ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 21
ԵՐԳ 50 Աստուածային սիրոյ օրինակը
Ինչպէ՞ս կրնաս կողակից մը գտնել
«Առաքինի կինը ո՞վ կրնայ գտնել։ Անոր գինը գոհարներէն շատ աւելի է» (ԱՌ. 31։10)։
ՆԻՒԹ
Աստուածաշունչի ո՞ր սկզբունքները կրնան օգնել, որ մէկը յարմար կողակից մը գտնէ, եւ ժողովքին մէջ ուրիշներ ինչպէ՞ս կրնան ամուրիներուն օգնել ասոր նկատմամբ։
1-2. ա) Ամուրի քրիստոնեաները ի՞նչ բան պէտք է նկատի առնեն, ժամադրուելու սկսելէ առաջ։ բ) Ի՞նչ ըսել է «ժամադրուիլ» (տե՛ս «Բացատրութիւն»)։
Կ’ՈՒԶԵ՞Ս ամուսնանալ։ Ճիշդ է որ պէտք չունիս անպայման ամուսնանալու որ ուրախ ըլլաս, բայց շատ մը ամուրի քրիստոնեաներ, ըլլան տարիքով պզտիկ կամ մեծ, կ’ուզեն կողակից մը ունենալ։ Անշուշտ, մէկու մը հետ ժամադրուելու սկսելէ առաջ, պէտք է նիւթական, հոգեւոր եւ զգացական գետնի վրայ պատրաստ ըլլաս ամուսնութեան (Ա. Կոր. 7։36)a։ Այսպիսով աւելի հաւանական պիտի ըլլայ, որ ուրախ ամուսնութիւն մը ունենաս։
2 Բայց միշտ ալ դիւրին չէ յարմար կողակից մը գտնելը (Առ. 31։10)։ Եւ նոյնիսկ եթէ գտնես մէկը, որուն կ’ուզես մօտէն ծանօթանալ, թերեւս դիւրին չըլլայ որ հետը ժամադրուելու սկսիսb։ Այս յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք, որ ի՛նչը կրնայ ամուրի քրիստոնեաներուն օգնել, որ յարմար մէկը գտնեն եւ ժամադրուելու սկսին։ Ասկէ զատ, պիտի տեսնենք որ ժողովքին մէջ ուրիշներ ինչպէ՛ս կրնան անոնց օգնել։
ՅԱՐՄԱՐ ԿՈՂԱԿԻՑ ՄԸ ԳՏՆԵԼ
3. Ամուրի քրիստոնեայ մը ի՞նչ բաներ պէտք է նկատի առնէ, երբ կողակից մը կը փնտռէ։
3 Եթէ կ’ուզես ամուսնանալ, պէտք է առաջ որ ժամադրուելու սկսիս լաւ գիտնաս, որ ի՛նչ յատկութիւններ կը փնտռես կողակիցի մը մէջc։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ եթէ չես գիտեր, թերեւս չնկատես անձ մը, որ կրնայ լաւ կողակից մը ըլլալ, կամ ալ թերեւս սկսիս ժամադրուիլ անձի մը հետ, որ քեզի յարմար կողակից մը չէ։ Անշուշտ, կողակիցդ պէտք է մկրտուած քրիստոնեայ մը ըլլայ (Ա. Կոր. 7։39)։ Բայց ոե՛ւէ մկրտուած անձ չի կրնար լաւ կողակից մը ըլլալ քեզի համար։ Անոր համար, դուն քեզի հարցուր. ‘Կեանքիս մէջ ի՞նչ նպատակներ ունիմ։ Ի՞նչ յատկութիւններ կ’ուզեմ տեսնել կողակիցիս մէջ։ Ակնկալութիւններս տրամաբանակա՞ն են’։
4. Ոմանք իրենց աղօթքներուն մէջ ի՞նչ խնդրած են Եհովայէն։
4 Եթէ կը փափաքիս ամուսնանալ, անկասկած աղօթած ես որ յարմար կողակից մը գտնես (Փլպ. 4։6)։ Անշուշտ, Եհովան չի խոստանար, որ իր բոլոր ծառաները կողակից մը պիտի գտնեն։ Բայց ան հետաքրքրուած է քու պէտքերովդ ու զգացումներովդ եւ քեզի կրնայ օգնել, մինչ կը փորձես յարմար կողակից մը գտնել։ Ուրեմն, շարունակէ իրեն արտայայտել քու փափաքներդ եւ զգացումներդ (Սաղ. 62։8)։ Աղօթքով իրմէ համբերութիւն ու իմաստութիւն խնդրէ (Յակ. 1։5)։ Միացեալ Նահանգներէն Ճոնd անունով ամուրի եղբայր մը կ’ըսէ, թէ իր աղօթքներուն մէջ ի՛նչ կը խնդրէ. «Եհովային կ’ըսեմ, թէ կողակիցիս մէջ ի՛նչ յատկութիւններ կ’ուզեմ գտնել, եւ կ’աղօթեմ որ առիթներ բացուին, որ յարմար կողակիցի մը հանդիպիմ։ Նաեւ Եհովայէն կը խնդրեմ, որ ինծի օգնէ մշակելու յատկութիւններ, որոնք ինծի կ’օգնեն որ լաւ ամուսին մը ըլլամ»։ Սրի Լանքայէն Թանիա անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Մինչ կը սպասեմ որ յարմար կողակիցի մը հանդիպիմ, Եհովայէն կը խնդրեմ, որ ինծի օգնէ որ հաւատարիմ, դրական եւ ուրախ մնամ»։ Նոյնիսկ եթէ անմիջապէս յարմար կողակից մը չգտնես, Եհովան խոստացած է, որ պիտի շարունակէ քու ֆիզիքական եւ զգացական պէտքերուդ հոգ տանիլ (Սաղ. 55։22)։
5. Ամուրի քրիստոնեաները ի՞նչ առիթներ ունին ծանօթանալու անձի մը, որ Եհովան կը սիրէ (Ա. Կորնթացիս 15։58) (տե՛ս նաեւ նկարը)։
5 Սուրբ Գիրքը մեզ կը քաջալերէ որ ‘աւելնանք Տէրոջը գործին մէջ’ (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 15։58)։ Եթէ Եհովային ծառայութեամբ զբաղած ըլլաս եւ տարբեր–տարբեր եղբայրներու ու քոյրերու հետ ժամանակ անցընես, ո՛չ թէ միայն օգտակար ընկերակցութիւն պիտի վայելես, հապա նաեւ առիթներ պիտի ունենաս, որ ծանօթանաս ուրիշ ամուրի անձերու, որոնք քեզի պէս կեդրոնացած են Եհովային ծառայութեան վրայ։ Եւ քանի որ լաւագոյնդ կ’ընես որ Եհովան ուրախացնես, իրական ուրախութիւն պիտի զգաս։
Եթէ Եհովային ծառայութեամբ զբաղած ըլլաս եւ տարբեր–տարբեր եղբայրներու ու քոյրերու հետ ժամանակ անցընես, կրնայ ըլլալ որ ծանօթանաս ամուսնանալ փափաքող ամուրիներու (տե՛ս պարբերութիւն 5)
6. Ամուրի քրիստոնեայ մը ի՞նչ բան պէտք է յիշէ, մինչ կողակից մը կը փնտռէ։
6 Զգուշացում մը. թող խելքդ–միտքդ կողակից մը գտնելու վրայ չըլլայ (Փլպ. 1։10)։ Իրական ուրախութիւնը ամուսնացած կամ ամուրի ըլլալէն կախեալ չէ, հապա՝ Եհովային հետ քու յարաբերութենէդ (Մատ. 5։3)։ Եւ մինչ տակաւին ամուրի ես, թերեւս աւելի ազատ ըլլաս ծառայութիւնդ աւելցնելու (Ա. Կոր. 7։32, 33)։ Ժամանակդ լաւագոյն կերպով գործածէ։ Միացեալ Նահանգներէն Ճեսիքա անունով քոյր մը, որ իր 30–ական տարիքին վերջաւորութեան ամուսնացաւ, կ’ըսէ. «Եհովային ծառայութեան մէջ զբաղած մնացի եւ ասիկա ինծի օգնեց, որ կեանքէս գոհ ըլլամ, հակառակ անոր որ կ’ուզէի ամուսնանալ»։
ԺԱՄԱՆԱԿԴ ԱՌ ՈՐ ԴԻՄԱՑԻՆԸ ԴԻՏԵՍ
7. Ինչո՞ւ իմաստութիւն է դիմացինը որոշ ժամանակ մը դիտել, առաջ որ իրեն ըսես որ իրմով հետաքրքրուած ես (Առակաց. 13։16)։
7 Ի՞նչ կրնաս ընել եթէ զգաս, որ որոշ անձ մը քեզի յարմար կողակից մը կրնայ ըլլալ։ Արդեօք պէ՞տք է որ անմիջապէս իրեն գիտցնես, որ իրմով հետաքրքրուած ես։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Խելացի անձը գիտութեամբ կը վարուի» (Առակաց 13։16, ՆԱ)։ Ուրեմն իմաստութեամբ վարուէ եւ ժամանակ մը անձը հեռուէն դիտէ, առաջ որ զգացումներդ իրեն յայտնես։ Հոլանտայէն եղող Էշուին անունով եղբայր մը կ’ըսէ. «Զգացումները կրնան շուտո՛վ զարգանալ, բայց նաեւ շուտո՛վ անհետանալ։ Ուրեմն, երբոր դուն քեզի ժամանակ տաս դիմացինը դիտելու, շուտով չես նետուիր ժամադրուելու»։ Ասկէ զատ, մինչ անձը կը դիտես, թերեւս նկատես որ քեզի յարմար կողակից մը չէ։
8. Ամուրի մը ինչպէ՞ս կրնայ առանց զգացնելու դիմացինը դիտել (տե՛ս նաեւ նկարը)։
8 Ինչպէ՞ս կրնաս առանց զգացնելու դիմացինը դիտել։ Ժողովքային հանդիպումներուն կամ ընկերային հաւաքոյթներուն, թերեւս նկատես այս անհատին հոգեւորութիւնը, անձնաւորութիւնը եւ վարքը ինչպէ՛ս են։ Որո՞նք են իր ընկերները, ինչի՞ մասին կը խօսի (Ղուկ. 6։45)։ Իր նպատակները եւ քու նպատակներդ նմա՞ն են։ Կրնաս խօսիլ իր ժողովքի երէցներուն, կամ զինք ճանչցող ուրիշ հասուն քրիստոնեաներու (Առ. 20։18)։ Կրնաս անոր համբաւին եւ յատկութիւններուն մասին հարցնել (Հթ. 2։11)։ Մինչ զինք մօտէն կը դիտես, ջանքդ ըրէ որ իրեն նեղութիւն չտաս։ Իր զգացումները յարգէ եւ մի՛ փորձեր իր բոլոր անձնական բաները գիտնալ։
Դիմացինին ըսելէ առաջ որ իրմով հետաքրքրուած ես, առանց զգացնելու զինք դիտէ ժամանակ մը (տե՛ս պարբերութիւններ 7-8)
9. Ի՞նչ բանի համոզուած պէտք է ըլլաս, առաջ որ դիմացինին հետ խօսիս։
9 Որքա՞ն երկար պէտք է սպասես առաջ որ դիմացինին ըսես, որ իրմով հետաքրքրուած ես։ Եթէ շատ շուտով հետը խօսիս, թերեւս այն տպաւորութիւնը տաս, որ դուն շատ արագ որոշում առնող ես (Առ. 29։20)։ Իսկ եթէ շատ ժամանակդ առնես, թերեւս այդ տպաւորութիւնը տաս, որ որոշում առնելու դժուարութիւնը ունիս, մանաւանդ եթէ դիմացինը զգացած է, որ իրմով հետաքրքրուած ես (Ժող. 11։4)։ Միտքդ ունեցիր, որ դիմացինին հետ խօսելէ առաջ, պէտք չունիս համոզուած ըլլալու, որ անոր հետ պիտի ամուսնանաս։ Բայց միւս կողմէ, պէտք է համոզուած ըլլաս, որ դուն ամուսնութեան պատրա՛ստ ես եւ թէ դիմացինը թերեւս յարմար կողակից մըն է։
10. Ի՞նչ պէտք է ընես եթէ զգաս, որ մէկը քեզմով հետաքրքրուած է բայց դուն ո՛չ։
10 Լաւ ի՞նչ պիտի ընես եթէ զգաս, որ դիմացինը քեզմով հետաքրքրուած է։ Եթէ դուն իրմով հետաքրքրուած չես, փորձէ ասիկա յստակ դարձնել քու վերաբերմունքովդ։ Շատ գէշ բան մըն է որ դիմացինին զգացնես, որ իրմով հետաքրքրուած ես, եթէ իրականութիւնը ատիկա չէ (Ա. Կոր. 10։24. Եփ. 4։25)։
11. Եթէ միջնորդութիւն պիտի ընես, որ երկու անձեր ժամադրուին կամ ամուսնանան, ի՞նչ բաներ պէտք է միտքդ պահես։
11 Կարգ մը մշակոյթներու մէջ, սովորական է որ ծնողքը կամ ուրիշ չափահասներ կողակից մը զատեն իրենց ամուրի ազգականներուն։ Ուրիշ մշակոյթներու մէջ, ընտանիքի անդամ մը կամ բարեկամ մը թեկնածու մը կը գտնէ ամուրի անձին համար եւ ետքը կարգադրութիւն կ’ընէ, որ տղան եւ աղջիկը իրարու ծանօթանան, որպէսզի տեսնեն եթէ կ’ուզեն ժամադրուելու սկսիլ կամ ոչ։ Եթէ քեզմէ խնդրուի որ միջնորդութիւն ընես, որ երկու անհատներ իրարու ծանօթանան կամ իրարու հետ ամուսնանան, նկատի առ այդ անհատներուն նախընտրութիւնները եւ պէտքերը։ Հազիւ որ թեկնածու մը գտնես, ջանք ըրէ որ կրցածիդ չափ տեղեկանաս, որ անոր անձնաւորութիւնը ինչպէ՛ս է, ի՛նչ յատկութիւններ ունի եւ ամէնէն կարեւորը՝ հոգեւորութիւնը ինչպէ՛ս է։ Եհովային հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն ունենալը շատ աւելի կարեւոր է, քան՝ դրամը, ուսումը կամ ընկերային դիրքը։ Բայց յիշէ, որ ի վերջոյ ամուրի եղբայրը եւ ամուրի քոյրն են, որ պիտի որոշեն, եթէ կ’ուզե՛ն իրարու հետ ամուսնանալ կամ ոչ (Գաղ. 6։5)։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ԺԱՄԱԴՐՈՒԵԼՈՒ ՍԿՍԻԼ
12. Եթէ կ’ուզես մէկու մը հետ ժամադրուելու սկսիլ, ինչպէ՞ս կրնաս ատիկա գիտցնել անձին։
12 Եթէ կը փափաքիս մէկու մը հետ սկսիլ ժամադրուելու, ինչպէ՞ս կրնաս ատիկա իրեն ըսելe։ Կրնաս կարգադրել որ իր հետը խօսակցիս կա՛մ հանրային վայրի մը մէջ, կա՛մ հեռաձայնելով եւ կամ վիտէոյով խօսելով։ Նպատակդ յստակօրէն բացատրէ (Ա. Կոր. 14։9)։ Եթէ պէտք ըլլայ, անձին ժամանակ տուր, որ մտածէ եւ ետքը պատասխան տայ (Առ. 15։28)։ Եւ եթէ ան հետաքրքրուած չէ առաջարկովդ, իր զգացումները յարգէ։
13. Ին՞չ կրնաս ընել եթէ մէկը քեզի ըսէ, որ քեզմով հետաքրքրուած է (Կողոսացիս 4։6)։
13 Լաւ, ի՞նչ կրնաս ընել եթէ մէկը քեզի ըսէ, որ քեզմով հետաքրքրուած է։ Հաւանաբար քաջութիւն կ’ուզէ, որ անհատը քեզի իր զգացումները յայտնէ։ Անոր համար, ազնուութեամբ եւ յարգանքով վարուէ իրեն հետ (կարդա՛ Կողոսացիս 4։6)։ Եթէ ժամանակ կ’ուզես, որ իրեն պատասխան տաս, ըսէ՛ իրեն։ Բայց փորձէ կարելի եղածին չափ շուտով ընել ասիկա (Առ. 13։12)։ Եթէ իրմով հետաքրքրուած չես, ասիկա ազնուութեամբ եւ յստակօրէն ըսէ իրեն։ Նկատի առ, որ Աւստրիայէն եղող Հանս անունով եղբայր մը ի՛նչ ըսաւ քրոջ մը, որ իր զգացումները արտայայտեց իրեն հանդէպ. «Որոշումս իրեն ազնուօրէն ըսի, բայց միեւնոյն ատեն յստակ էի։ Եւ պատասխանս շուտո՛վ տուի, քանի որ չուզեցի պարապ յոյսեր տալ իրեն։ Նոյն պատճառով, շատ ուշադիր էի, որ ատկէ ետք իրեն հետ ինչպէ՛ս կը վարուիմ»։ Իսկ եթէ իրմով հետաքրքրուած ես, իրեն յայտնէ զգացումներդ եւ իրեն հետ քննարկէ, թէ ժամադրուելու ժամանակաշրջանը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ։ Կրնայ ըլլալ որ կարգ մը կէտերու շուրջ տարբեր կարծիքներ ունենաք, քանի որ տարբեր մշակոյթներէ կու գաք կամ ուրիշ պատճառներով։
ՈՒՐԻՇՆԵՐ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆ ԱՄՈՒՐԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԵԼ
14. Ամուրի քրիստոնեաներուն ի՞նչ բաներ ըսենք եւ ի՞նչ բաներ չըսենք։
14 Բոլորս ինչպէ՞ս կրնանք օգնել ամուրի քրիստոնեաներուն, որոնք կը փափաքին ամուսնանալ։ Կերպերէն մէկն է՝ ուշադիր ըլլալ թէ ի՛նչ կ’ըսենք (Եփ. 4։29)։ Մենք մեզի կրնանք հարցնել. ‘Ամուսնանալ փափաքողներուն խօսք կը զարնե՞մ։ Երբ տեսնեմ որ ամուրի եղբայր մը եւ քոյր մը իրարու հետ կը խօսին, անմիջապէս կ’եզրակացնե՞մ, որ անոնք իրարու հանդէպ ռոմանթիկ զգացումներ ունին’ (Ա. Տիմ. 5։13)։ Ասկէ զատ, ամուրի քրիստոնեաներուն բնաւ պէտք չէ զգացնենք, թէ իրենց կեանքին մէջ պակաս բան մը ունին, քանի որ ամուսնացած չեն։ Նախապէս նշուած Հանսը կ’ըսէ. «Կարգ մը եղբայրներ կ’ըսեն. ‘Ինչո՛ւ չես ամուսնանար. տարիքդ կը մեծնայ’։ Այսպիսի խօսքեր ամուրիներուն կը զգացնեն որ գնահատուած չեն, եւ անոնց վրայ աւելի ճնշում կը դնեն որ ամուսնանան»։ Շատ աւելի օգտակար պիտի ըլլայ, որ առիթներ փնտռենք այս ամուրի քրիստոնեաները գովելու (Ա. Թես. 5։11)։
15. ա) Հռովմայեցիս 15։2–ի սկզբունքին համաձայն, ի՞նչ պէտք է նկատի առնենք առաջ որ ամուրիի մը օգնենք (տե՛ս նաեւ նկարը)։ բ) Վիտէոյէն ի՞նչ կարեւոր դասեր սորվեցար։
15 Ի՞նչ կրնաս ընել եթէ կը զգաս, որ եղբայր մը եւ քոյր մը յարմար զոյգ մը կրնան ըլլալ։ Սուրբ Գիրքը մեզ կը քաջալերէ, որ ուրիշներուն զգացումները նկատի առնենք (կարդա՛ Հռովմայեցիս 15։2)։ Շատ մը ամուրիներ չեն ուզեր մէկը զիրենք ծանօթացնէ ուրիշի մը, եւ մենք պէտք է յարգենք անոնց կարծիքը (Բ. Թես. 3։11)։ Ուրիշներ կ’ընդունին որ իրենց օգնենք, բայց անոնց պէտք է օգնենք միա՛յն եթէ մեզմէ օգնութիւն խնդրեն (Առ. 3։27)f։ Կարգ մը ամուրիներ կը նախընտրեն, որ ուրիշներուն տուած օգնութիւնը անուղղակի ըլլայ։ Գերմանիայէն եղող Լիտիա անունով ամուրի քոյր մը կ’ըսէ. «Կրնաս ամուրի եղբայր մը եւ ամուրի քոյր մը հրաւիրել մեծ հաւաքոյթի մը եւ առիթը ստեղծել, որ անոնք իրարու ծանօթանան, եւ մնացածը իրենց ձգել»։
Մեծ հաւաքոյթները առիթ կրնան ստեղծել, որ ամուրիները իրարու ծանօթանան (տե՛ս պարբերութիւն 15)
16. Ամուրի քրիստոնեաները ի՞նչ պէտք չէ մոռնան։
16 Ըլլա՛նք ամուրի կամ ամուսնացած, բոլորս ալ կրնանք ուրախ կեանք մը վայելել (Սաղ. 128։1)։ Ուրեմն, եթէ կ’ուզես ամուսնանալ՝ բայց տակաւին յարմար մէկը չես գտած, շարունակէ Եհովային ծառայութեան վրայ կեդրոնանալ։ Մաքաուէն Սին յի անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Մտածէ որ վաղը երբ ամուսնանաս, ամուսինիդ հետ շա՜տ երկար տարիներ ունիս անցընելիք Դրախտին մէջ, բայց հիմա ամուրիութեանդ տարիները շատ աւելի կարճ են։ Անոր համար ամուրիութիւնդ վայելէ եւ ատկէ օգտուէ»։ Բայց եթէ մէկու մը ծանօթացած ես եւ սկսած ես հետը ժամադրուիլ, յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի տեսնես, որ ժամադրուելու ժամանակաշրջանը քեզի ինչպէ՛ս կ’օգնէ, որ իմաստուն որոշում մը առնես։
ԵՐԳ 86 Հաւատարիմ կիներ, քրիստոնեայ քոյրեր
a Որոշելու համար թէ ամուսնանալու պատրա՛ստ ես կամ ոչ, տե՛ս «Ժամադրուիլ (Մաս 1). Պատրա՞ստ եմ ժամադրուելու» յօդուածը jw.org կայքին վրայ (արաբ.)։
b ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Այս եւ յաջորդ յօդուածին մէջ «ժամադրուիլ» բառը կ’ակնարկէ այն ժամանակաշրջանին, որուն ընթացքին տղայ մը եւ աղջիկ մը իրարու աւելի լաւ կը ծանօթանան, որպէսզի որոշեն թէ իրարու յարմար կողակիցներ կրնա՛ն ըլլալ կամ ոչ։ Կարգ մը երկիրներու մէջ ժամադրուիլը նաեւ ճանչցուած է որպէս՝ իրարու ծանօթանալ կամ ռոմանդիկ փոխյարաբերութիւն ունենալ։ Ժամադրուիլը կը սկսի, երբ տղայ մը եւ աղջիկ մը յստակ կը դարձնեն, որ իրարմով հետաքրքրուած են, եւ ատիկա կը շարունակուի մինչեւ այն օրը, որ կ’որոշեն թէ պիտի ամուսնանան, կամ ալ՝ կ’որոշեն այդ փոխյարաբերութեան վերջ տալ։
c Այս յօդուածին սկզբունքները կը կիրարկուին թէ՛ եղբայրներուն եւ թէ քոյրերուն։
d Կարգ մը անուններ փոխուած են։
e Կարգ մը մշակոյթներու մէջ, սովորաբար եղբայրներն են որ կը մօտենան քոյրերուն եւ կ’ըսեն, որ իրենցմով հետաքրքրուած են։ Բայց սխալ չէ եթէ քոյրերն ալ ասիկա ընեն (Հթ. 3։1-13)։ Աւելին գիտնալու համար, տե՛ս «Պատանիները կը հարցնեն. Ինչպէ՞ս կրնամ զգացումներս յայտնել տղու մը» յօդուածը, Զարթի՛ր–ի 22 հոկտեմբեր 2004 թիւին մէջ (արաբ.)։
f Տե՛ս Հաւատքի պայքարին մէջ յաղթողներ. Ամուրի քրիստոնեաներ վիտէոն jw.org կայքին վրայ (արաբ.)։