Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ22 Փետրուար էջ 31
  • Գիտէի՞ր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Գիտէի՞ր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Գիտէի՞ր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
դ22 Փետրուար էջ 31

Գիտէի՞ր

Ինչո՞ւ լաւ էր որ Եհովան թէ՛ տատրակները եւ թէ աղաւնիները կ’ընդունէր որպէս զոհ

ՕՐԷՆՔԻՆ տակ, թէ՛ տատրակները եւ թէ աղաւնիները Եհովային կողմէ ընդունելի էին որպէս զոհ։ Այս երկու թռչունները միշտ միասին յիշուած են զոհերու վերաբերեալ օրէնքներուն մէջ, եւ մէկը կրնար միւսին տեղը առնել (Ղեւ. 1։14. 12։8. 14։30)։ Ասիկա ինչո՞ւ յարմար էր։ Պատճառներէն մէկը այն էր, որ տատրակները միշտ դիւրաւ չէին գտնուեր։ Ինչո՞ւ։

Տատրակ

Տատրակները գաղթող թռչուններ են, որոնք տաք ամիսներուն ընթացքին ամբողջ Իսրայէլի մէջ կը գտնուին։ Հոկտեմբերին անոնք դէպի հարաւ կը գաղթեն, երթալով աւելի տաք երկիրները։ Իսկ գարնան, կը վերադառնան Իսրայէլ (Երգ 2։11, 12. Եր. 8։7)։ Աստուածաշունչի օրերուն, ասիկա կը նշանակէր որ իսրայէլացիներուն համար դժուար էր ձմրան ընթացքին տատրակները որպէս զոհ մատուցանել։

Վայրի աղաւնի

Միւս կողմէ, աղաւնիները ընդհանրապէս չեն գաղթեր, անոր համար Իսրայէլի մէջ կը գտնուէին ամբողջ տարուան ընթացքին։ Ասկէ զատ, մարդիկը աղաւնիներ կը պահէին (համեմատէ՛ Յովհաննէս 2։14, 16)։ Bible Plants and Animals գիրքը կ’ըսէ. «Պաղեստինի բոլոր գիւղերուն ու գիւղաքաղաքներուն բնակիչները աղաւնիներ կը պահէին։ Իւրաքանչիւր տանտէր ունէր իր աղաւնետունը, կամ՝ պատին մէջ ծակ մը, ուր աղաւնիները կրնային ապրիլ» (համեմատէ՛ Եսայի 60։8)։

Աղաւնետան մէջ աղաւնի մը

Այսպէս, Եհովան ցոյց տուաւ թէ՛ իր սէրը եւ թէ իր տրամաբանող ըլլալը, ընդունելով որպէս զոհ թռչուններ, որոնք իսրայէլացիները դիւրաւ կրնային գտնել ամբողջ տարուան ընթացքին։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել