Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ17 Յունիս էջ 32
  • Գիտէի՞ր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Գիտէի՞ր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Յիսուս տաճարը նորէն կը մաքրէ
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
  • Յիսուս տաճարը կը մաքրէ
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Յիսուս դարձեալ տաճարը կ’այցելէ
    Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը
  • Գիտէի՞ր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
դ17 Յունիս էջ 32
Յիսուս դուրս կը վռնտէ այն վաճառականները, որոնք տաճարին մէջ առուտուր կ’ընէին

Գիտէի՞ր

Ինչո՞ւ Յիսուս իսկապէս կրնար «աւազակներ» կոչել այն վաճառականները, որոնք անասուններ կը ծախէին Երուսաղէմի տաճարին մէջ։

ՄԱՏԹԷՈՍ Աւետարանին մէջ գրուած է. «Յիսուս Աստուծոյ տաճարը մտաւ ու դուրս հանեց ամէն անոնք, որ տաճարին մէջ կը ծախէին ու կը գնէին եւ ստակ փոխողներուն սեղաններն ու աղաւնի ծախողներուն աթոռները կործանեց. եւ ըսաւ անոնց. ‘Գրուած է թէ «Իմ տունս աղօթքի տուն պիտի կոչուի». բայց դուք ատիկա աւազակներու այր ըրիք’» (Մատ. 21։12, 13)։

Պատմութիւնը կը ցուցնէ թէ տաճարին վաճառականները կը շահագործէին յաճախորդները, շատ սուղ գիներով ծախելով։ Օրինակ, աղաւնին սովորաբար այնքան աժան կ’ըլլար, որ աղքատները կրնային զայն գնել եւ զոհ մատուցանել։ Բայց հին հրէական գրութիւններ կ’ըսեն որ Ք.Ե. առաջին դարուն, գործաւոր մը պէտք էր 25 օր աշխատէր, որպէսզի իր շահած գումարով երկու աղաւնի գնէր։ Աղաւնիներուն գինը այնքան սուղ եղած էր, որ աղքատներուն կարողութենէն վեր էր (Ղեւ. 1։14. 5։7. 12։6-8)։ Ռաբբի Շմաւոն պեն Գամաղիէլ այնքա՛ն ջղայնացաւ այս վիճակին վրայ, որ քիչցուց այն զոհերուն թիւը, որ հրեաներէն պահանջուած էր։ Այսպիսով, գործաւորը միայն երեք ժամ աշխատելով կրնար զոյգ մը աղաւնի գնել։

Ինչպէս որ կը տեսնենք, տեղին էր որ Յիսուս տաճարին վաճառականները կոչեց «աւազակներ», քանի որ ագահ էին եւ մարդիկը կը շահագործէին։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել