրեմն երբ ուրիշները մեզ ցաւցնեն, Աստուած մեզի հետ կը ցաւի։

Աստուածաշունչը մեզի կը վստահեցնէ, որ նոյնիսկ եթէ մենք մեզ դատապարտենք եւ ըսենք որ Աստուծոյ կարեկցութեան արժանի չենք, «Աստուած մեր սրտերէն մեծ է եւ ամէն բան գիտէ» (Ա. Յովհաննէս 3։19, 20)։ Աստուած մեզմէ աւելի մեր անձը կը ճանչնայ։ Ան շատ լաւ գիտէ մեր բոլոր պարագաները, մտածումներն ու զգացումները եւ մեզի հետ կը զգայ։

Աստուծոյ կրնանք դիմել որ մխիթարուինք, իմաստութիւն ձեռք ձգենք եւ օգնութիւն ստանանք, գիտնալով որ ան նեղութիւն կրող մարդոց օգնութեան կը հասնի՛

Մխիթարիչ համարներ

  • «Պիտի կանչես եւ Տէրը պիտի պատասխանէ, պիտի աղաղակես ու անիկա պիտի ըսէ. ‘Ահա ես’» (ԵՍԱՅԻ 58։9)։

  • «Ձեզի համար ծրագիրս գիտեմ, կ’ըսէ Տէրը, ծրագիր մը բարօրութեան եւ ո՛չ չարիքի, ձեզի ապագայ մը եւ յոյս մը տալու։ Դուք ինծի պիտի կանչէք եւ պիտի երթաք ու ինծի աղօթք պիտի ընէք եւ ձեզի պիտի լսեմ» (ԵՐԵՄԻԱ 29։11, 12)։

  • «Արցունքներս քու տիկիդ մէջ դի՛ր։ Միթէ անոնք քու գրքիդ մէջ գրուած չե՞ն» (ՍԱՂՄՈՍ 56։8)։

ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵԶ ԿԸ ՆԿԱՏԷ, ԿԸ ՀԱՍԿՆԱՅ ԵՒ ՄԵԶԻ ՀԵՏ ԿԸ ԶԳԱՅ

Գիտնալը որ Աստուած մեզի հետ կը զգայ, մեզի կ’օգնէ՞ որ դժուարութիւններու հետ գլուխ ելլենք։ Նկատի առ Մարիային փորձառութիւնը.

«Շատ խոր ցաւ զգացի, երբ 18 տարեկան տղաս երկու տարի քաղցկեղի դէմ պայքարելէ ետք մահացաւ։ Զգացի որ կեանքը դժուար եւ անարդար է։ Եհովայէն բարկացած էի, քանի որ չմիջամտեց եւ տղաս չբժշկեց»։

«Վեց տարի ետք, կարեկից բարեկամուհի մը ինծի մտիկ ըրաւ, մինչ ես կ’արտայայտուէի՝ ըսելով որ Եհովան զիս չի սիրեր։ Առանց ընդհատումի ժամեր ինծի մտիկ ընելէ ետք, ան մէջբերեց համար մը՝ որ սրտիս դպաւ. Առաջին Յովհաննէս 3։19, 20–ը, որ կ’ըսէ. ‘Աստուած մեր սրտերէն մեծ է եւ ամէն բան գիտէ’։ Ան բացատրեց որ Եհովան կը հասկնայ մեր նեղութիւնները»։

«Հակառակ ասոր, շատ դժուար էր որ բարկութիւնս իջնէր։ Ետքը կարդացի Սաղմոս 94։19–ն, որ կ’ըսէ. ‘Իմ ներսիդիս հոգերուս շատցած ատենը՝ քու մխիթարութիւններդ իմ անձս կ’ուրախացնէին’։ Զգացի, որ կարծես այդ համարները ինծի համար գրուած էին։ Յետագային, շատ հանգստացայ երբ կրցայ Եհովային հետ խօսիլ իմ նեղութիւններուս մասին, գիտնալով որ ան ինծի մտիկ կ’ընէ եւ կը հասկնայ ինչ կը զգամ»։

Որքա՜ն կը մխիթարուինք երբ գիտնանք որ Աստուած մեզ կը հասկնայ եւ մեզի հետ կը զգայ։ Բայց ինչո՞ւ մարդիկ ա՛յսքան կը չարչարուին։ Արդեօք մեր չարչարանքը Աստուծոյ կողմէ պատի՞ժ է մեր գործած մեղքերուն համար։ Արդեօք Աստուած մեր չարչարանքին վերջ պիտի դնէ՞։ Այս հարցումներուն պատասխանները պիտի առնենք յաջորդ յօդուածներուն մէջ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել